Jump to content

Սիրահարներու Այգի

Սիրահարներու Այգի
Տեսակ պուրակ?
Երկիր  Հայաստան
Վարչատարածք Երեւան
Տեղագրություն Երեւան
Մակերես 1,6 հեկտար
Lua error in Մոդուլ:Wikidata at line 701: Tried to write global coord_mod.
Սիրահարներու Այգիը գտնվում է Հայաստանում
Սիրահարներու Այգի

Երեւանի Սիրահարներու այգի, առաջին եւ միակ ճափոնական այգին է Հայաստանի մէջ[1], որ կը գտնուի Երեւանի Արաբկիր համայնքին մէջ։ Այգիի տարածքին կը գտնուի նաեւ Երեւանի մետրոպոլիտենի «Մարշալ Բաղրամեան» կայարանը։ Սովորական օրերուն այգին կ՚ունենայ 400-500 այցելու[2]:

Պօղոսեան պարտէզները կը հանդիսանան Երեւանի Սիրահարներու այգի իշահագործող կազմակերպութիւնը, իսկ այգիի բարեկարգումը եւ շահագործումը կ՚իրականացուի Ալպերթ Պօղոսեանի նախաձեռնութեամբ՝ Պօղոսեան հիմնադրամի միջոցով։ Այգին կը տնօրինէ ճարտարապետ Սարհատ Պետրոսեանը։ Այգիին մէջ կ՚աշխատի նաեւ Աչաջուր սրճարանը, որմէ ստացած ամբողջ շահոյթը կը տրամադրուի այգիի ծախսերը հոգալուն։

Այգին գոյութիւն ունեցած է դեռեւս 18-րդ դարէն, եւ կոչուած՝ «Կոզեռնի այգիներ». այն ժամանակ ալ տնկուած են այգիի ծառերու մեծ մասը։ 1949-ին ռուս բանաստեղծ Ալեքսանդր Պուշկինի ծննդեան 150 ամեակի շնորհիւ, այգին կ՚անուանուի Պուշկինի այգի, իսկ 1970-ին այգին եւ անոր կից պողոտան (այժմեան եւ նախապէս ալ Մարշալ Բաղրամեան) կը վերանուանուի Բարեկամութեան՝ խորհրդային ժողովուրդներու «եղբայրութիւնը» նշանաւորելու համար։

Հայաստանի անկախութենէն ետք, 1995-ին Երեւանի պատգամաւորներու խորհուրդի որոշմամբ այգին կը վերանուանուի Երեւանի Սիրահարներու այգի։ Այդ անուանումը կու գայ Դեմիրճեան փողոցի ժողովրդական անուանումէն։

2007-ին այգին կը վերակառուցուի իբրեւ ճափոնական այգի եւ Պօղոսեան այգիներու մաս կը կազմէ: Վերակառուցման նախագիծը կ՚իրականացուի զուիցերաբնակ ճարտարապետ, ճափոնական եւ արեւելեան պարտէզներու մասին բազմաթիւ աշխատութիւններու հեղինակ Փիեր Ռամպախի կողմէ, որ մէկուկէս տարուան ուսումնասիրութենէն ետք կը կատարէ էսքիզ, որ կ՚արժանանայ Երեւանի քաղաքապետարանի հաւանութեան[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Պօղոսեան պարտէզներ. Պատմութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-02-03-ին։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ օգոստոսի 23–ին 
  2. «Անկախ.քոմ՝ Սիրահարներու այգիին մէջ կը շարունակուին մանկական ձմեռային խաղերն ու իւրօրինակ տօնածառերու ցուցադրութիւնը» [permanent dead link]
  3. «Տաքսիներ.քոմ՝ Պօղոսեան պարտէզներ»։ արտագրուած է՝ 2011 թ․ օգոստոսի 23–ին [permanent dead link]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]