Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/08-2023

  • Ինը օրուան սկաուտական յայտագիրներէ ետք, Շաբաթ, 29 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ իր աշխատանքները աւարտեց համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումը։
  • Յունաստանի կլիմայի փոփոխութեան եւ քաղաքային բնակչութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը վտանգի բարձրագոյն` կարմիր մակարդակ յայտարարած է Հռոդոս կղզիին մէջ: Ծայրայեղ տաքին պատճառով անտառային հրդեհները այնտեղ կը շարունակուին արդէն շուրջ մէկ շաբաթէ ի վեր:
  • Վերջերս տեղի ունեցած է «Մենհեթըն» միջազգային երաժշտական մրցոյթը, որու ընթացքին երիտասարդ արուեստագէտներու անուանակարգին մէջ դափնեկիր դարձած է հայազգի 19-ամեայ քլարինէթահար Էտուարտ Խորոզեան։