Սանասարեան տուն

«Սանասարեան տուն»ը կառուցուած է 1881ին, հայ վաճառական եւ բարերար Մկրտիչ Սանսարեանի կողմէ, Կարինի մէջ գտնուող նոյնանուն դպրոցին համար եկամուտ ապահովելու նպատակով: Շէնքին կառավարման իրաւունքը յանձնուած է Սանասարեան հիմնադրամին, իսկ հիմնադրամին ղեկավարումը՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքին:

Անգարա շէնքը բռնագրաւեց 1930-ականներու երկրորդ կիսուն եւ սկսաւ զայն օգտագործել իբրեւ ոստիկանութեան շէնք, իսկ այնուհետեւ հոն հաստատուեցաւ տնտեսական դատարանը:

Թուրքիոյ կառավարութեան կից՝ Հիմնադրամներու գլխաւոր վարչութիւնը Պոլսոյ «Սանասարեան տան» շէնքը 35 տարիով վարձու տալու հարցին գծով յայտարարութիւն տարածեց 2020 թուականի 24 Յունուարին՝ նշելով, որ դատական գործընթացի աւարտէն առաջ առնուած այդ քայլը արդարութեան դէմ առնուած քայլ մըն է:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծուի, որ նման քայլեր որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ այդ կառոյցին նկատմամբ հայ համայնքին իրաւունքները վերականգնելու պահանջին վրայ:


Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատրիարքարանը Կը Խոստանայ Շարունակել «Սանասարեան Տան» Վերատիրանալու Պայքարը[permanent dead link]

«Սանասարեան Տան» Հարցով Դիմեց Թուրքիոյ Մշակոյթի Նախարարին[permanent dead link]

ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ՊԱՂԱՐԻՒՆ

Հայութիւնը Կը Պայքարի Սանասարեան Տունը Համայնքին Վերադարձնելու Համար