Jump to content

Սահակ Ա. Քհնյ. Արապաթլեան

Աւագանի անունով՝ Յարութիւն, ծնած է Կեսարիա,1875-ին։

Յաճախած է տեղւոյն«Կիւմշեան»բարձրագոյն նախակրթութիւնը եւ շրջանաւարտ եղած է 1892-ին։

Համիտեան ջարդերէն ազատուած՝ Յարութիւն ուսուցչութեան պաշտօնի կոչուած է իր աւարտած վարժարանին մէջ։

Տարիներ ետք, իր ուսուցչական ասպարէզին մէջ անձնուէր ծառայութեան արձականգը հասած է Կ.Պոլսոյ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան Ուսումնական խորհուրդին, որ 1912-ին յատուկ վկայականով մը արտօնած է իրէն Ազգ.բոլոր վարժարաններուն մէջ կրթական պաշտօն վարելու։

1914-ի զօրակոչին, զինուորական ծառայութեամբ ղրկուած է Գաղատիա։ Բանակի ծառայութիւնը աւարտած է 1919-ին զինադադարին։ Իր ժողովուրդին վերադարձած՝ անմիջապէս նոր պաշտօնի կոչուած է։ Ազգ. Որբանոցի տնօրէնութիւնը վստահուած է իրէն, միաժամանակ պարապած է կրթական ու դաստիրակչական աշխատանքներով։

1921-ին, դարձեալ հրաւիրուած է ուսուցչական պաշտօնին«Կիւմշեան»վարժարանին մէջ, ուր պաշտօնավարած է մինչեւ1924։

Տարի մը ետք, վերջապէս փոխադրուած է Հալէպ եւ հրաւիրուած՝ ուսուցչական պաշտօնի Կիլիկեան նպաստից Միութեան Վարժարանին մէջ։

Պսակուած է հայրենակից օրիորդի մը հետ եւ բախտաւորուեցաւ չորս զաւակներով։

Հակառակ այս թշուառ վիճակին, ան ուսուցչական կոչումին թելադրութեամբ, շարունակած է կրթական առաքելութիւնը։

Առաջնորդ՝ Տ.Սուրէն Մ.Արք.Գաթարոյեանի ի յիշատակ իր հոր Ս.Քհնյ