Ոջլոտութիւն

Ոջլոտութիւնը վարակիչ եւ համատարած հիւանդութիւն մըն է, որ կը պատահի ամէն տարիքի. անոր վարակումը կը պատահի անթեւ եւ արիւն ծծող միջատի մը միջոցաւ, որ կը կոչուի ոջիլ (louse)։ Կան ոջիլի երեք տեսակներ, որոնք կ՚ապրին մարմնի երեք տարբեր մասերուն մէջ՝ գլուխ, ընդհանուր մարմին եւ սեռային արտաքին օրկաններու շրջապատ կամ ցայլք (pubis)։ Գլխու եւ ցայլքի ոջիլը կ՚ապրի վարակուած անհատին վրայ իսկ ընդհանուր մարմնի ոջիլը կ՚ապրի վարակուած անհատին հագուստներուն եւ անկողինին վրայ։

Գլխու Ոջլոտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս վարակը կը պատահի ընդհանրապէս դպրոցական տարիքի մէջ գտնուող տղոց եւ աղջիկներու մօտ, առաւելաբար աղջիկներու մօտ, սակայն ան կրնայ պատահիլ որեւէ տարիքի եւ որեւէ տեղ։ Ան հազուադէպ է սեւամորթներու մօտ։ Գլխու ոջիլը կը փոխանցուի անձէ անձ մազերու անմիջական շփումով։ Յստակ փաստեր չկան առողջ անձի մը վարակումին եթէ ան գործածէ վարակուած անձին սանտրը, մազի վրձինը եւ կամ գլխարկը, սակայն յայձնարարելի է հակառակը։ Անհատի մը չքաւորութիւնը, վատ առողջապահական կացութիւնը, ուսումը եւ զարգացումը ոչ մէկ դեր կը խաղան գլխու ոջիլի վարակումին հետ. ոջլոտութիւնը աղտոտութեան հետեւանքը չէ։ Ոջիլները կը տեղաւորուին եւ կը կառչին գլխու մազերուն, յօնքի, թարթիչներու եւ մօրուքի վրայ. անոնք կը բազմանան շատ արագ եւ կը ձգեն իրենց մոխրագոյն անիծները (nits) մազերու ցօղուններուն վրայ։ Իւրաքանչիւր ոջիլ կ՚արտադրէ 3-5 անիծներ, որոնք աւելի նշմարելի կ՚ըլլան քան ոջիլները։

Գլխու ոջլոտութեան միակ ախտանշանը հետեւեալն է՝ գլխու, մօրուքի, յօնքերու եւ թարթիչներու սուր քերուըտուք։ Անոր ախտաճանաչումը կ՚ըլլայ տեսնելով ապրող ոջիլները եւ անոնց մոխրագոյն եւ կամ բաց սրճագոյն անիծները որոնք առաւելաբար եւ շատ դիւրութեամբ կը տեսնուին ծոծրակին վրայ եւ ականջներուն ետեւը։ Յաճախ վարակուած երեխային անկողինին, բարձին եւ սաւանին վրայ նշմարելի կ՚ըլլան ոջիլները եւ անոնց անիծները։

Այս ախտին դարմանումը շատ պարզ է։ Կան յատուկ ոջիլասպան օծանելիքներ (ointments) եւ շամփուներ (shampoo), որոնք կը հարուածեն ոջիլները եւ վերջնականապէս կ’ոչնչացնեն ոչ միայն ոջիլները այլ նաեւ անոնց անիծները։ Այս դեղերով նախ պէտք է շփել մազերը քանի մը վայրկեան, ետքը ձգել մազերը ծածկուած ոջլասպան դեղով մօտաւորապէս 10 վայրկեան եւ ապա առատ ջուրով լուալ ամբողջ գլուխը։ Յանձնարարելի է որ ընտանիքի բոլոր անդամներն ալ լուան իրենց գլուխները նմանօրինակ շամփուներով։ Չմոռնալ նաեւ լուալ ենթակային անկողինին սաւանը եւ բարձի երեսը 60-70 սանդիկրատ ջերմաստիճան ջուրով։

Դպրոցներու վերամուտին գլխու ոջլոտութիւնը յաճախակի երեւոյթ է եւ երբեմն ահազանգային։ Աշակերտի մը ոջլոտութիւնը կրնայ փոխանցուիլ անոր ընկերներուն շատ դիւրաւ, պարզապէս խաղի ընթացքին իրարու դպչելով եւ մազերու շփումով։ Ծնողներ պէտք չէ անհանգիստ ըլլան եւ պէտք չէ մտահոգուին, երբ տնօրէնութիւնը զիրենք տեղեակ պահէ դպրոցին մէջ յայտնաբերուած գլխու ոջլոտութեան պատահարէն, այլ անոնք շնորհակալ ըլլալու են տնօրէնութեան գիտակից եւ արթուն հսկողութենէն։

Ընդհանուր Մարմնական Ոջլոտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս ոջլոտութեան պարագային ոջիլները կ՚ապրին վարակուողին հագուստներուն եւ անկողինին վրայ եւ ոչ թէ անոր մարմնին վրայ։ Վարակումը կը պատահի ընդհանրապէս երիտասարդներու եւ տարեցներու մօտ, որոնք կ՚ապրին առաւելաբար տնտեսապէս աղքատ խմբաւորումներու եւ խճողուած հաւաքավայրերու մէջ, օրինակ՝ անտուն եւ անտէր մարդոց մօտ, բանակային-զինուորական խումբերու մէջ, բանտարկեալներու մօտ, սկաուտական բանակավայրերու մէջ եւ ընկերային ու ժողովրդային մեծ հաւաքավայրերու մէջ։ Առողջ անհատ մը կը վարակուի գործածելով վարակուած անձի մը հագուստները եւ կամ անոր անկողինը։ Ոջիլները կ՚ապրին ընդհանրապէս ուսերու, յետոյքի եւ փորի մազերու ցօղուններուն վրայ, ուր կը ձգեն իրենց մոխրագոյն անիծները։ Այս ոջլոտութեան ախտանշանները հետեւեալներն են՝ մարմնական տեղայնական քերուըտուք, մորթի կարմրագոյն խայթուածքի նշաններ եւ երկրորդական բորբոքումներու հետքեր։ Անոր ախտաճանաչումը դարձեալ շատ պարզ է՝ ոջիլներուն եւ անոնց անիծներու ներկայութիւնը մարմնի զանազան բաժիններու մազերուն վրայ. իսկ դարմանումը կ՚ըլլայ գործածելով ոջիլասպան օծանելիքներ եւ շամփուներ։ Մարմնական ոջլոտութիւնը կանխարգիլելի է՝ չգործածելով վարակուած անձի մը հագուստները եւ անոր անկողինը։

Ցայլքի Ոջլոտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցայլքի ոջլոտութիւնը առաւելաբար կը տեսնուի երկու սեռերու երիտասարդներու եւ պատանիներու մօտ։ Առողջ անհատ մը կը վարակուի այս ոջլոտութեամբ, երբ ան սեռային անմիջական յարաբերութիւն ունենայ վարակուած անձի մը հետ եւ կամ գործածէ անոր անկողինը, հագուստները եւ անձեռոցները։ Ոջիլները, որ յաճախ կը կոչուին ցայլոջիլ, կ՚ապրին ցայլքի մազերու ցօղուններուն վրայ եւ հոն կը ձգեն իրենց անիծները։ Անոնք կրնան տեսնուիլ մարմնի այլ տեղեր ալ։ Այս ոջլոտութեան ախտանշաններն են՝ քերուըտուք, մորթային սկրթումներ եւ փշտիկներ՝ հոս ու հոն եւ տեղայնական աւշագեղձերու յայտնաբերում։ Անոր ախտաճանաչումը դարձեալ պարզ է՝ տեսնելով ոջիլները եւ անոնց անիծները մազերու ցօղուններուն վրայ ինչպէս նաեւ մորթին եւ հագուստներուն վրայ. իսկ անոր դարմանումը կ՚ըլլայ գործածելով ոջլասպան օծանելիքներ։ Հոս կարեւորութեամբ կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ վարակուած անձի մը սեռային ընկերակիցը անպայման նոյնանման դարմանումի պէտք է ենթարկուի։ Այս ոջլոտութիւնն ալ կանխարգիլելի է՝ չունենալով սեռային յարաբերութիւն վարակուած անձի մը հետ եւ չգործածելով անոր անկողինը եւ հագուստները։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Բժիշկին Բ․ Խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, էջ 143-145։