Շմաւոն Դանիէլեան
Շմաւոն Դանիէլեան | |
---|---|
Մասնագիտութիւն | թարգմանիչ |
Դանիէլեան Շմաւոն, թարգմանիչ, բնիկ Գարամանցի, զաւակը խոնարհ ընտանիքի մը: Իր միջնակարգ ուսումը ստացած է Գոնիայի Ճէնանեան Գոլէճին մէջ։ 1915-ի ընդհ. պատերազմի շրջանին կը միանայ անգլիական բանակին, իբրեւ պարզ թարգման, բազմաթիւ ուրիշ Հայերու հետ: Զինադադարէն ետք շատեր կը հանուին իրենց պաշտօնէն եւ ոմանք ալ կը լքեն իրենց ասպարեզը. սակայն պ. Դանիէլեան, արդէն հասած զինուորական բարձր աստիճանի, մեծապէս կը գնահատուի իր գերադաս մարմիններէն, շնորհիւ իր անբիծ եւ անկաշառ նկարագրին: Աշխատած է առաւելապէս Միջաետքի շրջանին մէջ, զինադադարին եւ անկէ ետք, ուր հանդիսացած է իբրեւ աննկուն պաշտպանը հայ դաղթականութեան: Դանիէլեան բաւական ատենէ ի վեր Եաֆա հաստատուած է. իր զինուորական ծառայութեան 20 ամեակի առթիւ 1936-ին՝ ոչանգլիացիի համար բացառիկ աստիճանի է հասած՝ շնորհիւ իր հաւատարմութեան եւ ստացաւ բարձր շքանշան մը - «Անդամ Բրիտանական Կայսրութեան կարգին»: Այս պարագան 12 Յունուար 1937-ին պաշտօնագրով մը իրենց հաղորդուեցաւ վարչապետ Պոլտուինի անձնական քարտուղարին կողմէ: Երկրորդ պաշտօնագիրով մ’ալ թագաւորին անձնական քարտուղարէն ստորագրուած՝ հաղորդուեցաւ թէ՝ 19 Փետրուար ին Պըքինկհէմ պալատին մէջ պիտի կայանայ նշանաբաշխութեան արարողութիւն մը, ուր թագաւորը անձամբ պիտի բաշխէ շքանշանները, եւ առ այդ Քէփթըն Դանիէլեան ալ կը հրաւիրուի ներկայ գտնուելու յիշեալ արարողութեան:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 583: