Jump to content

Սապահըտտին

Սապահըտտին (1879-1948), թուրք հասարակական-քաղաքական գործիչ, Երիտթուրքերու շարժման հիմնադրիներէն եւ ղեկավարներէն մէկը, Սուլթան Ապտուլ Համիտի Բ.-ի զարմիկը։ Հայրը, ով ծագումով քրիստոնեայ էր, «զուլումի» տարիներուն փախած է Ֆրանսա։ Սապահըտտին դարձած է հոն գործող երիտթուրքերու ղեկավարը։ Անգլիասէր էր. յոյս ունէր Մեծն Բրիտանիոյ օգնութեամբ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրագործել ժողովրդական յեղափոխութիւն մը։ Օսմանեան կայսրութեան յետամնացութեան պատճառ համարած է պետական սեփականութեան տիրապետութիւնը եւ պայքարած մասնաւոր սեփականութիւնը տարածելու համար։

Ազգային հարցերու մէջ՝ լայն ինքնուրոյնութիւն շնորհելու կողմնակից եղած է, ընդհուպ մինչեւ ազգային ծայրամասերուն ինքնավարութիւն ուզած է տալ եւ իրաւահաւասար պետական կազմաւորումներու դաշնակիցներ ստեղծել։ Սերտ կապեր ունեցած է հայ քաղաքական շրջանակներու հետ։ Սապահըտինի ջանքերով հնարաւոր դարձած է երիտթուրքերու ժամանակաւոր դաշինքը ոչ թուրք, ժողովուրդներու հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններու հետ։ Երիտթուրքերու շարժման պառակտումէն ետք անոր անդամներու մեծ մասը համախմբուած է Սապահըտտինի շուրջ եւ ստեղծած «Մասնաւոր նախաձեռնութեան եւ ապակեդրոնացման ընկերութիւնը»։ Սապահըտտին պաշտպանած է օտարերկրեայ միջամտութեան անհրաժեշտութեան գաղափարը։

Անգլիացիներու օգնութեամբ փորձած է դաւադրութիւն կազմակերպել Ապտուլ Համիտ Բ.-ի դէմ, սակայն չէ յաջողած։ 1908-ի յեղաշրջման հետեւանքով, երբ իշխանութիւնը գրաւած է երիտթուրքերու ազգայնական թեւի ներկայացուցիչները, Սապահըտտին փախած է Եւրոպա։ 1918-ի վերջերուն փորձած է վերադառնալ քաղաքական ասպարէզ, սակայն, յաջողութիւն չգտնելով, հաստատուած է Զուիցերիա։

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։