Jump to content

Շարահիւսուածքային Յօդաբորբ

Շարահիւսուածքային Յօդաբորբ կամ Rheumatoid Arthritis պզտիկ յօդերու բորբոքումն է, որ ոչ-մանրէական բնոյթ ունի: Այս տեսակի յօդաբորբը կը հարուածէ մարմնի զանազան մասերը, որոնցմէ են՝ ձեռքի, ոտքի, դաստակի, ողնոսկորներու, ծունկի եւ արմուկի յօդաւիշային յօդերը:

Շարահիւսուածքային յօդաբորբի զանազան մասերը մարմնին վրայ:

Այս տեսակի յօդաբորբը աւելի յաճախակիօրէն կը յայտնուի 40 տարեկանէն ետք, եւ ընդհանրապէս կիներու մօտ:

Ձեռքի Շրահիւսուածքային Յօդաբորբ

Շարահիւսուածքային յօդաբորբը որոշ ծինային բնոյթ ունի, սակայն անոր բուն պատճառը յաճախ անյայտ կը մնայ: Տարբեր տեսակի ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան թէ այս մէկը մարմնի ինքնավարակամերժութեան (autoimmunity) խախտման արդիւնքն է, որուն ընթացքին մարմնի վարակամերժութիւնը կ'աշխատի մարմնին դէմ, եւ յատկապէս յօդերուն դէմ, այսինքն՝ կը պայքարին յօդի շրջապատի հիւսուածքներուն, յօդի աճառային հիւսուածքին եւ ոսկորներու ծայրամասային մակերեսներուն դէմ:

Շարահիւսուածքային յօդաբորբը ունի երկու ժամանակաշրջաներ՝ սուր բորբոքումի շրջան եւ ախտանշաններէ զուրկ շրջան մը: Շարահիւսուածքային յօդաբորբը կը սկսի սուր բորբոքումով, կը տեւէ օրեր կամ շաբաթներ.

  • Յօդի Կարմրութիւն
  • Տաքութիւն
  • Ցաւ
  • Ուռեցք
  • Մարմնական Յոգնածութիւն
  • Ախորժակի Նուազում
  • Մկանային Ցաւ

Սուր բորբոքումի շրջանին կը յաջորդէ ախտանշաններէ զուրկ շրջանը, որմէ ետք յօդաբորբի բորբոքումը մնայուն կերպով կը շարունակուի տարիներ, եւ որոշ ախտանշաններ մնայուն կերպով ներկայ կ'ըլլան հիւանդին մօտ: Մնայուն ախտանշաններն են.

  • Յօդի ցաւ
  • Յօդի ուռեցք
  • Յօդի պնդութիւն
  • մասնակի կամ ամբողջական անշարժութիւն

Շարահիւսուածքային յօդաբորբի ախտաճանաչումը կը կատարուի երկու տարբեր ձեւերով, որոնցմէ են.

Շարահիւսուածքային գործոնի գոյութիւն արեան մէջ
  1. Շարահիւսուածքային գործօնի (Rheumatoid factor, RF) ներկայութիւնը արեան մէջ, որ թիւով կը բազմանայ շարահիւսուածքային յօդաբորբի ատեն:
  2. Յօդերու անդրձայնային (ultasonic), համակարգչային շերտագրական (CT Scan) եւ մաքնիսարձագանգային (MRI) նկարումեր, որոնք կարողութիւնը ունին յայտնաբերելու յօդերու ոսկորային ուռեցք, մաշում, թուլացում եւ սահում:


Ախտաբանական Փոփոխութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բնական յօդ եւ շարահիւսուածքային յօդաբորբի տարբերութիւն

Շարահիւսուածքային յօդաբորբի զարգացման պարագային տարբեր տեսակի ախտաբանական փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան:

  1. Նախ յօդերուն շուրջ գտնուող յօդապատեանին երկու շերտերը կ'ախտահարուին,
  2. Ապա յօդապատեանին ներքին շերտի յօդաւշապատեանի բջիջները կը ծաւալին եւ աւելի մեծ քանակութեամբ յօդաւշապատեանային հեղուկ կ'արտադրեն, ինչ որ պատճառ կը դառնայ ոսկորներու ծայրամասերու բորբոքումին,
  3. Որոշ շրջան մը ետք տեղի կ'ունենայ յօդի աճառային հիւսուածքի հիւծում-մաշում,
  4. Այս բոլոր ախտաբանական երեւոյթներուն իբրեւ հետեւանք ոսկորներու մասերը կը միաձուլուին եւ տեղի կ'ունենայ ոսկորի մասնակի եւ կամ ամբողջական անշարժութիւն եւ ձեւափոխում, որուն հետեւանքով տեղի կ'ունենայ մկաններու տկարութիւն եւ ոսկորներու հիւծում:

Այլ Բորբոքումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շարահիւսուածքային յօդաբորբը մարմնական համայնական հիւանդութիւն մըն է. անոր հետ միատեղ կան պարագաներ երբ մարմնին զանազան այլ անդամներն ալ կ'ախտահարուին, եւ պատճառ կը դառնան այլ հիւանդութիւններու, որոնցմէ են օրինակ.

Այս անդամներու ախտահարումին պատճառով ի յայտ կու գան այլ տեսակի ախտանշաններ, որոնցմէ են՝

Շարահիւսուածքային յօդաբորբը վերջնական դարման մը չունի, սակայն կան տարբեր միջոցներ՝ բարելաւելու համար յօդերու շարժումը եւ մեղմացնելու համար յօդացաւը: Այդ միջոցներէն են հետեւեալները.

Ցաւաբեկ դեղեր
Մարզանք
Սննդականոն


  • «Բժիշկին Դ. Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հապոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 20 Ապրիլ 2014, էջ 49-51: