ՌԱԿ մամուլ

ՌԱԿ մամուլ, Պաշտօնական Լրատուական Կայք եւ պաշտօնական օրկան՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.-ի)։

Հիմնադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմական[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ունեցած է քաղաքական, լրատուական, մշակութային եւ մարզական հարուստ բովանդակութիւն։

Առաքելութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ։

Արդիակական համացանցային արուեստագիտութիւնը ինչպէս նաեւ օրէ օր աճող մեր ելեկտրոնային հասցէացանկը, որ կ՛ընդգրկէ աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրեր բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ, առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան։

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր գաղած հայկական լուրերը մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են հայկական լուրի, ինչպէս նաեւ ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան։

Խմբագրական Կազմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Պատասխանատու Խմբագիր՝ ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
  • Խմբագրական Կազմ՝
    • ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)
    • ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ-ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ (Երեւան, Հայաստան)
    • ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)
    • ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)
    • ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)
    • ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)
    • ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)
    • ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)
  • Վարչական Պատասխանատուներ՝
    • ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ
    • ԿԱՍԻԱ ԹՈՓՈՒՇԵԱՆ

Նշումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Kevork Yazdjian, Lebanese-Armenian press in 2002, Yerevan, 2004, 47 p. ISBN 99930-4-293-5

Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]