Jump to content

Սուրբ Իգնատիոս

Վաղ քրիստոնէական աւանդութեան համաձայն՝ ան էր այն մանուկը, զոր Յիսուս իր մօտ կը կանչէ, կը կանգնեցնէ աշակերտներուն մէջ եւ կ'ըսէ. «Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի. եթէ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը չէք մտներ։ Արդ, ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ ինչպէս այս մանուկը, երկինքի արքայութեան մէջ ան է մեծը» (Մտթ. 18.3-4): Այս պատճառով զինք կը կոչեն նաեւ Աստուածազգեաց, այսինքն՝ զԱստուած զգեցած-հագած՝ զԻնք իր վրա կրող, Անով պատուած:

           Այս մեծ սուրբը աշակերտած է Ս. Յովհաննէս աւետարանիչին: 98-117 եղած է Անտիոքի եպիսկոպոսը եւ Տիրոջն նուիրած իր երկրային կեանքը աւարտած է նահատակութեամբ:

Ս. Իգնատիոս, Քրիստոսի եկեղեցւոյ երկրորդ եպիսկոպոսը, շատ մեծ հեղինակութիւն վայելած է արեւելքի մէջ, որովհետեւ շատ նամակներ գրած է համայնքներու կամ եկեղեցիներու: Հռոմի Տրայանոս կայսեր (որ ապրած է 98-110 իբրեւ հռոմի կայսր) հալածանքներուն ատեն կը ձերբակալուի Ս. Ինքնատիոս եւ հռոմէական զինուորներու ուղեկցութեամբ կը տարուի Հռոմ եւ հոն ալ կը նահատակուի: Ըստ աւանդութեան՝ ան առիւծներու կեր կըլլայ: Ս. Իգնատիոս երբ կը տարուէր Անտիոքէն Հռոմ ամէն տեղ քրիստոնեաները կը դիմաւորէին զինք, որովհետեւ շատ յայտնի անձ մը եղած է: Անոնք կաշարք կու տային զինուորներուն եւ թոյլտուութիւն կը ստանային տեսակցելու իրեն հետ եւ իր օրհնութիւնն ու խրատները ստանալով կը վերադառնային:

Նամակներ

Իր գրած նամակներէն հասած է միայն եօթն, որոնցմէ մէկը ուղղուած է Ս. Պօղոկարպոսին, իսկ միւսները՝

·       Եփեսոսի եկեղեցւոյ

·       Մաղնէսիոյ եկեղեցւոյ

·       Տրալիոյ եկեղեցւոյ

·       Ֆիլատելֆիոյ եկեղեցւոյ

·       Զմիւռնիոյ եկեղեցւոյ

·       Հռոմի եկեղեցւոյ

Հռոմի Քրիստոնեաներուն ուղղուած նամակին մէջ կը նշուի, որ այդտեղի Քրիստոնեաները կը ձեռնարկեն զինք ազատել, սակայն ինք կը խնդրէ, որ թոյլ տան իրեն, որ Քրիստոսի համար նահատակուի:

Հայ Եկեղեցին Ս. Իգնատիոսը դասած է Սուրբերու շարքին:

Իքնատիոսի վարդապետութիւնն ու աստուածաբանութիւնը

Քրիստոսի եւ մարդու միջեւ առնչութիւն ունեցող կապը եկեղեցին է: Այն կապը, որ Քրիստոսի եւ Հօր Աստուծոյ միջեւ է, նոյնն է ինչ որ է Քրիստոսի եւ մարդուն միջեւ. Հետեւաբար, նոյն կապն է նաեւ եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալին եւ եպիսկոպոսին միջեւ: Ս. Ինքնատիոս կը թելադրէ, որ եպիսկոպոսին դիտեն այնպէս ինչպէս պիտի դիտէին Քրիստոսի: Եպիսկոպոսին անձին մէջ կը տեսնուի եկեղեցւոյ միութիւնը, անոր համար կարեւոր է հնազանդիլ ընդհանրապէս Քահանայական կարգ ունեցողներուն, մանաւանդ՝ եպիսկոպոսին միայն այս ձեւով կարելի է հեռու մնալ բաժանումներէն եւ դէմ դնել հեռետիկոսութիւններուն:

Իրական Ս. հաղորդութիւն գոյութիւն չի կրնար տեղի ունենալ եթէ այդ խորհուրդը չկատարէ եպիսկոպոսը եւ կամ թէ եպիսկոպոսը թոյլատրէ մէկ ուրիշին զայն կատարելու, որովհետեւ եպիսկոպոսը Աստուծմէ ստացած է այդ իշխանութիւնը: Եկեղեցւոյ մէջ թէ՛ քահանաները, թէ՛ սարկաւագները, թէ՛ ժողովուրդը իրենցմէ վեր եթէ ունին մէկը, որմէ պէտք է ուղղութիւն եւ շնորհք ստանան անիկա եպիսկոպոսն է: Ս. ինքնատիոս հայրապետին օրերուն յստակ կը զանազանուին եպիսկոպոսին եւ քահանային դերերը: Կարեւոր է նաեւ, որ Ս. Իգնատիոս երբ իրեն տրուած հարցումներուն կը պատասխանէ պէտք է գիտնալ, որ անիկա տրուած է Աստուծոյ կողմէ: Ս. Իգնատիոս կը զգար, որ ինք կը գրէ Սուրբ Հոգիին ներշնչումով եւ այդ պատճառով ալ յաճախ կ'ըսէ. «կը հրամայեմ»: Իր արարքներուն մէջ կը հանդիպինք «քրիստոնէութիւն», «ընդհանուր եկեղեցի կոչումներուն»: Առաջին անգամ իր նամակներուն մէջ չորս աւետարանիչներու գրածները կը կոչուին «աւետարան»: Ս. Հոգիի մասին երբ կը խօսի, կըսէ. «Աստուածութեան երրորդ դէմքն է եւ որուն միջոցով կ'իրագործուի հաւատացեալներուն փրկութիւնը»: Իր նամակներէն կարելի է քաղել նաեւ նահատակութեան Աստուածաբանութեան հարցը: Ս. Իգնատիոս կոչուած է նաեւ «Ս. Խրիստոֆորոս», որ կը նշանակէ «զՔրիստոս շալկել»:

«Հայրաբանութիւն» Եզնիկ Ծ. Վրդ.Պետրոսյան Ս. Էջմիածին 1996 https://lusamut.net/սուրբ-իգնատիոս-անտիոքացի/ https://www.youtube.com/watch?v=lHQK23qsFfw http://etchmiadzinlibrary.am/hy/events/surb-hayrapetner-ignatiosi-addei-ev-maruta-episkoposi-hisatakutyan-or