Jump to content

Պարտիզակ (հանդէս)

Պարտիզակ
Տեսակ հանդէս
Խմբագիր Յովսէփ Տէր Մինասեան
Հիմնադրուած է 1909
Հրատարակման վայր Կոստանդնուպոլիս

«Պարտիզակ», կիսամեայ հանդէս, բողոքականներու Պարտիզակի գիշերօթիկ բարձրագոյն վարժարանի հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1909-1912 թուականներուն, Կոստանդնուպոլիս։ Խմբագիրը՝ Յովսէփ Տէր Մինասեան։

Ուղղուածութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անդրադարձած է համիտեան տիրապետութեան շրջանին հայ ժողովուրդի արեւմտեան հատուածի ճակատագիրին, ներկայացուցած է ազգային-ազատագրական պայքարի դրուագներ։ Ջատագոված է աշխոյժ եւ կազմակերպուած պայքարի գաղափարը, յեղափոխական շարժումները դիտել իբրեւ բնականոն երեւոյթ կեղեքման դէմ, քննադատած է դէպի Միացեալ Նահանգներ արեւմտահայութեան գաղթը։

Գրական-բանասիրական հարցերու մէջ պաշտպանած է ինքնուրոյն, ազգային իրապաշտ գրականութեան զարգացման անհրաժեշտութիւնը։ Լուսաբանած է վարժարանի առօրեան։ Աշխատակցած են յատկապէս վարժարանի սաներն ու ուսուցիչները։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։