Jump to content

Սան Սերվանտոյի Ամրոցը

Սան Սերվանտոյի ամրոց (սպ.՝ castillo de San Servando), միջնադարեան ամրոց Սպանիոյ Թոլետօ քաղաքի՝ Թախօ գետի արեւելեան ափին վրայ: Տեղակայուած է Թոլետոյի Ալքասարին դիմաց: Հիմնադրուած է 14-րդ դարուն որպէս վանք, որ նախապէս պատկանած է վանականներուն, ետքը անցած է Տաճարականներու միաբանութեան տիրապետութեան տակ:

1874 թուականին ամրոցը յայտարարուած է որպէս ազգային յուշարձան: Ան գծուած է Էլ Կրեքոյի «Տեսարան Թոլետոյէն» նկարին մէջ:

Ամրոցին հիմքը ուղանկիւնաձեւ է: Անոր երեք անկիւնները տեղակայուած են աշտարակներ, իսկ չորրորդ միջանկեալ աշտարակը կը գտնուի հարաւային պատին վրայ եւ կը պաշտպանէ ոչ շատ մեծ դարպասները: Ամրոցին գլխաւոր դարպասները կը գտնուին քաղաքին կողմը: Անոնց ետեւը կը գտնուին Երդման աշտարակը (Torre del homenaje), որ բոլոր աշտարակներէն ամենամեծն է, կը գտնուի արեւելեան կողմը եւ ունի ձուաձեւ հիմք: Աշտարակներուն պատուհանները զարդարուած են աղիւսներով եւ բարձրաքանդակներով:

Ամրոցը կը գտնուի բլուրի վրայ: Իր ռազմավարական նշանակութեան շնորհիւ այս տարածքին մէջ պաշտպանական կառոյցներ շինուած են Թոլետոյի հիմնադրումէն անմիջապէս յետոյ. անոնք կը ձգեն վերահսկել ճանապարհները դէպի Ալքանթարա կամուրջը, գետը եւ ջրանցքը: Ըստ հնագիտական տուեալներու՝ նախապէս այդտեղ եղած է հռոմէական ամրոց: Հետագային կառուցուած է Ուեսթկոթական եկեղեցի, իսկ աւելի ուշ՝ արաբական ամրոցը: Մահմետական ամրոցին հիմքը (ուղղանկիւնաձեւ աշտարակներով) ներկայիս ծածկուած են հողով:

1085-ին Թոլետօն կրկին կ'անցնի Ալֆոնզօ VI թագաւորի տիրապետութեան տակ, որ իր կնոջ՝ Քոնսթանս Պուրկունտային հետ ձեռնմուխ կ'ըլլայ վանքի վերանորոգման աշխատանքներուն[1]: Ամրոցը կը վերածէ պաշտպանական կառոյցներով ամրացուած վանքի (չափերով աւելի փոքր, քան նախորդ արաբական ամրոցը) եւ կը նուիրէ Սերվանտօ եւ Կերման սուրբերուն ի նշան երախտագիտութեան անոնց, որ փրկած են իրեն Սագրախասի ճակատամարտին: Ճոն Օրմսպին, որ անգլերէն թարգմանած է Միկել Սերվանթեսի «Տոն Քիխոթ» վէպը, կը գրէ, Ալֆոնզօ VI-ը. ամրոցը կոչած է սպանացի նահատակ Սան Սերվանտոյի պատիւին: Հետագային անունը կ'ենթարկուի փոփոխութեան՝ դառնալով Սան Սերվան, Սան Սերվանթես եւ Սան Գերվանթես (San Cervantes):

11 Մարտ 1088-ին թագաւորը վանքը կը յանձնէ Հռոմի պապի ենթակայութեան այն պայմանով, որ ան մշտապէս պիտի գտնուի Սուրբ Վիքթորի աբբայութեան վերահսկողութեան տակ: Այդ պայմանը կ'ընդունուի Ուրպանոս II պապի կողմէ: Վերջինս վանքի կառավարիչ կը նշանակէ քարտինալ Ռիչըրտին, որ Սուրբ Վիքթորի աբբայութենէն էր: Ատկէ ետք սպանական վանքը կ'անցնի ֆրանսացի վանականներուն ձեռքը:

Ալֆոնզօ թագաւորը Սան Սերվանտոյի վանքը կը համարէր որպէս տարածաշրջանին քրիստոնէութեան պահպանման միջոց: 13 Փետրուար 1099-ին ան նուիրատուութիւն կ'ընէ Սանթա Մարիա տէ Ալֆիզեն վանքին եւ անոր միութեան: Հետագային ան վանքին կից կը հիմնէ Պենետիքդեան միանձնուհիներու վանքը: Այդ երկու վանքերուն կը յանձնարարուի անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերել տարածաշրջանին մէջ ապրող աղքատներուն եւ ճանապարհորդներուն[1]:

Սան Սերվանտոյի ամրոցը Էլ Կրեքոյի «Տեսարան Թոլետոյէն» նկարին մէջ (ձախ կողմը)

Վանքը աւերակի վերածուած է 1110 թուականին սարաքինոսներուն կողմէ, եւ վանականները հեռացած են Մարսել: Վանքը անցած է Թոլետոյի արքեպիսկոպոսութեան ձեռքը: Ալֆոնզօ VIII թագաւորը վանքը յանձնած է Տաճարականներու միաբանութեան, որ վանքը դարձուցած է ամրոց, եւ Փուենթէ տէ Ալքանթարան կը պաշտպանէր մահմետականներուն հնարաւոր յարձակումներէն: Մահմետականներուն յարձակման սպառնալիքի վերացման եւ 1312 թուականին Տաճարականներու միաբանութեան վերացումէն ետք վանքը կորսնցուցած է իր նշանակութիւնը եւ լքուած է:

14-րդ դարուն՝ Փետրօ I Տաժանի եւ Էնրիքէ Եղբայրասպանի հակամարտութեան ժամանակ, ամրոցը կրկին ունեցած է ռազմական նշանակութիւն, եւ արքեպիսկոպոս Թենորիոն յանձնարարած է վերակառուցել զայն: Վերակառուցման աշխատանքները աւարտած են 1386-ին: Այդ ժամանակին կը պատկանին այն կառոյցները, որ կը պահպանուին ներկայիս:

1857-ին ամրոցին մէջ կառուցուած է վառոդի նկուղ: 1873-ին ամրոցը ծախուած է 3000 փեսետով: Այդ պատճառով ալ 1874-ին Յուշարձաններու յանձնաժողովին կողմէ ամրոցը յայտարարուած է ազգային պատմագեղարուետսական յուշարձան՝ դառնալով Սպանիոյ առաջին ամրոցը, որ ստացած է նման կարգավիճակ:

Ամրոցը վերակառուցուած է 1959-ին: Վերակառուցողական աշխատանքներուն ընթացքին կառուցուած է եւս մէկ աշտարակ եւ բացուած է նոր մուտք: Ատկէ ետք ամրոցին մէջ եղած են քոլէճ, համալսարանական հանրակացարան եւ այլն: Ամրոցին մէջ կ'ըլլան նաեւ պտոյտներ, որոնց ընթացքին այցելուներուն կը ներկայացուի ասպետ Տոն Նունօ Ալվեարին յօրինուած պատմութիւնը[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Fita Fidel (25 May 1906) [July–September 1906]։ «Cuaderno IV»։ El monasterio toledano de San Servando en la segunda mitad del siglo XI։ Boletín de la Real Academia de la historia (իսպաներեն)։ Tomo XLIX։ էջեր 280–331 
  2. «La muerte de Don Nuño Alvear, una leyenda templaria de Toledo»։ LeyendasDeToledo.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-04-27-ին։ արտագրուած է՝ 2016-09-03 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]