Սարկասօ ծովը
Արտաքին տեսք
Սարկասօ ծովը, կը գտնուի Ատլանտեան ովկիանոսին կեդրոնական մասին մէջ: Ծովը արեւմուտքէն կը սահմանափակուի «Կալֆ սթրիմ»ով, հիւսիսէն՝ Հիւսիս ատլանտեան հոսանքով, արեւելքէն՝ Քանարեան հոսանքով, իսկ հարաւէն՝ Հիւսիս ատլանտեան հասարակածային հոսանքով. չորսը միասին կը կազմեն ժամացոյցի սլաքի ուղղութեամբ շրջանառուող համակարգ մը։ Ովկիանոսին հոսանքները կը կոչուին Հիւսիսային Ատլանտեան շրջան:
Սարկասօ ծովը միակ ծովն է, որ ծովափ չունի: Այս ծովը կը գտնուի Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ, ունի մօտաւորապէս 1000 քմ լայնք եւ 3200 քմ երկայնք: Ան նշանաւոր է Սարկասում կոչուած ջրախոտով մը, եւ` օձաձուկերով, որոնք կը ցատկեն անոր ջուրերուն մէջ եւ հետագային հազարաւոր քիլոմեթրեր կը կտրեն` հոն վերադառնալու եւ իրենց հաւկիթները ածելու[1]: