Ունեւորութեան Տուրք Թուրքիոյ Մէջ
Ունեւորութեան տուրք կը կոչուի 11 Նոյեմբեր 1942-ին, թիւ 4305 օրէնքով հաստատուած արտակարգ ունեւորութեան տուրքը։
Օրէնքին Հիմնաւորումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարի | TEFE | Ռեշատեան ոսկի | TL-ի ցուցանիշ |
---|---|---|---|
1938 | 100 | 11,30 | 100 |
1939 | 101,3 | 14,32 | 128 |
1940 | 126,6 | 21,06 | 189 |
1941 | 175,3 | 25,57 | 239 |
1942 | 339,6 | 33,23 | 298 |
1943 | 590,1 | 33,84 | 300 |
1944 | 458,9 | 38,30 | 344 |
Ունեւորութեան տուրքին կառավարութեան կողմէ կատարուած պաշտօնական հիմնաւորումը հետեւեալն էր․ հարկաւորել պատերազմական արտակարգ պայմաններուն ստեղծած բարձր շահը։ Որպէս թիրախ չէ մատնանշուած ազգային կամ կրօնական որեւէ խաւ։ Մինչդեռ ՃՀՓ-ի դռնփակ կայացած խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին վարչապետ Շիւքրիւ Սարաճօղլուի կ՚ընդգծէր բոլորովին այլ հիմնաւորում մը․
Բնակչութիւն | Ունեւորութեան տուրք[2][3][4] |
---|---|
հայեր | %232 |
հրեաներ | %179 |
յոյներ | %156 |
մահմետական | %4,94 |
«Այս օրէնքը միաժամանակ յեղափոխութեան օրէնք մըն է։ Դէմ հանդիման ենք առիթի մը հետ, որ մեզի պիտի պարգեւէ մեր տնտեսական անկախութիւնը։ Այսպէսով ոչնչացնելով մեր հրապարակին տիրող օտարները, թրքական առեւտրային հրապարակը պիտի յանձնենք թուրքերուն»։[5]
«Օրէնքը ողջ խստութեամբ պիտի կիրառուի անոնց նկատմամբ, որոնք այս երկրին կողմէ իրենց հանդէպ ցուցաբերուած ասպնջականութեամբ հարստացած ըլլալով հանդերձ, երկրին հանդէպ այս նուրբ ժամանակաշրջանին պիտի խուսափին կատարելէ իրենց պարտականութիւնը»։[6]
Կարգ մը աղբիւրներ կը նշեն, թէ ցած հարկեր նախատեսուած են միայն մահմետականներու համար, սակայն այդ հարկերը գանձուած են խոշոր ագարակատէրերէն։ Օրէնքի համաձայն, այս հարկերը 5 առ հարիւր տոկոսը պէտք չէ գերազանցէին։[7]
Օրէնքին Կիրառումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարչապետ Սարաճօղլու 5 Օգոստոս 1942-ին կ՚ընթերցէ կառավարութեան ծրագիրը։ «Մենք թուրք ենք, թրքամոլ ենք եւ միշտ թրքամոլ պիտի մնանք։ Թրքամոլութիւնը մեզի համար արեան հարց մը ըլլալով հանդերձ, նոյնքան եւ առնուազն խղճի ու մշակոյթի հարց է։ (․․․) Մենք ո՛չ պալատին, ո՛չ դրամագլուխին, ոչ ալ դասակարգերուն իշխանութիւնը կ՚ուզենք։ Մենք կը փափաքինք միայն թուրք ազգին գերիշխանութիւնը», կը յայտարարէր ան՝ հրապարակելով նոր կառավարութեան ընկերային քաղաքականութիւնը։
1942-ի ամրան Պոլսոյ թերթերուն իշխող լուրերն ու յօդուածներն էին գողութիւնը, սեւ շուկան, շահագործումը։ Գրեթէ իւրաքանչիւր օր եւ իւրաքանչիւր թերթի մէջ «սեւ շուկայի հրեան» խորագրեալ երգիծանկարներ կը տպագրուէին։
12 Սեպտեմբեր 1942-ին Պոլսոյ ելեւմտական տեսուչ նշանակուած Մեհմետ Ֆայիք Էօքթէ իր յիշատակներուն մէջ կը պատմէ, թէ Ելեւմտական նախարարութիւնը պահանջած էր կազմել պատերազմի պատճառով չափազանց շահ ապահոված անձերուն մէկ ցուցակը․ մատմետականները պիտի նշանակուէին M, ոչ-մահմետականները՝ G, դաւանափոխները՝ D տառերով։[8]
Ունեւորութեան տուրքի օրէնքը Նոյեմբերի 11-ին ընդունուեցաւ խորհրդարանին մէջ, առանց որեւէ քննարկումի։ Օրէնքը կը ճշդէր իւրաքանչիւր քաղաքի ու արուարձանի մէջ կազմել յստակեցման յանձնախումբեր՝ որոշելու համար, թէ ով ինչքան տուրք պիտի վճարէ։ Յանձնախումբերու որոշումները պիտի ըլլային վերջնական ու յստակ։ Տուրքի վճարման ժամկէտը 15 օր էր։ Անոնք, որոնք այս նշեալ ժամկէտին չէին կրնար վճարել սահմանեալ տուրքը՝ կը գրաւուէին իրենց ունեցուածքը, կը վաճառուէր պետութեան կողմէ։ Այս կարգադրութեամբ հանդերձ եթէ անձը ամսուան մը ընթացքին չկարենար վճարել տուրքը՝ ըստ իր մարմնական կարողութիւններուն պէտք է աշխատէր հանրային կամ քաղաքապետական ծառայութեանց մէջ։[9]
Պոլսոյ մէջ կազմուած յանձնախումբերը տուրքի ցուցակները հրապարակեց 18 Դեկտեմբեր 1942-ին։ Նշանակեալ տուրքերուն 82 առ հարիւրը կը պատկանէր ոչ-մահմետականներուն, 7 առ հարիւրն ալ՝ մահմետականներուն։ Մնացեալ 6 առ հարիւրը զանազան տուրքեր էին, որոնք նոյնպէս վիճակուած էին ոչ-մահմետականներուն ու օտարներուն։[10] Անոնք, որոնք մինչեւ Յունուարի 4-ը պիտի չկարենային վճարել իրենց տուրքը, առաջին շաբթուան համար պիտի վճարէին %1, յաջորդ շաբաթներուն համար %2 ուշացման տուրք։
Դեկտեմբեր 1942-ին եւ Յունուար 1942-ին Պոլսոյ մէջ ոչ-մահմետականներուն պատկանող հազարաւոր անշարժ գոյք սեփականատէր փոխեց։ Բերա թաղամասի «Իսթիքլալ» պողոտայի շինութիւններուն մեծամասնութիւնը այս շինութիւններու կարգին էր։ Վաճառուած կառոյցներուն շուրջ %67 գնեցին մահմետական թուրքերը, շուրջ %30-ն ալ՝ պաշտօնական հաստատութիւնները։[11] Սկսեալ 21 Յունուար 1943-էն, Պոլսոյ մէջ ոչ-մահմետականներուն պատկանող հազարաւոր բնակարան եւ աշխատատեղի գրաւուեցաւ ու վաճառուեցաւ պետութեան կողմէ։
27 Յունուարէն մինչեւ 3 Յուլիս 1943, բոլորն ալ ոչ-մահմետական 1229 անձ ղրկուեցաւ Էրզրումի Աշքալէ արուարձանը՝ տաժանակիր աշխատանքի։ Ըստ բանաւոր վկայութիւններու, աքսորեալներու ընտանիքները չէին հաւատար, որ անոնք պիտի վերադառնան Աշքալէէն։[12] Աշխատողներուն տրամադրելի աշխատավարձին կէսը վար կը դրուէր իրենց պարտքին դիմաց։[9] Տարիքոտ մարդիկ, տեսնելով որ Քոփի լեռնանցքի ձիւնամաքրման աշխատանքը ծանր է, համաձայնած են աշքալէցի գիւղացիներուն հետ, որպէսզի իրենց փոխարէն աշխատին երիտասարդները, որոնց օրավարձ վճարած են։[13] Աքսորեալներէն 900 անձ 8 Օգոստոս 1943-ին բեռնատար գնացքներով փոխադրուեցաւ Սիվրիհիսար (Էսքիշեհիր)։
9-13 Սեպտեմբեր 1943 թուականներուն «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ, Սիրուս Զուլցպերկերի ստորագրութեամբ կը հրապարակուի յօդուածաշարք մը, որ կը քննադատէր Թուրքիոյ մէջ Ունեւորութեան տուրքի կիրառումը։ Այդ յօդուածաշարքէն անմիջապէս ետք, խորհրդարանը կը գումարուի 17 Սեպտեմբերին ու կ՚որոշէ ջնջել մինչ այդ չգանձուած Ունեւորութեան տուրքերը։ Դեկտեմբերի առաջին օրերուն Աշքալէի ու Սիվրիհիսարի աքսորականները կը վերադարձուին իրենց տուները՝ 10-ամսեայ գերութենէ մը ետք։ Այդ շրջանը Բ․ Աշխարհամարտի տագնապալից օրերն էր եւ Թուրքիա չէ փափաքած ազդուիլ այդ կացութենէն։
Տուրքին հետեւանքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ունեւորութեան տուրքի օրէնքով ընդհանուր գանձուեցաւ 314․900․000 լիրա տուրք։ Այս գումարին %70-ը հաւաքուեցաւ Պոլսոյ մէջ։ Ընդհանուր գանձումը 1942-ի պետական պիւտճէին, որ էր 394 միլիոն լիրա, %80 կը կազմէր։
Ըստ 1935-ի մարդահամարին, Թուրքիոյ մէջ ոչ-մահմետական փոքրամասնութիւնները կը կազմէին բնակչութեան %1,98-ը։ Ունեւորութեան տուրքէն ետք սկսաւ արտագաղթ, որու արդիւնքին այդ թիւը 1945-ին իջաւ %1,56-ի եւ 1955-ին՝ %1,08-ի։
Հակազդեցութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարիներ անց իսկ հակազդեցութիւնները կը շարունակուին ու կը պատահին նիւթին առնչակից դատական հայցեր։[14]
2012-ին «Միլլիյէթ» թերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Շաբաթ Լեւի հետեւեալ պատասխանը տուած է Միրաճ Զէյնեպ Էօզքարթալի «Կ՚ուզէ՞ք որ պետութիւնը ներողութիւն հայցէ ձեզմէ» հարցումին․
«Կ՚ուզեմ անշուշտ որ ըսեն, թէ սխալած են. Սակայն ի՞նչ կը փոխուի։ Ինէօնիւ մեզ ազատեց Հիթլերէն, ՈՒնեւորութեան տուրքը ներեցի այսպէսով։ Եթէ մեզ յանձնէր Հիթլերին՝ օճառ պիտի ըլլայինք։ Կեանքը կարելի չէ չափել դրամով։ Ինէօնիւի շնորհիւ ապրեցանք։ Չեմ մոռցած»[15]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ A. Başer Kafaoğlu - Varlık Vergisi Gerçeği s.28
- ↑ Corry Guttstadt, Turkey, the Jews, and the Holocaust. Cambridge University Press, 2013, s. 75
- ↑ Andrew G. Bostom, The Legacy of Islamic Antisemitism: From Sacred Texts to Solemn History. Prometheus Books; Reprint edition, 2008, s. 124
- ↑ Nergis Erturk, Grammatology and Literary Modernity in Turkey. Oxford University Press, 2011, s. 141
- ↑ Siyasi Anılar 1939-1954, Faik Ahmet Barutçu, Milliyet Yayınları, s.263, (Varlık Vergisi ve Türkleştirme Politikaları, Ayhan Aktar, İletişim Yayınları).
- ↑ Aşkale Yolcuları Varlık Vergisi ve Çalışma Kampları[permanent dead link], Rıdvan Akar, Mephisto Yayınları, 2006, (21 Ocak 1943 tarihli Cumhuriyet gazetesinden alıntı).
- ↑ http://www.resmigazete.gov.tr/arsiv/5255.pdf Յօդուած 2Բ - Խոշոր ագարակատէրեր։ Յօդ․ 6 - ... 2-րդ յօդ․ի (Բ) պարբերութեան մէջ նշուած ագարակատէրերու պարտաւորութիւնը չի կրնար գերազանցել իրենց ունեցուածքին 5 առ հարիւրը
- ↑ [Mehmet Faik Ökte], Varlık Vergisi Faciası, Nebioğlu Y. İstanbul 1951, s. 47 vd.
- ↑ 9,0 9,1 http://www.resmigazete.gov.tr/arsiv/5255.pdf
- ↑ Ökte, անդ ցուցակ.
- ↑ Aktar, անդ, էջ 204.
- ↑ Օրինակ Զաւէն Պիպեռեան, Babam Aşkale'ye Gitmedi, Aras Yayıncılık 2000.
- ↑ Եորկօ Հաճըտիմիթրիատիսի Աշքալէ-Էրզրումի օրագիրը (1943), Ayhan Aktar, İletişim Yayınları, İstanbul, 2011.
- ↑ Երուանդ Էօզուզունի դատավարութիւնը՝ յօդուածի մը պատճառով
- ↑ http://www.milliyet.com.tr/-varlik-vergisi-ni-affettim-cunku-inonu-bizi-hitler-den-kurtardi-/pazar/haberdetay/29.01.2012/1495171/default.htm