Ռոբերտ Մարգարեան

Ռոբերտ Մարգարեան
Ծնած է 1969
Ծննդավայր Թեհրան
Քաղաքացիութիւն Թեհրան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ազդած է Հայ ժողովուրդը
Կարողութիւն Կը հիմնէ Լիբանանի առաջին երգի-նուագի համոյթը, «Սայեաթ-Նովա» անունով:
Աշխատավայր Աւարտած է գիտական Ֆաքիւլթէի բնագիտութեան ճիւղը
Տնօրէն Իրանի Իսլամական Հանրապետուդեան Ռատիօ-Հեռուստատեսութեան Հայերէն բաժնի հաղորդումներուն

Ռոբէրտ Մարգարեան (ծն.՝1969, Թեհրան), հայ բանաստեղծ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նոր սերունդի խոստմնալից գրողներէն Ռ. Մարգարեան ծնած է Թեհրան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն ալիք, Գոհար եւ Քուշէշ-Մարիամեան դպրոցներուն մէջ, իսկ բարձրգոյն ուսումը, Թեհրանի համալսարանին մէջ։ Աւարտած է գիտական Ֆաքիւլթէի բնագիտութեան ճիւղը։ Ներկայիս տնօրէնն է Իրանի Իսլամական Հանրապետուդեան Ռատիօ-Հեռուստատեսութեան Հայերէն բաժնի հաղորդումներուն։

Գործեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրել սկսած է 1983-ին։ Իր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են Թեհրանի «Ալիք», Հայաստանի «Ուրբաթ» թերթերուն եւ Ամերիկայի «Նաւասարդ» ամսագրին մէջ։ Ջբաղած է նաեւ արուեստի քննադատութեամբ եւ այս ուղղութեամբ յօդուածներ ստորագրած՝ «Ալիք» օրաթերթին մէջ։ Հրատարակութեան համար պատրաստ ունի իր բանաստեղծութիւններու անդրանիկ հատորը կեանքը «Զարկուած Թռչնի Թեւերի Վրայ» վորագրին տակ։ Կատարած է Թարգմանութիւններ իրանցի բանաստեղծներէ ու նաեւ Ֆրանսացի յայտնի բանաստեղծ Ժաք Փռէվէռէն։ Երիտասարդ բանաստեղծը ինքնատիպ ոճով եւ հարազատօրէն կը պատկերացնէ ներկայ դարու մարդկութեան սպառնացող վտանգները, եւ կը բաժնէ աղէտեալին վիշտը։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[1]

  1. Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ 104։