Jump to content

Սնունդի Թունաւորումը

Սնունդի թունաւորումը շատ հին նիւթ է, եւ եթէ նիւթին փոխանցումը լաւապէսն կազմակերպուած ըլլայ, ապա դիւրութեամբ հասկնալի կը դառնայ հասարակութեան կողմէ։

Թունաւոր սունկեր
Թունաւոր յատապտուղ
Թունաւոր յատապտուղ

Արտադրութեան բաժինին մէջ կը մտնեն առաջին հանգրուանէն (հունտ, փոքր, անասուն) մինչեւ աճման ենթարկուած պտուղը, կանաչեղէնը եւ անասունը։ Բոյսերու պարագային կոյուղիի ջուրերու գործածութիւնը կը նպաստէ, որ աճումը ունենայ արագ ընթացք, որովհետեւ կոյուղիի ջուրը հարուստ է հանքանիւթերով։ Շատեր տակաւին կը գործածեն այս եղանակը գլխաւորաբար կանաչեղէններու պարագային, որպէսզի կարճ ժամանակի ընթացքին արտադրութիւնը բազմապատկեն։ Դժբախտաբար կոյուղիի ջուրին մէջ կան բազմաթիւ մանրէներ, գլխաւորաբար Ի. Գոլի մանրէն, որ վնասակար է, եւ որ լուալէն ետք եւս կը մնայ, քանի որ բոյսին մէջ մուտք գործած կ'ըլլայ։ Բոյսերու այլ խնդիր է պարարտացուցիչ նիւթերու գործածութիւնը։ Այստեղ ժամանակը անցած պարարտանիւթերու վաճառքը երկրագործերուն գոհունակութիւն կու տայ, բայց կը վտանգէ բոյսերու աճման բնականոն ընթացքեը։ Տակաւին, պարարտանիւթերու մեծաքանակ գործածութիւնն ալ կրնայ բազմաթիւ հիւանդութիւններու պատճառ ըլլալ։ Անասուններու աճման հանգրուանը առաւել դժուար է եւ երկար, որ կ'ենթադրէ յաւելեալ նիւթական գումարներ։ Հոս ալ մտահոգութիւնները նոյնն են։ Մորթելու ընթացքին մաքուր միջավայրը կարեւոր է, պէտք է լուացուին մաքուր ջուրով եւ տեղադրուին համապատասխան սառնարաններու մէջ։ Կաթնեղէնի գծով, Պրուսելլա մանրէն կրնայ փոխանցուիլ, եթէ պատրաստութեան արժեչափերը չեն յարգուած։ Նոյնիսկ մեղրի պատրաստութեան ատեն կրնան գտնուիլ մանրէներ, որոնք մէկ տարեկանէն վար փոքրերուն համար թունաւորիչ են։

Այս բոլորէն խուսափիլը դիւրին չէ, սակայն գնում կատարողները բազմաթիւ քայլերու կրնան դիմել կանխարգիլելու համար այս վտանգը։ Արտադրութեան աղբիւրին ստուգումը կարեւոր է, շօշափելով ստուգումը առաւել եւս կ'օգնէ, հոտառութիւնը, զննելը նաեւ այլ միջոցներ են։ Տուփերուն մէջ տեղադրուած արտադրութիւններուն թուականները միշտ ալ պէտք է ստուգուին։


Փոխադրութիւն եւ պատրաստութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրորդը կը սկսի սնունդի փոխադրութենէն մինչեւ պատրաստութիւնը։ Այստեղ հիմնական հարցը առնչուած է մսեղէնին։ Փոխադրութիւնը պէտք է կատարուի յատուկ սառնարաններով եւ սարքերով օժտուած բեռնատարով։ Մսեղէնին մէջ մանրէները կազմուելու եւ բազմանալու բոլոր տուեալները ունին, ու 40 եւ վեր ջերմաստիճանը այաւել եւս կը նպաստէ այդ գործընթացին։ Խոհանոցին մէջ պատրաստութեան եղանակն ալ իր դերը ունի, որովհեսեւ պատրաստող անհատներուն բազմաթիւ մանրէներ կրնան փոխանցուիլ սնունդին։ Մնայուն կերպով ձեռնոցներուն գործածութիւնե կարեւոր է, մինչ ճաշարանները պէտք է տարրալուծարանի նուազագոյն քննութիւնները հերթաբար կատարեն՝ ստուգելու թէ իրենց պաշտօնեաներէն մանրէներ չեն փոխանցուիր պատրաստուած ճաշին։

Սառնարաններու մէջ մթերում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մսեղէնը, կաթնեղէնն ու հաւկիթը սառնարանին մէջ տեղադրելով ուշացուցած կ'ըլլանք անոնց մանրէներուն բազմացումը եւ երկարաձգած անոնց գործածութեան ժամկէտը։ Սառնարաններուն մէջ ջերմաստիճանը պէտք է ըլլայ 0-4 աստիճան։ Վերջապէս, կանխարգիլումը կը մնայ հիւանդութիւններու դէմ պայգարելու լաւագոյն միջոցը...

«Զգոյշ» Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ,Ա.Տարի,թիւ 2,Մայիս 2015,էջ 6-7։