Շուշանիկ Պօշնակեան
Շուշանիկ Պօշնակեան, (1888, Պոլիս - 1978, Պոլիս) նկարիչ, ուսուցիչ
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է որպէս հինգերորդ զաւակը՝ իրաւաբան Յակոբ եւ Շուշան Պօշնակեաններու։
1908ին Էսաեանի լրացուցիչը կ՛աւարտէ։ Կը հետեւի Փարիզի Գեղարուեստից Ակադեմին՝ Ecole Des Beaus Arts Peinture, ֆրանսացի վարպետներու մօտ կը կատարելագործէ իր արուեստը։ Առաջին ուսուցիչն է Փանոս Թէրլէմէզեան։
Պոլսոյ Պաքըրգիւղ թաղամասին մէջ ունեցած է իր մասնաւոր աշխատանոցը։ Ուսուցչագործած է Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի մէջ (1928-1933)։ Բնակչութիւն հաստատած է նաեւ Զուիցերիա, Մարսիլիա յաճախակի այցելելով Պոլիս․․․
Մաս կազմած է ընկերային եւ մշակութային գործունէութիւններուն, Ս․ Փրկիչ Ազգ․ Հիւանդանոցի, Պաքըրգիւղի Աղքատախնամ մարմիններուն։
1970ականներուն բոլորովին հաստատուած է Պոլիս։ Մասնակցած է ցուցահանդէսներուն։ Կը գտնուի իւղաներկ կենդանագիրները, ծովանկարները, բնանկարները ու արեւելեան տեսարանները։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Կինը Մշակութային եւ Հասարակական Կեանքի Մէջ, Հրակատարակութիւն Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի, Պոլիս, 2023