Jump to content

Շարժակներ եւ Շարժընթացներ

Շարժակը, (moteur) մեքենայ մըն է որ վառելանիւթին մէջ գտնուող ուժանիւթը կը վերածէ ինքնաշարժը, մոթոսիքլեթը կամ գնացք տեղափոփոխ ուժի:

Շարժընթացը (Boite de vitesse) կարելի կը դարձնէ որ ինքնաշարժը արագօրէն սուրայ առանց շարժակին արագ հոլովումին: Ծնկաձեւ լիսեռը մխոցներուն երթուդարձ շարժումը կը վերածէ հոլովական շարժումի որ կը փոխանցուի շարժիչ բունին:

Հեծանիւի մը շարժընթացները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հեծանուորդը հեծանիւը յառաջ կը մղէ՝ առջեւի ատամնանիւին առանցքին վրայ հաստատուած ոտնակներու միջոցաւ: Շղթայ մը կը միացնէ այդ մեծ ատամնանիւը ետեւի անիւին առանցքին վրայ հաստատուած փոքր ատամնանիւին: Այդպէսով ետեւի անիւը ոտնակներէն աւելի արագ կը դառնայ եւ հեծանիւը յառաջ կը մղէ մեծ արագութեամբ:

Ներքին Այրման Շարժակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կառքերու շարժակներուն մեծամասնութիւնը կը պատկանի ներքին այրման տեսակին: Օդ-պենզին խառնուրդը կը պայթի՝ մղելով մխոգները որ շարժիչ բունը դարձնեն:

Ելեկտրական Շարժակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ելեկտրական շարժակաները կը գործածուին արդիւնաբերութեան մէջ եւ կարգ մը փոխադրամիջոցներու պարագային՝ մեթրօ, գնացք, ինքնաշարժ...

Տիզել շարժակի մը աշխատելակերպը որոշ չափով կը նմանի պենզինի շարժակինին, միայն առանց ելեկտրական կայծատուի: Կազիւղի խառնուրդը այնքան զօրաւոր կերպով կը ճնշուի որ ջերմաստիճանը բաւարար չափով կը բարձրանայ առանց կայծի պայթելու համար:

Շարժակ՝ չորս եղանակով

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շարժակի իւրաքանչիւր մխոց կը կատարէ երթուդարձի շարժում մը շարունակական չորս եղանակով շրջանառութեան մը հիման վրայ.- ներթողում, ճնշում, պայթում եւ արտաքսում:

Ներթողման կափարիչը կը բացուի եւ մխոցը կ'իջնէ գլանին յատակը՝ ներծծելով օդ-պենզին խառնուրդը:

Ներթողման կափարիչը կը գոցուի: Մխոցը վեր կ'ելլէ ճնշելով օդ-պենզին խառնուրդը:

Կափարիչները փակ են: Կայծատուին կայծը կը պայթեցնէ այդ խառնուրդը՝ ինչ որ մխոցը ուժգին կերպով վերստին դէպի վար կը մղէ:

Արտաքսման կափարիչը կը բացուի, մխոցը վեր կ'ելլէ եւ կ'արտաքսէ այրումի կազերը:

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿՍ 2001-2002 ԻՆՉՊԷ՞Ս Կ'ԱՇԽԱՏԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ CCM