Պելճիքայի Տնտեսական Ճգնաժամ
Պելճիքայի տնտեսական ճգնաժամ, որ տեղի ունեցած է Պելճիքայի մէջ 2008-2009 թուականներու տնտեսական կտրուկ տագնապին եւ երկրին երկու ամենամեծ դրամատուներուն՝ Fortis-ի եւ Dexia-ի տնտեսական վիճակին կտրուկ վատացման հետեւանքով։ Երկիրը յայտնուեցաւ տնտեսական ճգնաժամի մէջ, որ յատկանշուեցաւ սովորական եւ արտօնեալ բաժնետոմսերն ու պարտատոմսերը ներառող արժեթուղթերու շուկայի ապակայունացմամբ։ Արժեթուղթերու շուկային գործունէութիւնը թոյլ կու տայ կարգաւորել եւ բարձրացնել շարք մը տնտեսական գործընթացներու արդիւնաւէտութիւնը եւ առաջին հերթին՝ ժամանակաւորապէս ազատ տնտեսական աղբիւրներու ներդրման գործընթացը, որ Պելճիքայի մէջ ստեղծուած ճգնաժամի հետեւանքով կը դառնայ անհնարին։ Իրավիճակն ալ աւելի կը սրի երկու դրամատուներու սնանկացումէն ետք։ Այս ամէնէն ետք տնտեսական ճգնաժամը կը վերաճի տնտեսավարկային գործողութիւններու արգելքի եւ կալուածամասերու ներդրումներու կտրուկ նուազման։ Հարցին լուծման նպատակով, Պելճիքայի սահմանադրական դատարանը իրաւայաջորդութեան սկզբունքով Fortis-ը կը բաժնէ երկու փակ բաժնետիրական ընկերութիւններու, որոնցմէ մէկը կը պետականացուի, իսկ միւսին բաժնետոմսերը կը գնեն հոլանտացի գործարարներ։ Պետականացումէն անմիջապէս ետք պելճիքական բաժնեմասը եւս կը վաճառուի արտասահմանեան ներդրողներուն, յատկապէս՝ ֆրանսական BNP Paribas ընկերութեան։
Dexia-յի պարագային իրավիճակը այլ էր։ Դատարանի որոշմամբ, Dexia դրամատունը կը դադարի աշխատանքէ։ Անոր իրաւայաջորդ ճանչուած Dexia Bank Belgium-ը կը պետականացուի եւ կը մնայ թագաւորութեան հովանիին տակ։ Արդիւնքը կ՛ըլլայ այն, որ երկրին մէջ սկսած կալուածամասերու ճգնաժամը կը մօտենայ իր տրամաբանական աւարտին։
Բնագիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամն ու արժեթուղթերու արժեզրկումը իր հետքը կը ձգէ Պելճիքայի տնտեսութեան վրայ։ Անոր կը նպաստէ Lehman Brothers-ի սնանկացումը, որ իր հերթին երկրին մէջ կ՛առաջացնէ քաղաքական ճգնաժամ։ Քաղաքական ճգնաժամին պատճառը Պելճիքայի ֆլամանտական եւ ֆրանսական շրջաններու տարաձայնութիւններն էր, որ աւելի կը սրի Ֆլանտրիայի մէջ անջատողական Նոր Ֆլանտրիական Այլեան կուսակցութեան ընտրութենէն ետք։ Այս ամէնէն ետք Պելճիքայի Թագաւորութիւնը կը յայտնուի մասնատման սպառնալիքի տակ։ Այս բոլորը հիմնականին մէջ տեղի կ՛ունենայ վարչապետ Իվ Լետէրիմի կառավարման ժամանակահատուածին։ Կառավարութիւնը կը վայելէր Պելճիքայի դրամատուներու, ֆինանսներու եւ ապահովագրութեան յանձնաժողովի եւ հաշուեքննութեան դատարանի աջակցութիւնը։
Պատմականորէն Պելճիքան ունեցած է չմարուած բարձր պետական պարտք, որ 1993-ին հասած է ՀՆԱ-ի 137.8%-ի։ Եւրոգօտիին անդամակցելէն ետք այդ թիւը զգալիօրէն կը կրճատուի, բայց չի չէզոքացուիր։ Ելեւմտային նմանօրինակ կարգաւորումը շարունակուած է եւրոյի ներդրումէն ետք՝ մասնակիօրէն համապատասխանեցուելով Մաաստրիխտի պայմանագիրին դրոյթներուն: 2007-ին Պելճիքայի արտաքին պարտքը նուազած է մինչեւ ՀՆԱ-ի 84%-ի: Պետական պարտքի կրճատումը կը նպաստէ Պելճիքայի տնտեսութեան պակասորդին վերացման ուղղուած քայլերու ձեռնարկման։ Տնտեսական ոլորտին մէջ կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող շարունակական միջամտութիւնները կը նպաստեն, որ պետական պարտքը վերստին աճի (2012-ի ցուցանիշով՝ ՀՆԱ-ի 99.6%)[1]:: Ըստ Պելճիքայի ընկերային ճիւղաւորման՝ Dexia-ն կը պատկանի կաթողիկէ սիւնին, իսկ Ethias-ը՝ ընկերային[2]։
Դրամավարութեան ճգնաժամ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2008-ի սկիզբը Forties-ը եղած է Պելճիքայի ամենամեծ դրամատունը, որ իր կարեւոր դերը ունեցած է Պենելիւքսի դրամավարութեան շուկային մէջ։ 2008-ի կէսերուն դրամատունը կը կանգնի դժուար իրացուելիութեան խնդիրի դիմաց, իսկ արժեթուղթերը կը սկսին արագօրէն արժեզրկուիլ։ Խնդիրը ալ աւելի կը բարդանայ այն ժամանակ, երբ դրամավարութեան շուկայ դուրս կու գայ աւելի հեղինակային հոլանտական Էյ Պի Էն դրամատունը, որ անուղղակիօրէն կը լրացնէ «Fortis»-ի տեղը։ 2008-ի սկիզբը Fortis-ի աւանդներու շուրջ 3%-ը դուրս կու գայ։ Խնդրի կարգաւորման նպատակով 27 Սեպտեմբերին տեղի կ՛ունենայ Պելճիքայի եւ Հոլանտայի ֆինանսներու նախարարներուն հանդիպումը, որ ըստ երեւոյթի, լուրջ արդիւնքներ չունենար[3]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Public Finances: debt to GDP»։ Belgian Federal Government։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 17 December 2013-ին։ արտագրուած է՝ 30 April 2013
- ↑ Van Overtveldt Johan։ «De Ethias-schande»։ Trends.be։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 17 December 2013-ին։ արտագրուած է՝ 5 May 2013
- ↑ «Fortis chief executive out; chairman now faces shareholder anger»։ International Herald Tribune։ 13 July 2008։ արտագրուած է՝ 29 September 2008