Jump to content

Շանել 2.55 Պայուսակներ

Շանել 2.55 ստեղծած է Գօգօ Շանելը Փետրուար 1955-ին: Հետեւաբար 2.55 թիւը կը խորհրդանշէ պայուսակին ստեղծման ամիսն ու տարին[1]:

Անուանի ոճաբանը ուսէն կախուող պայուսակ մը ստեղծելու միտքը կը յղանայ` ոգեշնչուելով այդ օրերու զինուորականներու պայուսակներէն, որ կը կոչուի Շանել` իր իւրայատուկ ցցուն կարերով, շղթայ կապով եւ Շանելի անուան սկզբնատառերը կրող փականով[2]:

Պայուսակը կը ստեղծուի երեք տարբերակներով` տարբեր ժամերու եւ առիթներու յարմարելու նպատակով: Ամէնէն աւելի կ'ընդհանրանայ գառնուկի մորթով պատրաստուած տարբերակը` նախատեսուած առօրեայ գործածութեան համար:

Պայուսակը ունի նաեւ գործնական յատկութիւններ, քանի որ օժտուած է 7 գրպաններով, որոնցմէ մէկը` շրթներկի, հատ մըն ալ գաղտնի թուղթեր պահելու համար:

Երբ Փետրուար 1955-ին Շանել 2.55 շուկայ կ'իջնէ, առաջին կրողները կ'ըլլան Ճեքի Քենետին եւ Էլիզապէթ Թէյլըրը:

Այնուհետեւ պայուսակը կորդեգրեն անուանի աստղեր, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ բոլոր անոնք, որոնք միջոցը ունէին զայն ձեռք բերելու:

Շանել 2.55 բնօրինակը ունեցողները կը նկատեն, որ պայուսակին ներսի բաժինը գինեգոյն տուպլիւրով ծածկուած է, քանի որ Գօգօ Շանելին որբանոցի տարազը այդ գոյնի էր[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]