Jump to content

Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցի (Ճահուկ)

Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տաճար պատմական Մեծ Հայքի Ճահուկ գաւառին մէջ, ներկայիս Ազրպէյճանական Հանրապետութեան Բաբեկի շրջանի Ճահուկ (Ջահրի) գիւղի հիւսիս-արեւելեան թաղամասին մէջ[1]։

Վիճակը 1980-ականներուն կանգուն էր, որմերուն ճաքեր կային։ Սակայն ներկայ պահուն վիճակը անյայտ է։

Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին կառուցուած է 12-13-րդ դարերուն։ Ճարտարապետի եւ պատուիրատուի անունները անյայտ են։

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եկեղեցւոյ հորինուածքը՝ քառամոյթ գմբեթակիր բազիլիկա։ Տաճարը կառուցուած է սրբատաշ եւ կիսամշակ քարով, աղիւսով։ 17 եւ 19-րդ դարուն եկեղեզին վերանորոգուած է։ Մուտքը կը գտնուի հարաւային ճակատին։ Եկեղեցւոյ աբսիդը կիսաշրջանաձեւ է, իսկ մոյթերը՝ ուղղանկիւն։ Կայ աւանդատներու մէկ զոյգ։ Գմբէթը աղիւսաշէն է եւ ութանիստ։

Եկեղեցւոյ հարաւային եւ արեւմտեան ճակատին կան արձանագրութիւններ։ Կան նաեւ 18-19-րդ դարերու որմնանկարներ։ Շրջակայքին եկեղեցին ունեցած է շինութիւններ, որոնք այժմ քայքայուած են։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]