Ուիքիփետիա:Ուղեցոյց/Արձանագրութիւն
Ներածութիւն | Ինչպէս Խմբագրել | Ձեւաւորում | Յղումներ | Աղբիւրներ աւելցնել | Քննարկման էջեր | Միշտ յիշէ՛ | Արձանագրութիւն | Ամփոփում |
Թէեւ բնաւ պարտադիր չէ, որ Ուիքիփետիայի խմբագիրներն ու օգտագործողները հարթակին վրայ արձանագրեն իրենց անունը, սակայն, ամէն պարագայի, նախընտրելի է ունենալ արձանագրուած անուն։ Արձանագրուելու համար պարտաւոր չես տալու քու իսկական անուն-մականունդ եւ կամ անձնական այլ տեղեկութիւններ։
Ամէն մարդ կրնայ իր ներդրումը ունենալ Ուիքիփետիայի մէջ, անկախ իր արձանագրուած ըլլալէն։ Սակայն, իբրեւ հարթակը օգտագործող արձանագրուած ըլլալը ունի իր օգուտները, որոնցմէ թուենք քանի մը հատը.
- Նոր յօդուածներ ստելծելու կարողութիւն,
- Արձանագրուած հաշիւը կը տրամադրէ աւելի շատ հնարաւորութիւններ (features), որոնց շարքին՝ խմբագրելու աւելի շատ տարբերակներ եւ օգտագործողի նախընտրութիւններ։ Շատ օգտակար հնարաւորութիւն է ցանկի դիտումը (watchlist), որ աւելի կը դիւրացնէ հետաքրքրող էջերուն մէջ կատարուող փոփոխութիւններուն հետեւիլը։ Նոյնպէս լաւ հնարաւորութիւն է էջ մը տեղափոխելը եւ կամ վերանուանելը։ (Նշում՝ էջերը մի՛ տեղափոխեր պարզապէս պատճէնելով եւ փակցնելով, քանի որ այդ ձեւով խմբագրման պատմութիւնը չի պահուիր։ Փոխարէնը դիմէ՛ Village pump՝ արձանագրուած օգտագործողներուն տրամադրուող օժանդակութիւնը ստանալու համար)։
- Չարձանագրուած օգտագործողները կը ճանչցուին իրենց համակարգիչներուն IP հասցէներով, որ ներդրումներ կատարելու (ինչպէս նաեւ՝ զրուցարաններու վրայ ուղերձներ գրելու) ժամանակ հանդէս կու գայ իբրեւ իրենց ինքնութիւնը։ Համակարգիչիդ IP հասցէն հաճախ կարելի է գործածել քու մասիդ տեղեկութիւն հաւաքելու նպատակով, այնպէս որ արձանագրուիլը կ՛աւելցնէ քու անձնական տուեալներուդ գաղտնիութիւնը՝ քու IP հասցէդ ուրիշ խմբագիրներու համար անտեսանելի դարձնելով։ Նաեւ, քանի որ IP հասցէները յաճախ կը փոխուին, երբեմն չարձանագրուած օգտագործողներուն համար աւելի դժուար կ՛ըլլայ իրենց ունեցած վաստակին շնորհիւ յարգանքի եւ ճանաչման արժանանալ այլ խմբագիրներու կողմէ։ Նաեւ, աւելի դժուար է չարձանագրուած օգտագործողներու հետ զրուցել, քանի որ անոնք չունին մուտք դէպի զրուցարան։ Այս պատճառներով ալ շատ ուիքիփետեաններ կը նախընտրեն արձանագրուիլ՝ այդպիսով արտայայտելով իրենց պատրաստակամութիւնը տէր կանգնելու իրենց կատարած խմբագրութիւններուն ու քննարկման էջերուն վրայ մատնանշումներուն։ Այսպիսով, տարբեր յօդուածներու մէջ քու ներդրումներդ եւ քննարկման էջերդ աւելի մեծ կարեւորութիւն կը ստանան։
- Որոշ էջեր, ինչպիսին է օրինակի համար ա՛յս էջը, խմբագրութենէն առաջ օգտագործողներէն կը պահանջեն, որ անոնք հաստատեն իրենց ինքնութիւնը։ Արձանագրուած այն օգտագործողները, որոնք Ուիքիփետիայի միացած են խմբագրումէն առ նուազն չորս օր առաջ եւ արդէն իսկ կատարած են տասը խմբագրում, ինքնաբերաբար ունին այսօրինակ էջերը խմբագրելու իրաւունք, որ սակայն չի տրամադրուիր չարձանագրուած օգտագործողներուն՝ անկախ իրենց կատարած խմբագրումներուն քանակէն ու կարեւորութենէն։
- Միայն արձանագրուած օգտագործողները իրաւունք ունին դառնալ գործավարներ (sysop)։
Եթէ որոշես արձանագրուիլ, միշտ պէտք է յիշես քու օգտագործողի անունդ եւ գաղտնաբառդ։ Եթէ կայ այս երկու տուեալները մոռնալու հաւանականութիւն, արձանագրուելու ժամանակ անպայման նշէ՛ քու ե-նամակի հասցէդ, որպէսզի ուժի մէջ եղող գաղտնաբառդ մոռնալու պարագային նամակատուփիդ ուղարկուի նոր գաղտնաբառ։
Արձանագրուելու համար սեղմել այստեղ
Ինչպէս արձանագրուիլ
[Խմբագրել աղբիւրը]Արձանագրուելու համար սեղմել վերը նշուած յղումը եւ կամ որեւէ էջի վերի աջ անկիւնը զետեղուած մուտք գործել/ստեղծել հաշիւ յղումը։ Օգտագործողի անուն ընտրելէ եւ արձանագրուելէ ետք դիւրին չէ զայն փոխել, այնպէս որ օգտագործողի հաշիւ ստեղծելէ առաջ յանձնարարելի է կարդալ օգտագործողի անունին մասին կանոնագիրը։