Jump to content

Նուարսակի Դաշինքը

Նուարսակի Դաշինք, 484 թուականին Վահան Մամիկոնեանի եւ պարսկական արքունիքի ներկայացուցիչ Նիխոր զօրավարին միջեւ, Պարսկահայքի Նուարսակ բնակավայրին մէջ կնքուած պայմանագիր, որմով վերջ դրուեցաւ 481-84 թուականներու ապստամբութեան։

Պերոզ ինկած էր կռիւի ընթացքին եւ գահ բարձրացած էր անոր եղբայրը՝ Վաղարշ։ Ան հաշտութիւն կնքած էր քուշաններուն հետ, անոնց զիջելով երկու նահանգներ։ Այս պայմաններուն մէջ ան անիմաստ գտաւ կռիւը շարունակել Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ եւ Տիզբոն կանչեց Շապուհ մարզպանն ու բանակին հրամանատարը։ Մինչ այդ, մանրամասն տեղեկանալէ ետք Հայաստանի եւ Վրաստանի կացութեան մասին, Վաղարշ յայտնեց վերջ տալու հայկական տագնապին, որ սուր բնոյթ ստացած էր եւ կրնար յանգիլ Հայաստանի բաժանման։ Ուստի, 484-ին, Նիխոր անունով մեծ պաշտօնատարի մը գլխաւորութեամբ ան պատգամաւորութիւն մը ղրկեց Հայաստան՝ բանակցելու եւ հաշտութիւն կնքելու նպատակով։

Հայկական զօրքերու հրամանատար Վահան Մամիկոնեանի տուն վերադարցած ճակատամարտէն ետք (481-484)։ Ճուլիան Զասսոյի նկար, XIX դար

Նիխոր խոհեմաբար չմտաւ Հայաստանի սահմաններէն ներս, այլ Հեր գաւառի Նուարսակ գիւղէն պատգամաւորներ ղրկեց ու իր մօտ հրաւիրեց Վահանը: Այս վերջինը նախ պատգամաւորութիւն մը ղրկեց ընդունելու համար իր պայմանները, ապա պահանջեց որ պարսիկ մեծամեծներ պատանդ ղրկուին իրեն։

482-484 թվականներին հայ ժողովուրդը կրկին կ'ապստամբի Սասանեան Պարսկաստանի ու անոր կրօնափոխութեան քաղաքականութեան դէմ։ Հայ նախարարները Դուինի մէջ կառավարութիւն կը կազմեն, մարզպան կը նշանակուի Սահակ Բագրատունին, զինք կոչելով «Տանուտէր Հայոց», իսկ սպարապետ կը նշանակուի Վահան Մամիկոնեանը։ Անոնց կը միանայ Վաղարշապատ գտնուող Յովհաննէս Մանդակունի կաթողիկոսը։ Առաջին կարեւոր գործը կ'ըլլայ Դուինի մէջ զրադաշտական համայնքի վերացումը, որմէ յետոյ զայն կը դարձնեն Մեծ Հայքի մայրաքաղաք։ Այստեղ կը տեղափոխուի նաեւ հայոց կաթողիկոսարանը։ Հայերուն կողմէ փախուստի մատնուած Ատրվշնասպ մարզպանը 7000-նոց զօրքով կրկին կը ներխուժէ Հայաստան, բայց հայ ապստամբները Վահան Մամիկոնեանի գլխաւորությամբ 400 հեծեալներով, Մասիս լեռան ստորոտը գտնուող Ակոռի գիւղի մօտ կը յաղթեն պարսիկներուն, իսկ Ատրվշնասպ մարզպանը կը սպաննուի։ Գարնան պարսից Պերոզ արքան Հայաստան մեծ բանակ կ'ուղարկէ։ Սպարապետ Վահան Մամիկոնեանը հայկական 30.000 հոգինոց կազմուած զօրքով Արտազ գաւառի Ներսեհապատ գիւղի մօտ յաղթանակ կը տանի պարսկական բանակի նկատմամբ։ Տիզբոնի մէջ պատանդութենէն Հայաստան կը փախչի Վահան Մամիկոնանի կրտսեր եղբայր՝ Վարդ Մամիկոնեանը։ Հայերը օգնութեան կը հայցեն վրաց Վախթանգ թագաւորէն։ Հայ-վրացական միասնական բանակը զօրապետ Միհրանի դէմ կռիւի ընթացքին պարտութիւն կը կրէ։ Այս ճակատամարտին կը զոհուին Սահակ Բագրատունին, Վասակ Մամիկոնեանը եւ ուրիշներ։ Վահան Մամիկոնեանը մնացեալ զօրքով կ'ամրանայ Տայքի մէջ։ Հայաստան եկած Միհրանը հաշտութիւն կ'առաջարկէ, սակայն անոր շուտով ետ կը կանչեն Պարսկաստան։ Վահան Մամիկոնեանը զօրքով կը վերադառնայ Այրարատ, կ'երթայ Դուին, կը հռչակուի Հայոց մարզպան եւ «Տանուտէր Հայոց»։ 483 թուականի գարնան պարսկական բանակը Ատրպատականէն կը ներխուժէ Հայաստան՝ հասնելով Արտաշատ։ Վահան Մամիկոնեանի զօրքը կրկին կ'ապաստանի Տայք եւ Խաղտիք։ Պարսից բանակը կը հասնի Վահանի ետեւէն, սակայն հեփթաղներու յարձակման պատճառով, կը ձգեն Տայքը ու կ'ուղեւորուին Վրաստան՝ Շապուհ զօրավարը ձգելով Հայաստանի մէջ որպէս մարզպան։ Հայերը Արշամունիրք գաւառի Երեզ գիւղի մօտ պարտութեան կը մատնեն պարսիկները։ 484 թուականին Միջին Ասիոյ մէջ հոներն ու հեփթաղները կը յաղթեն պարսիկներուն, որու արդիւնքով Պերոզը կը սպաննուի։ Անկէ յետոյ Վահան Մամիկոնեան կը վերադառնայ Այրարատ՝ բարելաւելով եւ հզօրացնելով հայկական բանակը։

Նուարսակի Պայմանագիրի Պայմանները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դաշինքը կնքուեցաւ Վահանի առաջարկած հետեւեալ պայմաններով.-

  1. Կրօնական կատարեալ ազատութիւն հայերուն։ Ոչ ոքի պիտի պարտադրուի պարսկական կրօնքը: Ատրուշաններ պիտի չշինուին Հայաստանի մէջ։
  2. Անարժան մարդիկ պատուի պիտի չարժանանան։
  3. Եթէ որեւէ տարակարծութիւն ծագի, կամ մէկը ամբաստանուի արքայից արքան ամէն մարդու խօսքին հաւատք պիտի չընծայէ, այլ՝ անձամբ տեղեկանայ խնդրին։ Հայ նախարարները իրաւունք պիտի ունենան դիմելու ուղղակի իրեն։
  4. Հայաստանի օրինաւոր տէրը արքայից արքան է։ Հայաստան կ'ընդունի պարսկական գերիշխանութիւնը իր վրայ։

Վահան Մամիկոնեանի դրած այս պայմանները ընդունուեցան թէ՛ Նիխորի եւ թէ Վաղարշի կողմէ։

  • Հայոց Պատմութիւն, Հայաստան ու Հայութիւնը Գ.-ԺԳ. Դարերուն, Ա. Տպագրութիւն, Պէյրութ, 2009:
  1. (հայերեն) Նվարսակի պայմանագիր, 2024-12-20, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%86%D5%BE%D5%A1%D6%80%D5%BD%D5%A1%D5%AF%D5%AB_%D5%BA%D5%A1%D5%B5%D5%B4%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%A3%D5%AB%D6%80, վերցված է 2025-03-24