Ռազմական վարդապետութիւն
Ռազմական վարդապետութիւն‘ յայտարարութիւն (վարդապետութիւն) պետութեան քաղաքականութեան մասին իր պաշտպանութեան ոլորտին մէջ։
Ռազմական վարդապետութիւն‘ պաշտօնական հայեացքներու եւ դրոյթներու համակարգ, որ կը սահմանէ ռազմական շինարարութեան ուղղութիւնը, պետութեան, հասարակութեան եւ զինուած ուժերու պատրաստութիւնը պատերազմի, անոր վարելու ձեւերն ու միջոցները։ Ռազմական վարդապետութեան հիմնական դրոյթները կը կազմուին եւ կը փոխուին կախուած քաղաքականութենէն եւ հասարակական-տնտեսական կարգէն, արտադրողական ուժերու զարգացման մակարդակէն, նոր գիտական ձեռքբերումներէն եւ սպասուող պատերազմի բնոյթէն։
Սահմանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Պաշտպանական անվտանգութիւն»՝ աւելի լայն հասկացութիւն, քան «ռազմական անվտանգութիւն»։ Ան կ'ապահովուի ամբողջ պետութեան եւ շրջաններու (նահանգներու, մարզերու, տարածաշրջաններու) ջանքերով կամ պետութեան եւ երկրի, հաշուի առնելով ո՛չ միայն ռազմական, այլ նաեւ տնտեսական, տեղեկատուական եւ այլ գործօններ։
Վարդապետական հարցերը այս կամ այն ձեւով կը գտնեն արտացոլում տարբեր փաստաթուղթերու մէջ.
- Սահմանադրութիւն,
- Ազգային անվտանգութեան հայեցակարգ,
- Արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգ,
- տարբեր օրէնսդրական փաստաթուղթեր՝ խաղաղ եւ ռազմական ժամանակ («Անվտանգութեան օրէնք», «Պաշտպանութեան օրէնք», «Զինուորական պարտականութեան եւ զինուորական ծառայութեան մասին օրէնք» եւ այլ);
- մարտական եւ ընդհանուր զինուորական փաստաթուղթերու մէջ։
Վարդապետական հարցերու կարեւորագոյնները կը կուտակուին ռազմական (պաշտպանական) վարդապետութեան հիմունքներուն մէջ, օրինակ՝
- Անվտանգութեան սպառնալիքներ եւ անոնցմէ բխող պաշտպանական խնդիրներ,
- Ռազմական (պաշտպանական) վարդապետութեան քաղաքական եւ իրաւական հիմունքներ,
- Ռազմավարական հիմունքներ ռազմական (պաշտպանական) վարդապետութեան,
- Ռազմական-տնտեսական եւ ռազմական-տեխնիկական հիմունքներ ռազմական (պաշտպանական) վարդապետութեան։
Որպէս պետութեան մէջ ընդունուած պաշտօնական հայեացքներու համակարգ՝ ռազմական վարդապետութիւններ կան իւրաքանչիւր պետութեան մէջ։
Վարդապետութեան սահմանումը[1]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ՆԱԹՕ-ի կողմէ տրուած վարդապետութեան սահմանումը, որ անփոփոխ կերպով կը գործածուի անդամ բազմաթիւ երկիրներու կողմէ, հետեւեալն է.
«Հիմնարար սկզբունքներ, որոնցմով զինուորական ուժերը կ'առաջնորդեն իրենց գործողութիւնները՝ ի նպաստ նպատակակէտերու իրագործման: Անիկա հեղինակաւոր է, սակայն կիրարկման ընթացքին կը պահանջէ հայեցողութիւն»:
1998-ին Քանատական բանակը յայտարարեց.
«Զինուորական վարդապետութիւնը զինուորական գիտելիքի եւ մտքի պաշտօնական արտայայտութիւնն է, զոր բանակը կ'ընդունի որպէս տուեալ ժամանակաշրջանի համար համապատասխան: Անիկա կը ներառէ հակամարտութեան բնոյթը, բանակի պատրաստութիւնը հակամարտութեան համար եւ յաջողութեան հասնելու նպատակով պայքարի մէջ մտնելու մեթոտը... անիկա նկարագրական է եւ ոչ թէ թելադրական՝ կիրարկման մէջ պահանջելով դատողութիւն: Անիկա չի հաստատեր քարացած դաւանանք (տոկմա) կամ գործողութիւններու ստուգացանկ, այլ աւելի շուտ հեղինակաւոր ուղեցոյց մըն է, որ կը նկարագրէ, թէ բանակը ինչպէ՛ս կը մտածէ մարտի մասին, եւ ոչ թէ՝ թէ ինչպէ՛ս պէտք է մարտնչիլ: Հետեւաբար, անիկա կը փորձէ ըլլալ բաւարար չափով որոշակի՝ զինուորական գործունէութիւնը ուղղորդելու համար, բայց նաեւ բաւարար չափով ճկուն՝ զանազան իրավիճակներուն յարմարելու համար»:
1948-ին ԱՄՆ Օդուժի Օդային համալսարանի անձնակազմի ուսումնասիրութիւնը զինուորական վարդապետութիւնը գործնականապէս սահմանեց որպէս՝ «այն հասկացողութիւնները, սկզբունքները, քաղաքականութիւնները, մարտավարութիւնները, թեքնիքները, փորձառութիւնները եւ ընթացակարգերը, որոնք էական են մարտական եւ սպասարկող ստորաբաժանումներու կազմակերպման, մարզման, սպառազինման եւ կիրարկման արդիւնաւէտութեան համար»:
2016-ին գրուած ԱՄՆ բանակի էսսէի մը մէջ նմանապէս զինուորական վարդապետութիւնը սահմանուեցաւ որպէս՝ «բաղկացած մարտավարութիւններէ, թեքնիքներէ եւ ընթացակարգերէ (TTPs)»:
2005-ին, Լոնտոնի Քինկզ Քոլէճի Պաշտպանական ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքէն Կերի Շեֆիլտը մէջբերեց Ճ. Ֆ. Ք. Ֆուլըրի 1923-ի սահմանումը, ըստ որուն վարդապետութիւնը «բանակի կեդրոնական գաղափարն է»:
1965-ին խորհրդային «Զինուորական հիմնական եզրոյթներու բառարանը» զինուորական վարդապետութիւնը սահմանեց որպէս՝ «պետութեան կողմէ պաշտօնապէս ընդունուած գիտականօրէն հիմնաւորուած տեսակէտներու համակարգ՝ ժամանակակից պատերազմներու բնոյթի եւ անոնց մէջ զինուալ ուժերու գործածութեան վերաբերեալ... Զինուորական վարդապետութիւնը ունի երկու երեսակ (ասպեկտ)՝ հասարակական-քաղաքական եւ զինուորական-թեքնիք»: Հասարակական-քաղաքական կողմը «կ'ընդգրկէ մեթոտաբանութեան, տնտեսական ու ընկերային հիմքերու եւ պատերազմի քաղաքական նպատակներու վերաբերեալ բոլոր հարցերը: Անիկա որոշիչ եւ աւելի կայուն կողմն է»: Միւս կողմը՝ զինուորական-թեքնիքը, պէտք է համապատասխանէ քաղաքական նպատակներուն: Անիկա կը ներառէ «զինուորական կառոյցի ստեղծումը, զինուալ ուժերու թեքնիք վերազինումը, անոնց մարզումը, գործողութիւններու եւ ընդհանուր պատերազմի վարման ձեւերու ու միջոցներու սահմանումը»:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (անգլերեն) Military doctrine, 2026-01-11, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Military_doctrine&oldid=1332366336, վերցված է 2026-01-12