Պաշտպանական Մեքենականութիւններ
Պաշտպանական Մեքենականութիւններ (Defense Mechanisms), պաշտպանական մեքենականութիւնները անգիտակից ռազմավարութիւններ են, որոնցմով մարդիկ կը պաշտպանուին անհանգստացնող միտքերէ կամ զգացումներէ:
Պաշտպանական մեքենականութիւններն իրենց բնոյթով վատ չեն. անոնք կրնան մարդոց օգնել` ցաւալի փորձառութիւններու ժամանակ կողմնորոշուելու կամ աւելի արդիւնաւէտ ուղղելու իրենց ներուժը: Այնուամենայնիւ, անոնք կը դառնան խնդրայարոյց, երբ կը կիրարկուին շատ յաճախ կամ չափազանց երկար ժամանակի վրայ:
Հիմնական տասը պաշտպանական մեքենականութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաձգութիւն (Projection) – Մէկու մը անընդունելի զգացումները կամ ցանկութիւնները ուրիշին վերագրելը: Օրինակ` եթէ կռուարար մը մշտապէս կը ծաղրէ իր ընկերը` անոր անապահովութիւններուն համար, ապա կռուարարը կրնայ ինքնագնահատականի հետ կապուած իր սեփական պայքարը արտաձգել դիմացինին վրայ:
Հերքում (Denial) – Հրաժարիլ իրական փաստեր կամ փորձառութիւններ ճանչնալէ կամ ընդունելէ, որովհետեւ անոնք անհանգստութիւն կը պատճառեն անձին: Օրինակ` թմրամիջոցներ օգտագործող մէկը կրնայ յստակ չտեսնել իր խնդիրը:
Բռնաճնշում (Repression) – Անհատի գիտակցութեան մէջ վատ ու դժուար միտքերու արգելափակում, ինչպէս, օրինակ, հոգեխոցէ մը (Trauma) ազատողի ողբերգական այդ դէպքին էջը փակելը:
Յետադիմութիւն (Regression) – Վերադարձ` անցեալի օրերու վարքագիծին կամ յոյզերուն, օրինակ` անձը երբ անհանգստանայ կամ վախնայ, իր վարքագիծը յաճախ կը դառնայ աւելի մանկական կամ պարզունակ, օրինակ` կրնայ անգամ մը եւս սկսիլ իր բթամատը ծծել:
Բանականութիւն (Rationalization) – Սխալը կամ խնդրայարոյց զգացումը հիմնաւորել տրամաբանական պատճառներով կամ բացատրութիւններով:
Տեղափոխում (Displacement) – Ուրիշէ մը զգացմունքային արձագանգի վերաուղղում մը այլ անձի: Օրինակ` եթէ տնօրէնը բարկացած պոռայ աշխատողի մը վրայ, ան ետ չի պատասխաներ, բայց կրնայ իր կարգին պոռալ իր կողակիցին վրայ նոյն այդ գիշեր:
Հակազդեցութեան ձեւաւորում (Reaction formation) – Իրական զգացումներու հակառակը վարուիլը կամ արտայայտումը: Օրինակ, տղամարդը, որ ինքզինք անինքնավստահ կը զգայ իր տղամարդկութեան նկատմամբ, կրնայ չափազանց վայրագ վարուիլ, կամ պատանի տղայ մը հեգնանքով կը խօսի աղջկան հետ, որովհետեւ ենթագիտակցական մակարդակի վրայ զայն կը հաւնի:
Վերացում (Sublimation) – Սեռական կամ անընդունելի յորդորներու գործուն ելքի վերածուիլը, օրինակ` աշխատանքի կամ քմահաճոյքի: Օրինակ, մարզանքի եւ կորովի մրցումներու մասնակցիլը երբեմն կրնայ ըլլալ վերացման օրինակ: Այլ մարդոց հետ կռուելու անընդունելի յորդորներու փոխարէն` մարդիկ կրնան մրցունակ մարզանքով զբաղիլ` գերիշխելու եւ յաղթելու համար:
Իմացականութիւն (Intellectualization) – Կեդրոնանալով իրավիճակի ոչ թէ յուզական, այլ` առարկայական հետեւանքներու վրայ: Օրինակ` եթէ սենեկակիցը անսպասելիօրէն հեռանայ, անձը կրնայ մանրամասն նիւթական վերլուծութիւն կատարել` փոխանակ քննարկելու անոր վիրաւորուած զգացումները:
Բաժանում (Compartmentalization) – Մարդու կեանքի բաղադրիչներու (գործ, ընտանիք, եկեղեցի, խոհեր) մտովի բաժանում տարբեր հանգամանքներու (category)` հակասական յոյզերը կանխելու համար:
Պաշտպանական մեքենականութիւններու տեսութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պաշտպանական մեքենականութիւնները հիմնուած են Ֆրոյտի անհատականութեան տեսութեան վրայ (theory of personality): Ըստ անոր տեսակի, միտքն ունի երեք կռուող ուժ. ինքնութիւն (ID) (սնունդի, յարմարաւէտութեան եւ սեռային յարաբերութեան անգիտակից եւ պարզունակ մղումներ), գեր-եսը (superego) (մասամբ գիտակցուած մղում դէպի բարոյական եւ ընկերային արժէքներ) եւ եսը (ego) (մասամբ գիտակից ուժ, որ կը չափաւորէ ինքնութիւնն ու գեր-եսը):
Իբրեւ օրինակ` անձկութիւնը (anxiety) կը յայտնուի, երբ ինքնութեան կարիքները բախում կ'ունենան գեր-եսի կարիքներուն հետ: Լարուածութիւնը մեղմացնելու համար եւ տհաճութիւններէ խուսափելու համար եսը կը կիրարկէ ինքնախաբէութեան ռազմավարութիւններ: Անընդունելի միտքերը կամ զգացումները կրնան հերքուիլ, բանականութեամբ ընդունուիլ կամ արտաձգուիլ ուրիշին վրայ:
Ֆրոյտի շատ մը գաղափարներ չեն կրցած դիմակայել ժամանակակից գիտական քննութիւնը: Բայց հոգեբանական պաշտպանական մեքենականութիւնները ապացուցուած են, որ գոյատեւող հասկացողութիւններ են, զորս հետազօտողները եւ բժիշկները կը շարունակեն ուսումնասիրել առ այսօր:
Պաշտպանական մեքենականութիւնները առօրեայ կեանքին մէջ
Կեանքը լի է անսպասելի կամ դժուար իրավիճակներով, եւ պաշտպանական մեքենականութիւնները կրնան գործուն ձեւով մեղմել այդ անհանգստութիւնը: Անոնք, օրինակ, կրնան դրսեւորուիլ ժխտական-թշնամական վարքագիծով, երբ երկու ընկերներ չեն կրնար դիմակայել բախում մը, կամ երբ աշխատակից մը երեկոյեան ճաշի ժամանակ իր վարպետին վրայ բարկութիւնը կը փոխանցէ իր դստեր վրայ:
Անհատներու մօտ պաշտպանական մեքենականութիւններու զարգացում
Որոշ հոգեբաններու կարծիքով, կարգ մը մարդոց մօտ մանկութեան ժամանակ անապահովութիւններու պատճառով պաշտպանական մեքենականութիւնները կրնան աւելի խիստ եւ հետեւողականօրէն ի յայտ գալ: Երեխաները թերեւս չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պայքարիլ կամ յաղթահարել որոշակի մարտահրաւէրներ: Բան մը, որ կը ստիպէ զիրենք հարցաքննելու եւ այդ մարտահրաւէրներէն պաշտպանուելու ձեւեր զարգացնելու: Մեծահասակները այդ մարտահրաւէրները լուծելու ունակութիւնը ունին, սակայն անոնց մէջ զարգացած պաշտպանական մեքենականութիւնները երբեմն կրնան անգամ մը եւս յայտնուիլ` սթրեսը մեղմացնելու համար:
Պաշտպանական մեքենականութիւններ, որոնք կրնան վնասել յարաբերութիւնները
Մտերիմ յարաբերութիւնները յաճախ կը յառաջացնեն ամէնէն խոր զգացումները, եւ երբեմն մարդիկ կը դիմեն պաշտպանական միջոցներու` այդ յոյզերը կառավարելու համար: Այնուամենայնիւ, այդ մէկը կրնայ յանգիլ աւելի մեծ անհանգստութեան` պատ մը քաշելով ամոլին միջեւ, ուստի կարեւոր է մտածել այն մասին, եթէ անհատը կամ իր բարեկամը/կողակիցը կ'օգտագործէ որոշակի պաշտպանական միջոցներ, որոնցմէ են.
Արտաձգութիւն Կը մեղադրէ զայն սեփական թերութիւններու համար եւ փոխանակ զանոնք ընդունելու, կը մեղադրէ զուգընկերը խառնաշփոթ կամ անփոյթ ըլլալու համար:
Հերքում Կը ձեւացնէ, որ բացասական պատահարներ չեն եղած: Կը փակէ աչքերը եւ կը կարծէ, որ ամէն ինչ լաւ կ'ըլլայ, նոյնիսկ երբ ձեր զուգընկերը նեղացած է:
Փոխհատուցում Բացասական յոյզերը դիմակայելու փոխարէն` կը դիմէ ալքոհոլային խմիչքին կամ թմրանիւթին[1],[2]: