Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/03-2024

  • Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ տեղի ունեցած ջրային մարզաձեւերու աշխարհի ախոյեանութեան մրցաշարքին Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ լողարշաւի եւ ջրացատկի մրցումներուն:
  • «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի հեղինակած «Հայկական ազգագրական պատկերներ. տեսիլք, կամք եւ յոյս» հատորին շնորհահանդէսը:
  • Ֆրանչիսկոս պապը հանդիպեցաւ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն, որոնք Հռոմի մէջ գումարեցին իրենց հերթական սիւնհոդոսը` գլխաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին:
  • Ֆրանսայի ազգային հերոս Միսաք Մանուշեանի աճիւնները 21 Փետրուար 2024-ին, նահատակութենէն ութսուն տարի ետք, պետական բարձրագոյն մակարդակով, ամփոփուած է Փարիզի պանթէոնին մէջ: Ան օտարազգի առաջին գործիչն է, որ մուտք կը գործէ Ֆրանսայի մեծութիւններու աճիւնները ամփոփող պանթէոն