Jump to content

Նիկողայոս Ալադաթեան

Նիկողայոս Ալադաթեան (1833, Թիֆլիս - 25 Յուլիս 1875, Թիֆլիս), հայ դրամատուրգ, Գայիանեան օրիորդաց ուսումնադիրներէն մէկը։


1856-ին աւարտելով Տփխիսի ճեմարանը (Կիմնազիումը), կ'անցնի Մոսկուա, ուր կ՛ամբողջացնէ ուսումը։ 60-ական թուականներուն Տփխիս կը դառնայ։ 1858-ին երբ խումբ մը պատանիներ թատերասիրաց խումբ կը կազմեն եւ հայերէն ներկայացումներ կ՛ուզեն ներկայացնել, ան կը գրէ կատակերգութիւն մը՝ «Վա՜յ իմ կորած 50 ոսկի» վերնագրով, որ երկար ժամանակ կը ներկայացուի հայ բեմի վրայ։

1868-ին Տփխիսի (Թիֆլիսի) քաղաքային ընտրութիւններուն կ'ընտրուի որպէս աւագ ներկայացուցիչ, եւ Երիմիա Արծրունիի հրաժարումէն ետք մէկ տարի քաղաքապետի պաշտօն կը վարէ։ 1869-ին միտք կը յղանայ Գայիանեան օրիորդաց ուսումնարան մը հիմնելու գաղափարը. կը մասնակցի հիմնադիրներու խումբին եւ կը սկսի աշխատիլ ուսումնարանի նիւթական ապահովութեան համար։ Կը մահանայ թոքախտով 25 Յուլիս, 1875-ին Տփխիսի մէջ։