Նէյմար


ՆԷյմար Տա Սիլվա Սանթօս Ճունիոր
փորթ.՝ Neymar
Ծննդեան անուն փորթ.՝ Neymar da Silva Santos Júnior
Ծնած է 5 Փետրուար 1992
Ծննդավայր Սան Փաուլու Պրազիլ
Քաղաքացիութիւն Պրազիլ
Մայրենի լեզու բրազիլիական պորտուգալերեն?
Մասնագիտութիւն ֆութպոլիստ
Երեխաներ Jhonatan?
Կայքէջ neymarjr.com(փորթ.)(անգլերէն)(սպան․)
Ստորագրութիւն

Նէյմար տա Սիլվա Սանթոս Ճունիոր, (փորթ.՝ Neymar da Silva Santos Júnior, ծնած է Փետրուար 5, 1992 թուականինՊրազիլցի ֆութպոլիստ, կը խաղայ Պարսէլոնայի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբերուն մէջ,

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նէյմարը «Պարսէլոնայի» կազմին մէջ, 1 Փետրուար, 2015

Նէյմարը ծնած է վաճառականներու ընտանիքի մէջ։ Ան ունէր նաեւ մէկ քոյր՝ Ռաֆայեէլան։ Նէյմարը 1999 թուականին ընդունուեցաւ «Սանթոս» ակումբի աքատեմին։ Դեռ երիտասարդ տարիքին ան հանդիպումներ կ'ունենար առաջին խումբի հետ։ Նէյմարով հետաքրքրուած էին Եւրոպական շարք մը ակումբներ՝ «Ռէալ Մատրիտը», «Արսենալը», «Պարսէլոնան», «ՉԷլսին» եւ «Մանչեսթըր Սիթին»։ Նէյմարը ընտանիքին հետ միասին տեղափոխուեցաւ Սան Փաուլու, ուր ընդունուեցաւ տեղի աքատեմին։ Անոր կնքեցին «Նոր Ռուպինիօ» մականունը։ Մասնագէտները անոր խաղը կը գնահատէին հրաշալի եւ անոր կը նկատէին իբրեւ ապագայ ֆութպոլի աստղ։ 12 տարեկանին Նէյմարը տեղափոխուեցաւ «Ռէալ Մատրիտի» աքատեմին, բայց կարճ ժամանակ անց վերադարձաւ Պրազիլ, ուր արդէն մաս կը կազմէր «Սանթոսի» աքատեմիին։ Ան Սանթոսի մէջ կրկին կը փայլէր եւ կը ցուցադրէր հրաշալի խաղ։ «Սանթոսի» ղեկավարութիւնը 1 միլիոն ռէալ կ'առաջարկէ Նէյմարի ընտանիքին, որ ֆութպոլիստը մնար ակումբի աքատեմին։ Ան նաեւ հրաւիրուեցաւ Պրազիլի Մ-15 տարեկաններու հաւաքականին եւ մասնակցեցաւ Հարաւային Ամերիկայի մրցաշարին։

Սանթոս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մրցաշրջան 2009[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2008 թուականին Նէյմարը կնքեց իր առաջին մասնագիտական պայմանագիրը «Սանթոսի» հետ՝ մինչեւ 2013 թուական։ «Սանթոսը» Նէյմարին չկորսնցնելու համար սահմանած էր բարձր հրաժարագին եւ բարձր աշխատավարձ, սակայն շարք մը ակումբներ կը պայքարէին Նէյմարի համար։ Մարտ 7 2009 թուականին իր առաջին խաղը ունեցաւ «Սանթոսի» գլխաւոր խումբին հետ «Օեստէ» ակումբի դէմ՝ փոխարինման դուրս գալով Մաուրիսիօ Մոլինոյի փոխարէն։ Մէկ շաբաթ ետք «Մոժի-Միրին» ակումբի դեմ ան խաղին մէջ նշանակեց իր առաջին կոլը հիմնական խումբի կազմով։ Մարտ 24 2009 թուականին լուրեր տարածուեցան, որ Նէյմարով հետաքրքրուած են Մոսկուայի ԲԿՄԱ-ն եւ իտալական «Միլանը»։

Մրցաշրջան 2010[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2010 թուականին գարնան Նէյմարը նուաճեց առաջին տիտղոսը՝ յաղթելով «Լիգա Պաուլիստա» մրցաշարը «Սանթոսի» կազմով։ ԱՆ ճանցուեցաւ այդ առաջնութեան լաւագոյն ֆութպոլիստը։ Ապրիլ 15-ին Պրազիլի գաւաթի 1/16 եզրափակիչին «Սանթոսը» կը մրցէր «Գուարանի» ակումբի դէմ։ Այդ խաղով Նէյմարը հարուածեց 5 կոլ եւ այդ խաղը «Սանթոսը» յաղթեց 8-1 հաշուով։ Այդ մրցաշարին Նէյմարը «Սանթոսի» հետ դարձաւ չէմբեըն հարուածելով 11 կոլ, դարձաւ առաջնութեան լաւագոյն ռմբարկու։ Նէյմարը ամրան «Ուեստ Հէմին» ստացաւ 15 միլիոն եւրոյի առաջարկ, իսկ «Չելսիին» 20մլն Եւրոյի առաջարկ, կապոյտները մերժուելով պատրաստ էին վճարել 26 միլիոն Եւրօ։ Օգոստոս 20-ին Նէյմարը որոշեց մնալ ակումբին մէջ ըսելով, որ ան 5 տարուան պայմանագիր ունի «Սանթոսի» հետ։ Նոյն թուականի Սեպտեմբերին Նէյմարը ղեկավարութենէն պահանջեց հեռացնել ակումբի գլխաւոր մարզիչ Դորիվալ Ճունիորին, անոր համար է, որ մարզիչը հնարաւորութիւն չի տուաւ Նէյմարին 11 մեթրանոց իրականացնելու, սակայն ակումբի ղեկավարութիւնը կը մերժէ։ Յաջորդ օրը Նէյմարը ներողութիւն կը խնդրէ իր արտասանած խօսքերոն համար։ Քանի մը խաղ յետոյ մարզիչը հեռացաւ աշխատանքէն։ 2010 թուականի Հոկտեմբերին երկրի թերթերը գրեցին, որ Նէյմարը «Գրեմիօ» ակումբի դէմ յաղթանակէն յետոյ, ընկերներուն հետ միասին վարձած էր մարմնավաճառներ։ Այդ լուրը լսելով՝ «Սանթոսի» նախագահ Լուիս Ալպերթօ Ռիպէրիոն անմտութիւն համարեց, եւ ըսաւ, որ ֆութպոլիստը նման բան ընել չէր կրնար։ Յունիսին Նէյմարը ակումբի հետ յաղթեց Լիբերտադորեսի բաժակը, իսկ Նէյմարը եզրափակչին երկու խաղերուն հարուածեց մէկ կոլ։ Այդ խաղէն յետոյ ան ճանչցուեցաւ մրցաշարի լաւագոյն խաղացող։

Ամրան մէկ շարք եւրոպական ակումբներ Նէյմարի համար պատրաստ էին վճարել 45 միլիոն Եւրօ։

Մրցաշրջան 2011[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յուլիս 27-ին Նէյմարը ձեւակերպեց Պրազիլի առաջնութիւնը «Ֆլամենգոյի» դէմ խաղով։ Ան շրջանցելով մրցակցի բոլոր ֆութպոլիստներուն, գրաւեց դարպասը, որու վերաբերեալ պրազիլցի յայտնի ֆութպոլիստ Կարեկան ըսած է. «Այսպիսի կոլեր միայն հզօրագոյն ֆութպոլիստները կրնան հարուածել։ Այնպիսի տպաւորութիւն էր, որ ես վիդեխաղ կը դիտէի։ 11 թիւը կրող մարզաշապիկը չէր պատկաներ Նէյմարին, բայց ան հասաւ դրան։ Ան հարուածեց այնպիսի կոլ, որ չէր կրնար հարուածել անգամ Պելէն» ։ Ինքը Պելէն, Նէյմարին համարած էր աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը։ Այդ կոլի համար ՆԷյմարը ստացաւ տարուան լաւագոյն կոլ մրցանակը:

2011 թուականի Օգոստոսին «Սանթոսը» պայմանագիրը երկարաձգելու առաջարկ կատարեց Նէյմարին, իսկ «Ռէալ Մատրիտը» Նէյմարի համար պատրաստ էր վճարել 58 միլիոն եւրօ։ Հոկտեմբէր 29-ին ան 4 կոլ հարուածեց «Ատլեդիքօ Պարանաենսէ» ակումբի դարպասը։ Նոյեմբեր 9-ին Նէյմարը երկարաձգեց «Սանթոսի» հետ գործող պայմանագիրը մինչ 2014 թուական Յուլիս 13-ին։ Նէյմարի տարեկան աշխատավարձը կազմ էր 6,5 միլիոն Եւրօ, իսկ անոր գինը 75 միլիոն Եւրօ։ «Սանթոսը» ակումբի նախագահի խօսքերով, «Ռէալ Մատրիտի» մարզիչ Ժոզէ Մոուրինեոն պայմանագրին մէջ նշած էր, որ Նէյմարը պարտաւոր է չփոխել իր սանրուածքը, իսկ «Սանթոսի» մէջ ան կարող է ընել ցանկացած սանրուածք։ Մրցաշրջանի աւարտէն յետոյ Նէյմարը ճանչուեցաւ Պրազիլի առաջնութեան տարուան լաւագոյն ֆութպոլիսդ, Հարաւային Ամերիկայի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիսդ։

Մրցաշրջան 2012[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փետրուար 6 2012թուական ին Նէյմարը տապլ ձեւակերպեց «Պալմերիասի»դարպասը. ատոր 100-րդ կոլն էր իր մասնագիտացուած գործը։ Մարտ ամսուն ըստ «Մասս Մետիայի» լուրերու՝ «Պարսելոնան» արդէն պայմանաւորուած էր Նէյմարի հետ, եւ ան տարեկան պիտի ստանար 14,5 միլիոն Եւրօ։ Մարտ 8-ին Նէյմարը «Ինտերնացիոնալի» դէմ խաղին երեք կոլ հարուածեց։ Մարտ 30-ին ան երեք կոլ հարուածեց «Գուարատինգետային» եւ բարձրացաւ 4-րդ հորիզոնական «Սանթոսի» բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբարկուի ցուցակը՝ շրջանցելով Ռոբինիոյին։ Ապրիլ 29-ին Նէյմարը երեք կոլ հարուածեց «Սան Բաուլոյի» դարպասը։ Հոկտեմբեր [[2012] թուական]ին Նէյմարը ստացաւ «Գեղեցիկ խաղ» մրցանակը՝ դառնալով երկրորդը Պելեէն յետոյ, որ արժանացած է այս մրցանակին։ Նաեւ այդ մրցաշրջանին ան ճանչցուեցաւ առանջնութեան լաւագույն ռմբարկու՝ հարուածելով 42 կոլ 47 խաղով, իսկ այդ կոլերէն մեկը, որ հարուածած էր «Ատլեդիքօ Մինիերոյի» դարպասը, ճանչցուեցաւ առաջնութեան լաւագոյն կոլ։

Մրցաշրջան 2013[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունուար 19 2013 թուականին «Լիգա Պաուլիստա» մրցաշարով ան առաջին խաղին հարուածեց երկու կոլ, ուր «Սանթոսը» յաղթեց «Սաո Բերնարդոյին» 3-1 հաշուով։ 4 օր ետք Նէյմարը «Բոտաֆեգոյի» դէմ խաղով նոյնպէս կոլ նշանակեց, եւ «Սանթոսը» յաղթեց 3-0 հաշուով։ «Լիգա Պաուլիստա» մրցաշարի պատասխան խաղով «Սանթոսը» կրկին յաղթեց «Սաո Բերնարդոյին» նոյն՝ 3-1 հաշուով։ Նէյմարը այդ խաղին դարձաւ կոլի եւ երկու կոլային փոխանցման հեղինակ։ Մարտ 18 2013թուականին Նէյմարը յայտարարեց թէ. «Լաւ է երբ առաջարկ ստացած ես եւրոպական մեծ ակումբներէն, բայց ես այս պահուն մտադրութիւն չունիմ փոխելու ակումբ»:

Նէյմարի հայրը, որ նաեւ իր գործակալն էր, յայտնեց, որ Աշխարհի առաջնութենէն յետոյ Նէյմարը պատրաստած է տեղափոխուիլ Եւրոպա։ Մայիս 26 2013 թուականին Նէյմարը իր վերջին հանդիպումը կատարեց «Սանթոսի» կազմով «Ֆլամենգոյի» դէմ։ Այդ խաղով ան խաղաց 90 վայրկեան, եւ խաղը աւարտեցաւ 0-0 հաշուով։

Նէյմարի ցուցադրութիւնը ««Պարսելոնաի»»

Թրանսֆեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մայիս 26 2013 թուականին սպանական «Պարսելոնա»ն պաշտօնապէս յայտարարեց Նէյմարին ձեռքբերման մասին։ Ըստ «Մարկա» պարբերականի՝ «Պարսելոնան» Նէյմարի համար վճարած է 50 միլիոն Եւրօ, իսկ տարեկան 7 միլիոն Եւրօ։ Նէյմարը ինքը հաստատեց այս տեղեկութիւնը Թուիթթըրի միջոցով։ Յաջորդ օր յայտարարուեցաւ, որ կնքուած է 5 տարուան պայմանագիր։ Նէյմարը դրանսֆերը «Պարսելոնայի» պատմութեան մեջ երկրորդն էր ամենաթանկ դրանսֆերներու մեջ՝ Զլատան Իբրահիմովիչէն յետոյ։ Յունիս 3-ին Կամպ Նոու մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Նէյմարի ներկայացումը, ուր ներկայ էին 56 500 հանդիսական։ Այդ օրը յայտնի դարձաւ, որ «Պարսելոնան» Նէյամրի համար վճարած է 57 միլիոն Եւրօ եւ Նէյմարի հրաժարագինը կազմեց 190 միլիոն Եւրօ։

Մրցաշրջան 2013/2014[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նէյմարի տեփիւտային խաղը «Պարսելոնայի» կազմով տեղի ունեցաւ Յուլիս 30 2013 թուականին «Լեխիա» ակումբի դէմ։ Ան խաղադաշտ դուրս եկաւ 79-րդ վայրկեանին, փոխարինելով չիլիացի Ալեքսիս Սանչեսիին։ Խաղն աւարտեցաւ ոչ-ոքի — 2-2 հաշուով։ Ժոան Գամպերի բաժակի խաղով, այդ տարի «Պարսելոնան» կը մրցէր «Սանթոսի» դէմ։ Այդ խաղով Նէյմարը կոլային փոխանցում կատարեց Սեսկ Ֆապրեկասին։ Այդ խաղով «Պարսելոնան» յաղթեց 8-0 հաշուով։ «Կապտանռնագոյններու» կազմով Նէյմարը իր առաջին կոլը հարուածած է Օգոստոս 7-ին Թայլանտի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի դէմ ընկերական խաղով։ Խաղը աւարտեցաւ «Պարսելոնայի» ջախջախիչ յաղթանակով՝ 7-1։ Առաջին պաշտօնական կոլը «Պարսելոնայի» կազմով հարուածած է Սպանիայի բաժակի շրջանակներու մէջ, Ադլեդիքօ «Մատրիտի» դէմ խաղով՝ Վիսենտէ Կալդերոն մարզադաշտի վրայ։ Խաղը աւարտեցաւ 1-1 հաշուով։ Նէյմարի հարուածած կոլի շնորհիւ նուաճեց բաժակը։ Սեպտեմբեր 7-ին Նէյմարը իր առաջին կոլը Սպանիայի առաջնութիւնով, «Ռէալ Սոսիետատի» դարպասը։ Հոկտեմբեր 10-ին Նէյմարը իր առաջին Էլ Քլասիքոն անցաւ, որ տեղի ունեցաւ Կամպ Նոու մարզադաշտին վրայ։ Այդ խաղին 18-րդ վայրկեանին Նէյմարը ստանալով Անդրես Ինիեստայի փոխանցումը, յառաջ մղեց «Պարսելոնային»։ Երկրորդ խաղակէսին, Նէյմարը կոլային փոխանցում արձանագրեց իր հաշուին, օգնելով կոլի հեղինակ դառնալ Ալեքսիս Սանչեսին։ Հանդիպման վերջնամասին «Ռէալ Մատրիտը» կրճատեց հաշիւը, բայց անոնց աւելին ընել չյաջողեցաւ։ Խաղը աւարտեցաւ տանտէրերու յաղթանակով՝ 2-1։ Ան խաղադաշտ գալով ստանձնեց խաղը եւ կոլային փոխանցում կատարեց Ալեքսիս Սանչեսին եւ «Պարսելոնան» յաղթեց 1-0 հաշուով։ Նէյմարը իր առաջին տուպլը ձեւակերպած է «Վիլեառեալի» դէմ խաղով, ուր խաղը աւարտած է «Պարսելոնայի» կամային յաղթանակով՝ 2-1։ Չեմպիըններու Լիգայի շրջանակներու, Սելդիքի դէմ խաղով, ան հեթ-տրիկ ձեւակերպեց եւ խաղը աւարտեցաւ 6-1 հաշուով։ Վնասուածքի վերականգնումէն յետոյ, ան առաջին անգամ խաղադաշտ դուրս եկաւ «Ռայօ Վալեկանոյի» դէմ խաղին՝ 82-րդ վայրկեանեն, ուր հաշիւը 4-0 էր։ Խաղի 89-րդ վայրկեաններուն Նէյմարը հիասքանչ կոլի հեղինակ դարձաւ։ Խաղը աւարտեցաւ «Պարսելոնայի» յաղթանակով՝ 6-0։ Փետրուար 18-ին Չեմպիըններու Լիգա 1/8 եզրափակիչին «Մանչեսթեր Սիթիի» դէմ խաղին, խաղադաշտ դուրս գալով 74-րդ վայրկեանին, ան կոլային փոխանցում կատարեց Տանիէլ Ալվեսին։ Այդ խաղին «Պրսելոնան» 2-0 հաշուով վստահ յաղթանակ տօնեց։ Մարտ 24-ին Սանտիագօ Պերնապէօ մարզադաշտի վրայ տեղի ունեցաւ Էլ Քլասիքո։ Նէյմարը առաջին խաղակիսուն կոլային փոխանցում կատարեց Լիոնէլ Մեսսիին եւ շահեցաւ 11 մեթրնոց։ Այդ խաղը աւարտեցաւ 3-4։ 1/4 եզրփակիչին, Ադլեդիքօ Մատրիտի դէմ խաղին։ Սպանիայի բաժակի եզրափակիչին «կապոյտագոյները» կը մրցէին Մատրիտի «Ռէալի» դէմ։ Այդ խաղին «Պարսելոնան» պարտուեցաւ1-2 հաշուով։

Մրցաշրջան 2014/2015[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրորդ մրցաշրջանը «Պարսելոնայի» կազմին Նէյմարը սկսաւ բաւական յաջող։ Այդ մրցաշրջանին «կապոյտագոյները» ունէին հզօր յարձակողական եռեակ՝ Լիոնէլ Մեսսին, Լուիս Սուարեսը եւ Նէյմարը։ Սեպտեմբեր 13 2014 թուականին Նէյմարը երկու գնդակ հարուածեց «Աթլեդիկ Պիլբաոյի» դարպասը, որոնք յաղթական էին «Պարսելոնայի» համար։ Սեպտեմբերի 27-ին Նէյմարը առաջին հեթ-տրիկը ձեւակերպեց «Պարսելոնայի» կազմին, «Գրանատա» ակումբի դէմ խաղին, իսկ խաղը աւարտեցաւ «կապոյտագոյներու» ջախջախիչ յաղթանակով՝ 6-0։

Փարի Սէյն Ժերմէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2017-ի Օգոստոս 3-ին Պարսելոնան յայտարարեց, որ Նէյմարի պաշտօնական ներկայացուցիչները կատարած են €222 միլիոն վճարի չափ այլ ակումբ տեղափոխուելու համար [1][2][3] Նէյմարը միացաւ Փարի Սէյն Ժերմէն ակումբին մրցանիշային €222 միլիոն փոխադրավճարով, մէկ պայմանագրով, որը պիտի գործէ մինչեւ 2022-ը[4] Ան Խաւիէր Փասթորէից «որպէս նուէր» ստացաւ 10 համարի շապիկը:[5]

Փաստեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նէյմարը չափազանց կրօնական մարդ է։ Ան անպայման շաբաթը մէկ անգամ այցելած է եկեղեցի եւ մասնակցած է նաեւ բարեգործական միջոցառումներու։ Նէյմարը նաեւ ընկերութեան սեփականատէր է, որ իր հետ միասին կառավարած է իր ֆութպոլային կուռքը՝ Ռոնալտոն։ 19 տարեկանին Նէյմարը հայր դարձաւ։ Իր ընկերուհի Գարոլինան այդ ժամանակ 17 տարեկան էր։ Անոնք ունեցան որդի, որուն անունը դրին Տէյվիտ Լուքա։ Ան դարձաւ շարք մը յայտնի ապրանքանիշերու դէմքը՝ Nike, Red Bull GmbH, Sony, InBev, Unilever, Volkswagen։

Անձնական կեանքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայրը՝ ՆԷյմար տա Սիլվա Սանթոս, մայրը՝ Նատին Գոնսալվես։ Նէյմարը ունի փոքր քոյր՝ Ռաֆաելլա Բեկրան տա Սիլվա Սանթոս։ 2009 թուականին Նէյմարը սկսաւ հանդիպիլ բրազիլուհի Գարոլինա Նոգեյրա Դանտասի հետ։ Օգոստոս 24 2011 թուականին Գարոլինան, որ այդ ժամանակ 17 տարեկան էր. Նէյմար որդի մը ունեցաւ, որուն կոչեցին Տէյվիտ Լուքա Նոգեյրա Դանտաս տա Սիլվա Սանթոս։ Որդոյն ծնունդէն յետոյ զոյգը բաժնուեցաւ։ Այժմ Նէյմարը կ'ապրի Սպանիա, իսկ որդին՝ Տէյվիտ Լուքան, մօր՝ Գարոլինայի հետ Սան Փաուլու քաղաքը։ 2013 թուականին լուրեր տարածուած էին, որ Նէյմարը հանդիպած է բրազիլուհի դերասանուհի Բրունա Մարկեզինիի հետ։ Սկիզբը անոնք գաղտնի պահած էին իրենց յարաբերութիւնները, սակայն որոշ ժամանակ անց ֆութպոլիստը խոստովանեցաւ իր նոր սիրավէպի մասին։ Այս յարաբերութիւնները սակայն երկար չտեւեցին, 2014 թուականին զոյգը յայտարարեց բաժանման մասին։

  1. «FC Barcelona communiqué on Neymar Jr» (Press release)։ FC Barcelona։ 3 August 2017։ արտագրուած է՝ 3 August 2017 
  2. «Neymar: Paris St-Germain's new signing said he left Barcelona for a new challenge»։ BBC Sport (The British Broadcasting Corporation)։ 4 August 2017։ արտագրուած է՝ 4 August 2017 
  3. "Neymar: Paris St-Germain sign Barcelona forward for world record 222m euros". BBC. Retrieved 3 August 2017
  4. «Neymar Jr signs with Paris Saint-Germain!»։ Paris Saint-Germain։ 3 August 2017։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 3 August 2017-ին։ արտագրուած է՝ 3 August 2017 
  5. «Pastore: 'A welcome gift'»։ Paris Saint-Germain։ 3 August 2017։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 5 August 2017-ին։ արտագրուած է՝ 4 August 2017 
Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1.- "FIFA World Cup Qatar 2022™: List of Players: Brazil" (PDF). FIFA. 29 November 2022. p. 4. Archived from the original (PDF) on 30 November 2022.[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
2.- "Player Profile – Neymar Jr". Sportycious. Archived from the original on 21 June 2014. Retrieved 23 January 2021.[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]