Շէյ Միչըլը ծնած է Թորոնթօ, Քանատա[2], 1987 թուականին[3]: Հայրը՝ Մարքը, ունի Իրլանտական արմատներ, իսկ մայրը՝ Կարսիան՝ Ֆիլիփինական[4]: Փոքր տարիքէն, Շէյը հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է արուեստի ու դերասանութեան մասնագիտութեան հանդէպ եւ 7 տարեկանին յաճախած է պարի դասընթացնքներու եւ կատարած է բազմաթիւ համերգներ[5]:
Շէյ իր պատանեկան տարիքին արդէն կատարած էր բազմաթիւ նկարահանումներ տարբեր ընկերութիւններու համար եւ այս իր գործընթացով ճամբորդած էր տարբեր երկիրներ, ինչպէս՝ Հոնկ Քոնկ եւ Պարսելոնա[6]: Ապա վերադարձած է Թորոնթօ, որպէսզի հետեւի դերասանութեան մասնագիտութեան:
Դեկտեմբեր 2009 թուականին ան ABC Family-ին կողմէ որոշուեցաւ, որ կատարէ Էմիլի Ֆիլտզին կերպարը Pretty Little Liars հեռուստաշարին մէջ։ Սկիզբը Շէյը որոշած էր կատարել Սփենսըր Հէյսթինկզին[7] կերպարը (ուրիշ գլխաւոր կերպար մը), բայց այդ դերը կատարեց Թրոյան Պելառիսիոն[8]:
Pretty Little Liars հեռուստաշարը կը բաղկանայ 7 բաժիններէ: Հեռուստաշարին քննադատումները խառնուրդ են լաւի եւ վատի միջեւ[8]: