Ուղղական հոլով

Ուղղական Հոլով, գոյականներու ուղղական հոլովը կը ցուցնէ բան մը ընող կամ եղող առարկան։

Ուղղական հոլովով դրուած բառերը կը պատասխանեն ո՞վ, ի՞նչ(ը) հարցումներուն։ Վարդանը կը նկարէ։ Գրիգորը կը սորվի դասը։ Ծառը կը ծաղկի։ Այս նախադասութեանց մէջ Վարդանը, Գրիգորը, ծառը գոյականները գրուած են ուղղական հոլովով։ Ասոնք կը ցուցնեն նկարող, սորվող, ծաղկող առարկան եւ կը պատասխանեն ո՞վ, ի՞նչը հարցումներուն։

Եզակի ուղղականը բառի ուղիղ ձեւն է, անիկա հոլովական վերջաւորութիւն չի ստանար (կրնայ միայն յօդ ստանալ)։

Ուղղականը ենթակայի հոլովն է։ Ենթական միշտ կը գրուի ուղղական հոլովով։ Օրինակ՝ Վարդը կարմիր է, Գետը կը հոսի, Անձրեւը կը տեղայ, Արեւը կը լուսաւորէ նախադասութեանց մէջ վարդը, գետը, անձրեւը, արեւը ուղղական հոլովով գրուած գոյականները ենթակայ են։

Ուղղական հոլովով կը գրուին նաեւ նախադասութեան այլ անդամներ։

Պետրոսը լաւ վարպետ մըն է նախադասութեան մէջ ուղղականով գրուած է ոչ միայն Պետրոսը ենթական, այլեւ վարպետ բառը, որ ստորոգեալի մաս է։

Վարպետ բառը դարձեալ ուղղական հոլովով է եւ Պետրոսը ենթակային գոյական որոշիչն է։