Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/07-2020

Ինքնադիմանկար, Փարիզ, 1887

Վինսընթ  Ուիլիըմ  վան Կոկ, հոլանտացի նկարիչ: Արեւմտեան արուեստի պատմութեան ամէնէն նշանաւոր եւ ամէնէն ազդեցիկ դէմքերէն  մէկը: Տասը տարուան  ընթացքին ստեղծած է արուեստի շուրջ  2,100 գործ, որոնցմէ` 860-ը իւղաներկ. անոնց մեծ մասը նկարիչը ստեղծած  է իր կեանքին վերջին երկու տարիներուն: Նկարները դիմանկարներ են, բնանկարներ, ինքնադիմանկարներ, որոնք կը բնորոշուին համարձակ գոյներով, արտայայտչականութեամբ, ինչ որ նպաստած է ժամանակակից արուեստի սկզբունքներու հաստատման: Վան Կոկի անձնասպանութիւնը 37 տարեկան հասակին  հետեւանք է հոգեկան հիւանդութեան ու աղքատութեան:

Վան Կոկ սկսած  է նկարել մանկութենէն, եղած է լուրջ, հանգիստ ու խոհուն երեխայ մը: Երիտասարդ տարիքին  աշխատած է արուեստի գործեր վաճառող, յաճախ ճամբորդած է, սակայն վհատութիւն ապրած է, երբ զինք տեղափոխած են Լոնտոն: Ան  իբրեւ բողոքական հոգեւորական հանդէս եկած է Պելճիքայի հարաւը: Նկարիչը եղած է մինակ ու հիւանդ: 1881-ին, երբ տուն  վերադարձած է  ծնողքին քով, իր կրտսեր եղբայրը` Թէօ վան Կոկ (Theo), նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերած է իրեն: Հետագային եղբայրները նամակագրական երկարատեւ  կապ պահպանած են իրարու հետ: Վան Կոկի վաղ շրջանի նկարները, հիմնականին մէջ բնանկարներ եղած են եւ գիւղացիներու  պատկերներ․․․ Աւելին