Նորայր Էլսայեան
Նորայր Էլսայեան Նորայր Էլսայեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1934 |
Ծննդավայր | Արաք, Պարսկաստան |
Մահացած է | 30 Մարտ 2021 (86 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստան |
Քաղաքացիութիւն | Իրան, Հայաստան |
Ազգութիւն | հայ |
Մասնագիտութիւն | ազգային-հասարակական եւ կրթական գործիչ |
Վարած պաշտօններ | «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր |
Նորայր Էլսայեան (1934, Արաք, Պարսկաստան - 30 Մարտ 2021, Երեւան, Հայաստան), իրանահայ վաստակաւոր ազգային-հասարակական եւ կրթական գործիչ, դաշնակցական գաղափարական նուիրեալ եւ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի երկար տարիներու գլխաւոր խմբագիր[1]։
Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նորայր Էլսայեանը ծնուած է 1934 թւականին Արաք քաղաքին մէջ։ Տարրական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի մէջ, իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը Թեհրանի պետական համալսարանի պատմութեան ֆակուլտետի մէջ՝ մանկավարժական թեքումով։ Դեռեւս պատանի տարիքէն մասնակցած է հայ ազգային-հասարակական կեանքին եւ անդամագրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեանը եւ իր ողջ կեանքի ընթացքին եղած է կուսակցութեան գաղափարներու անխոնջ կրողն ու հաւատարիմ զինուորը։
Գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Իր բեղմնաւոր ազգային-հասարակական կեանքի ընթացքին եղած է Թեհրանի Հ.Մ. «Սիփան», «Ռոստոմ» եւ Հայ ուսուցիչներու միութեան հիմնադիր անդամներէն։ Երկար տարիներ զբաղուած է մանկավարժութեամբ եւ նուիրուած մատաղ սերունդի դաստիարակութեան գործին։ Որպէս հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչ, փոխտեսուչ եւ տեսուչ պաշտօնավարած է Արարքի հայոց տարրական դպրոցին մէջ եւ Թեհրանի հայոց ազգային «Ռոստոմ», «Թունեան», «Նոր Անի» եւ «Աբրահամ Սողոմոնեան» դպրոցներուն մէջ։ Եղած է նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի հայերէնագիտական երեկոյեան դասընթացքներու տեսուչ եւ հայոց պատմութեան դասախօս։
1984-93, եղած է «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը։
1993-95, բնակութիւն հաստատած է Հայաստան, ապա երեք տարիով վերադարձած է Թեհրան, որմէ ետք կրկին տեղափոխուած է Հայաստան եւ վերջնականապէս հաստատուած հայրենիքի մէջ՝ շարունակելով իր ազգային-հասարակական եւ գաղափարական-կուսակցական գործունէութիւնը։
2002 թուականին Լոս Անճելըսի, Հ.Մ.Ը.Մ. Պըրպանքի «Սիփան» մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, նշուած է անոր ազգային-հասարակական եւ կրթական գործունէութեան 50-ամեակը։ 2013 թւականին Հ.Մ. «Սիփան» միութեան 50-ամեակի առիթով, միութեան դահլիճը անուանակոչուած է Նորայր Էլսայեանի՝ որպէս միութեան հիմնադիր անդամի անունով։