Jump to content

Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի (Նիկոսիա)

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի (Նիկոսիա)

Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի (Նիկոսիա), հայ առաքելական եկեղեցի Նիկոսիոյ Ստրուոլոսի համայնքին՝ Կիպրոսի հայկական թեմի եւ «Նարեկ» հայկական վարժարանի[1] դրացնութեամբ։

1976 Սեպտեմբեր 25-ին տեղի ունեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութիւնը Մակարիոս Գ. Արքեպիսկոպոսի եւ Ներսէս Եպիսկոպոս Փախտիկեանի կողմէ։ Եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարուած է 1981 Նոյեմբեր 21-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի եւ Կիլիկիոյ համաօծակից կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի կողմէ։

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին Կիպրոսի միակ եկեղեցին է, որ կառուցուած է հայկական ճարտարապետական ոճով՝ ութանկիւն գմբէթով՝։

Եկենեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Տէր Մոմիկ Հապէշեանն է[2]։ Եկեղեցիին մուտքին վերը գոյութիւն ունի մարմարէ մակագրութիւն։

Շինեցաւ սուրբ եկեղեցիս յանուն Սրբուհւոյ Աստուածածնին ի հայրապետութեան Տ. Տ. Խորենայ Ա. Կաթողիկոսի եւ Աթոռակցի Նորին Տ. Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի եւ յառաջնորդութեան Տ. Զարեհայ Եպիսկոպոսի Ազնաւորեան սրտադիր ջանիւք ամենայն զաւակաց Թեմիս Կիպրոսի, եւ առատապարգեւ օժանդակութեամբ Միացեալ Եկեղեցւոյն Վեսթֆալիոյ եւ ձեռնտուութեամբ բարեխնամ կառավարութեամբ Կիպրոսի ի թուին Հայոց ՌՆԼ. եւ փրկչական 1981 թուին։

1983-1984 թուականներուն կառուցուած է Կիպրոսի թեմի շէնքը, Լակուոս եւ Արտրէաս Ֆիլիպուն ճարտարապետներու կողմէ։ 1984 Մարտ 4-ին բացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]