Նշան Քհնյ. Գզըլէօզեան
Նշան Գզլէօզեան | |
---|---|
Ծնած է | 1878 |
Մահացած է | 1928 |
Տ. Նշան Քհնյ. Գզըլկէօզեան(1878-1928), Ծնած է տէօրթեոլցի ծնողքէ, Նաճարլու գիւղլը 1878-ին։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն ծխական Վարժարանը, զոր աւարտելէ ետք, մտած է ազատ ասպարէզ ու Հետեւած՝ արհեստի։ Նիւթական վիճակը բարելաւելէ ետք պատրաստուած է ընտանիք կազմելու։
Կր պսակուի Տէօրթ Եօլի Նաճարլու գիւղր։ երեք զաւակներ՝ երկու մանչ եւ աղջիկ մը։ Իր կրօնասէր հոգին ու ազնիւ նկարագիրրը ուշադրութիւնը կր հրաւիրեն տեղւոյն թաղականութեան ու հայրենակիցներուն։ Ժողովուրդը հանրագրութեամբ իր կամքը կր յայտնէ եւ կ՛որոշէ զինք քահանայ ձեռնադրել տալ։ Ան կ՛ենթարկուի հայրենակիցներուն կամքին ու ձեոնադրութեան համար կր մեկնի Ատանա։
Քահանայական ձեոնադրութիւնը տեղի կ՚ունենայ ձեռամբ Սահակ կաթողիկոսի, Ատանայի մայր եկեղեցւոյ մէջ. 24 Մարտ 1913-ին, վերակոչուելով Տէր Նշան։
Քահանայական պատրաստութեան քառասնօրեայ ժամանակաշրջանը լրանալէ ետք, Տէր Նշան կր վերադաոնայ Նաճարլու ու կր ստանձնէ իր պաշտօնը։
Դժբախտաբար, քաղաքական աննպաստ պայմանները զինք երկար ժամանակ չեն թողուր հայրենակիցներուն մէջ, հազիւ երկուքուկէս տարի ծառայած՝ կր ներգաղթէ իր Ժողովուրդին հետ դէպի Հալէպ։ Բերիոյ Թեմի կրօնական Ժողովի տնօրինութեամր՝ Տէր Նշան երեքուկէս տարի կր ծառայէ Հալէպի տարագիրնևրուն։ Ապա կր ղրկուի Տէօրթ եօլ, ուր կը քահանայագործէ միայն մէկ տարի։ Տարագրութենէն ետք կը մեկնի Նաճարլու, ուր ծանր պայմաններուն մէջ իր Հայրենակիցներուն կրկին կր ծաոայէ երկու տարի։ Ապա, Ազգ. Առաջ֊նորդարանի տնօրինութեամր՝ մէկ տարուան Համար կր ղրկուի Իսկէնտէրուն, անկէ կ՛անցնի Պէյլան ու կը քահանայագործէ մինչեւ իր վախճանումը։
Իր ժողովուրղին տարագրութիւնը, հիւանդութիւնն ու չարչարանքով մահը կ՛անհանգստացնեն զինք ու ժամանակի ընթացքին կր քայքայեն իր առողջութիւն'ը։ Այնուհետեւ կ՚ապրի հիւանդ վիճակով։ Բժշկական քննութիւններր կը յայտնարերեն ճշգրիտ ախտաճանաչումը։ Ւ յայտ կու գայ, որ իր առողջութիւնն ու կեանքը վտանգող թշնամին՝ քաղցկեղն է, որ աղիքներուն մէջ տարածուած է։ Բժշկական բոլոր դարմանումները ապարդիւն կ՛անցնին։
Տէր Նշան իր աչքերր յաւիտենապէս կր փակէ աշխարհին 31 Մայիս 1928-ին, յիսուն տարեկանին։ Թաղման կարգն ու վերջին օծումը տեղի կ՚ունենան յաջորդ օր, տեղւոյն Ս.Սարգիս եկեղեցոյ մէջ եւ մարմինը կ՛ամփոփուի եկեղեցւոյ արտաքին գաւիթր[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 107-108։