Jump to content

Պորիս Աճէմեան

Պորիս Աճէմեան
Ծնած է Մարսէյլ, Ֆրանսա
Մասնագիտութիւն պատմաբան
Գործունէութիւն ՀԲԸՄ-ի «Նուպար» գրադարանի տնօրէնը

Պորիս Աճէմեան պատմաբան, ՀԲԸՄ-ի «Նուպար» գրադարանի աւանդապահ տնօրէնը: Պատասխանատու խմբագիրն է «Études Arméniennes Contemporaines»-ին եւ խմբագրակազմի անդամ է «Vingtième Siècle: Revue d’histoire»-ի:

Դոկտոր Պորիս Աճէմեան «École des Hautes Études en Sciences Sociales» ուսումէն ետք, պատմութԵան դոկտորականը պաշտպանած է 2011-ին՝ Նափոլիի «L’Orientale» համալսարանին մէջ: ներկայիս իր հետազօտութիւնները կեդրոնացած են սփիւռքի, ներգաղթի եւ զանգուածային բռնութեան պատմութեան եւ յիշողութիւններու վրայ:

Ես պէտք է նշեմ, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մութեան մաս­նա­գէտ մը չեմ։ Սա­կայն իբ­րեւ Նու­պա­րեան Գրա­դարա­նի տնօ­րէն շատ նպաս­տա­ւոր դիրք մը կը գրա­ւեմ դի­տելու հա­մար այս փո­փոխու­թիւննե­րը։ Եւ այս յա­ռաջ­դի­մու­թիւննե­րը հե­տազօ­տու­թեան նկատ­մամբ [1]։
- Փարիզի «Նուպար» գրադարանի տնօրէն Պորիս Աճեմեան


Հրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտոր Պորիս Աճէմեան գլխաւոր խմբագիրն է ակադեմիական երկլեզու «Etudes Armռniennes Contemporaines» հանդէսի: Ան Եթովպիայի հայերու վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւնները կը սկսի 1997 թ.-ին եւ կ'արտէ 2013 թուականին՝ «La Fanfare du Négus: Լes Arme՛niens en Ethiopie (19e-20e sieՙcles» (Հայերը Եթովպիոյ մէջ 19-20-րդ դարերուն) հատորինՙ հրատարակուած 2013-ին[2]: Հեղինակն է շարք մը այլ գիտական յօդուածներու:

« Lieux Dits » հրատարակչատունը լոյս ընծայեց ՀԲԸՄի Փարիզի «Նուպարեան» մատենադարանի տնօրէն Պորիս Աճէմեանի «Ռոն Հովիտի Փոքրիկ Հայաստանները» («Les Petites Arménies de la vallée du Rhône») հատորը։ Անոր գիրքը կը պատմէ գաղթերու յաջորդական ալիքներուն մասին՝ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժամանումը, ապա՝ երգելով Հայաստան մեկնողներունը եւ անոնցմէ ոմանց դառն վերադարձը, աւելի ուշ՝ 1950ականներէն 80ականներ՝ Թուրքիայէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն հասնողներունը, հուսկ՝ անկախութենէն ետք՝ հայաստանցի գաղթականներունը։ Հատորին առաւել մանրամասնօրէն ծանօթանալու կամ ապսպրելու համար այցելել www.lieuxdits.fr/les-livres/les-petites-armenies-de-la-vallee-du-rhone կայքէջը [3]։

Համախմբագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համախմբագիրն է «Le Témoignage des Victimes dans la Connaissance des Violences de Masse/Victim Testimony» եւ «Understanding Mass Violence» («Études Arméniennes Contemporaines», no. 5, June 2015 բացառիկ), ինչպէս նաեւ «Jerusalem in the Making: Spaces and Communities» («Études Arméniennes Contemporaines», no. 9, September 2017 բացառիկ) բացառիկներուն[4]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]