Չինական Երաժշտութիւն
Չինական Երաժշտութիւն, Չինաստանի մէջ տարածում գտած երաժշտութիւն:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Չինական երաժշտական մշակոյթը հիմնուած է հին դարաշրջանի ծիսական երգերուն եւ պարերուն վրայ: Չինական երաժշտութեան մէջ կը գերակշռեն երգային սեռերը, որոնց յատուկ է միաձայնութիւնը:
18-րդ դարուն Չինաստանի մէջ կը զարգանայ օփերային արուեստի յատուկ տեսակ մը, որ կը կոչուի «Beijing կամ Peking Opera
6-10-րդ դարերուն պուտտայականութեան տարածման հետ Չինաստան կը ներթափանցեն այլ ժողովուրդներու երաժշտական մշակոյթներ:
18-20-րդ դարերուն Չինաստան աստիճանաբար մուտք կը գործէ եւրոպական երաժշտութիւն եւ մեծ թիւով երաժիշտներ իրենց երաժշտական ուսումը կը կատարելագործեն Եւրոպայի մէջ: ݀Երգեցողութեան զուգահեռ կը ներկայացուին պարեր եւ մարմնամարզական տեսարաններ: Դերասանները իրենց դէմքերը կը ծածկեն շպարի հաստ շերտով կամ դիմակ կը կրեն:
Չինական Նուագախումբը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Չինական նուագախումբը կը բաղկանայ մօտ հարիւր նուագարաններէ, որոնցմէ ամէնէն մեծը լարային խումբն է, բաղկացած երեսուն տեսակ կսմիթային եւ աղեղնային նուագարաններէ, նաեւ փողայիններէ (տարբեր տեսակի սրինգներ) եւ հարուածայիններէ (թմբուկներ եւ այլն):
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Երաժշտութիւն, Պատմութիւն եւ Տեսութիւն», Նարդուհի Էքիզեան-Մարկոսեան, Պէյրութ 2017, էջ 52: