Սթանոզ
| Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Սթանոզ (Stanoz, Stanos, Istanos, այժմ՝ Yenikent) Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի կեդրոնէն կէս ժամ հեռաւորութեան գտնուող գիւղ:
Սթանոզ գիւղը բաժնուած էր երկու հատուածի՝ բարձր եւ ստորին, որ իւրաքանչիւրն ունէր իր աղբիւրն ու կամուրջը: Գիւղը կար չորս թաղամաս. երկուքը` աւելի բարձր հատուածին եւ մնացածը` ներքեւի մասին: Ստորին թաղամասերէն մեկը, որ կը կոչուէր Հաճի Խոդէ թաղամաս: Հոն կը գտնուէր բազմայարկ քարէ տուներ՝ Սաքարիա գետի վտակի ափին: Կարգ մը հայեր հոն կը մեծցնէին մետաքսէ որդերը: Գիւղի քառորդի վերջը կար գերեզմանատուն, իսկ անոնցմէ դուրս՝ պտղատու այգիները:
Այդ ժամանակներ Սթանոզ հասնելու համար Անգարա հասնելէ յետոյ Սինջան / Սինչանէն ձիասայլ կ'առնուէր: Երկու կողմէն բլուրներով եւ քարքարոտ լեռներով շրջապատուած ըլլալով՝ Սթանոզն ունէր աւելի մեղմ կլիմայ, քան Անգարան: Անգարա բնակող եւ հոն աշխատանք ունեցողները հանգստանալու համար կ'երթային Սթանոզ: Սթանոզի բնակիչներուն մէկ մասը Անգարայի մէջ ունէին իրենց գրասենեակներն ու պահեստները, ուր անոնք իրենց առեւտուրը Եւրոպայի հետ կը վարէին: Անգարա ժամանած հայերը վաճառականներ էին, որոնց մէկ մասը՝ հարուստ: Անգարայի մէջ յոյները, հրեաները եւ հայերը կ'ապրէին առանձին թաղամասերու մէջ: Սթանոզի հայերուն մէկ մասը բողոքականներ էին եւ անոնցմէ ոմանք կը բնակէր Սեսմէ կամ Հիսարէօնիւ կոչուող տարածքին մէջ, ուր կը գտնուէր հիւպատոսարանի բոլոր շէնքերը եւ Օսմանեան դրամատունը:
Ըստ այս համայնքէն Օտեանի ընտանիքի լեգենդը կ'ըսէր, որ իրենց նախահայր Օտա Ամատունին եւ անոր հետեւորդները ծագումով Անի հին քաղաքէն էին, որ ժամանակին եղած է Բագրատունի Հայաստանի մայրաքաղաք: Անոնք հաստատուած էին Անգարայի շրջանը՝ իրենց հայրենի պատերազմներէն խուսափելէ յետոյ: Անգարայի ճանապարհին անոնք կանգ առած էին Վասպուրականի Վորտան շրջանը եւ այդ շրջանէն իրենց հետ բերած էին երկար մազերով ոչխարներու եւ այծերու յատուկ ցեղեր: Անոնք կառուցեցին առեւտուր՝ այս կենդանիներու երկար եւ փափուկ մազերը հիւսելով, որ կը փոխանցուէր սերունդէ սերունդ: Սթանոզի ընտանիքներուն մեծ մասը իրենց ապրուստը կը վաստակէին կամ հիւսելով կամ մետաքսագործութեամբ: Անոնց առանձնայատկութիւնը փափուկ կտոր էր, որ կը կոչուէր փափուկ (սօֆ), որ կ'արտահանուէր Մեքքա, Մետինա, Ճետտա, Եաֆա, Եգիպտոս եւ Պոլիս: Այն կը կոչուէր Էնկիւրիւ Սօֆու(Engürü Sofu) եւ կ'օգտագործուէր մահմետական հոգեւորականներու հագուստ պատրաստելու համար: Անգարայի ոչխարներէն եւ այծերէն ստացուած բուրդը կ'արտահանուէր նաեւ ամբողջ Եւրոպա՝ Վենետիկ, Լիվորնօ, Ամսդերտամ, Պելճիքա եւ Սքոթլանտա:
1915-ի Ապրիլին Սթանոզ լուր տարածուեցաւ, որ Պոլիսէն խումբ մը մտաւորականներ Անգարա եւ յարակից Սինջան գիւղի բանտերէն բերուած էին՝ Չանկիրի բանտ արտաքսելու համար: Անոնց մէջ կային հայ անուանի մտաւորականներ ու նշանաւորներ: Անոնցմէ ոմանք, ի վերջոյ, յետ ուղարկուեցան Պոլիս, իսկ միւսներու մեծ մասը անորոշ ճակատագիր ունեցաւ Անգարայի շրջանի հովիտներուն եւ կիրճերուն մէջ:
1915-ի Օգոստոսէն սկսելով՝ Սթանոզի եւ Անգարայի հայերը տեղահանուեցան եւ կոտորուեցան: Մէկ մասը փախուստի դիմեց՝ օրերով թաքնուելով իրենց տուներուն մէջ: Այն ընտանիքները, որոնք որդի ունէին Օսմանեան բանակին մէջ, կ'ազատէին տեղահանութենէն, մինչեւ իշխանութիւնները կը կարողանային աւարտել բանակի հայ զինուորներու մեծ մասի լիցքաթափումն ու մահապատիժը:
Ողջ մնացածներէն ոմանք փախած են Պոլիս եւ ռազմական գործողութիւններու աւարտին ապահոված են ամերիկեան վիզա: Բայց 1918 թուականէն յետոյ հայ փախստականներու համար ԱՄՆ քվոտան զգալիօրէն նուազեցաւ եւ վերապրածները ստիպուած էին որոնել նոր ուղղութիւններ: 1921-1922 թուականներուն Անգարա եւ Սթանոզ մնացած հայերը, այդ կարգին՝ յունա-թրքական պատերազմի ընթացքին բախուեցան տեղահանութիւններու եւ ջարդերու հերթական փուլին:
Սթանոզցիներու համայնք մը արդէն հաստատուած էր Ֆրանսա՝ աշխատելու տարածաշրջանի մետաքսի արտադրութեան արդիւնաբերութեամբ:
Հիմա միակ հայ մը կ'ապրի Սթանոզի մէջ: