Սինանեան նուագախումբ

Սինանեան նուագախումբ, «Հայկական նուագախումբ», (1861, Կոստանդնուպոլիս):
Սինանեաններու նախաձեռնութեամբ կազմուած այս նուագախումբը սկզբնական շրջանին համոյթային էր՝ երկու ջութակ, կրկնակի թաւջութակ (քոնթրապաս), սրինգ, աւագասրինգ (clarinet), երկու թրոմպոն։
Աւելի ուշ թիւը հասած 15-ի, իսկ 1888-էն՝ 40 երաժիշտներէ բաղկացած նուագախումբի, խմբավար ունենալով Յարութիւն Սինանեանը։
Նուագախումբը հայկական առաջին մեծ համանուագային խումբն է (թէեւ ժամանակագրական առումով հայ, մասնաւորապէս՝ պոլսահայ իրականութեան մէջ անոր նախորդած է Կարապետ Փափազեանի նուագախումբը, որ, սակայն, սպասարկելով «Արամեան թատրոնին», ունեցած է իր նուագացանկային եւ կատարողական իւրայատկութիւնը)։
Սինանեան նուագախումբը լուսաւորական լայն գործունէութիւն ծաւալած է։
Նուագացանկը ընդգրկած է հատուածներ իտալական օփերաներէ եւ ֆրանսական օփերեթներէ, հայկական, յունական, թրքական երգերու ու պարեղանակներու նուագախմբային փոխադրումներ, հետագային նաեւ՝ Պեթհովէնի եւ Մոցարթի, ինչպէս նաեւ Տիգրան Չուխաճեանի եւ Յ․ Սինանեանի համանուագային երկեր։
Նուագախումբը գոյատեւած է մինչեւ 1896 թուական։