Պղատոնականութիւնը Իսլամական Փիլիսոփայութեան Մէջ

Միջնադարեան Իսլամական Փիլիսոփայութիւնը թաթխուած էր թէ Արիստոտէլականութեամբ եւ Նոր-Պղատոնականութեամբ, իններրորդ դարուն Ալ-Քինտիի հետ իր սկիզբէն ի վեր, սակայն Նոր-Պղատոնականութեան ազդեցութիւնը յստակօրէն տեսանելի կը դառնայ Ժ-ԺԱ (10-11րդ) դարերուն Ալ-Ֆարապիի եւ Իպն-Սինայի (Լատիներէն՝ Avicenna) հետ։ Ալ-Ֆարապին ընդարձակեց Պղատոնի Գաղափարը կատարեալ (Իտէալական) քաղաքին մասին, զոր կ՛իշխուի փիլիսոփայ-թագաւորին կողմէն, զարգացնելով քաղաքական փիլիսոփայութիւն մը որ կարող է կարգաւորել Իսլամական պետութիւններուն կրօնական ու մշակութային բազմազանութիւնը։ Միւս կողմէն թէ Ղազզալին, թէ Իպն Րուշտը (Լատիներէն՝ Averroes) խստօրէն ընդիմացան ՆորՊղատոնական տեսակէտներուն։

Իսլամական Աստուածաբանութեան մէջ ՆորՊղատոնական մտքի յատկանիշը «Արտաբխականութիւն»-ն է (Արտաբխականութիւն՝ այն բանը զոր կը ծագի կամ կը գոյանայ աղբիւրէ մը: Կամ, էութիւն մը, ոյժ մը, որ Աստուծոյ դրսեւորումն է)․ Կապելով Աստուծոյ գերազանցութիւնը իր նիւթական ու մարմնեղէն իրականութեան հետ։ Իսլամական ՆորՊղատոնականութիւնը ի հանդէս բերուեցաւ Ալ-Ֆարապիին կողմէն, թէեւ Իպն-Սինան աւելի մեծ ներդրում եւ ազդեցութիւն ունեցաւ այս արումով, զոյգ գրողները կը ներկայացնեն արտաբխականութեան բարդ ուրուագիծ մը։

Իսլամական ՆորՊղատոնականութիւնը տասերորդ դարուն եւ վաղ տասնմէկերորդ դարուն ծաղկում մը ապրեցաւ, սակայն տաասնմէկերորդ դարու յաջորդ տարիներուն ուժգին հակազդեցութեան մը հանդիպեցաւ, նամանաւանդ Ալ-Ղազզալիի կողմէն, ով կը ներկայացնէ այդ ժամանակուան Իսլամական Աստուածաբանութեան «ամէնակծու հարձակումը փիլիսոփայութեան վրայ», եւ ամէնասաստիկ հակահարուածը մասնաւորապէս ՆորՊղատոնականութեան նկատմամբ (1998 Իյըն Նէթթօն)։ Ալ-Ղազզալիին քննադատութիւնը յարուցանեց Իպն-Րուշտի հակադարձութիւնը ով գրեց Ալ-Ղազալիին Յունա-Արաբական փիլիսոփայութեան քննադատութեան՝ «Փիլիսոփաներու անյարակցութիւնը» (Արաբերէն՝ Թահաֆութ Ուլ-Ֆալասիֆա, تهافت الفلاسفة) գիրքին իր կանոնաւոր հերքումը՝ «Անյարակցութեան անյարակցութիւնը» (Արաբերէն՝ Թահաֆութ Ութ-Թահաֆութ, تهافت التهافت) գիրքին մէջ։ Մինչ Իպն Րուշտը կը փորձէր պաշտպանել փիլիսոփայական միտքը որպէս ոչ հրետիկոսային, ան նոյն ժամանակին կը մերժէր ՆորՊղատոնական փիլիսոփաներու տեսութիւնները։

1198-ին Իպն-Րուշտի մահուընէն ետք Իսլամական աշխարհին մէջ ՆորՊղատոնականութեան հետ կապուած բանավէճը ընդհանուր արմամբ հասաւ իր աւարտին, անիկա միայն շարունակեց ապրիլ Իսմաիլականներուն քով։