Jump to content

Նեփթիս

Նեփթիս
Նեփթիսի պատկերով արձանիկ
O9t
H8
Եգիպտացիներ
Նեփթիսը կը պատկերէին
գլխուն վրայ դրուած
իր անուան գաղափա-րագիրը

Նեփթիս, (հին յուն․՝ Νέφθυς, հին եգիպտերէն՝ Նեպերհեթ)՝ եգիպտական դիցաբանութեան աստուած մըն է: Եգիպտացիները Նեփթիսը կը պատկերէին կնոջ մը տեսքով, գլխին վրայ դրուած իր անուան գաղափարագիրը՝ տուն մը, վրան շինարարութեան զամբիւղով: Կը համարուէր եւ կը պատուըուէր որպէս Սեթի կինը: Եգիպտական դիցաբանական գրականութեան մէջ անոր էութիւնը գրեթէ չէ բացայայտուած: Առանձին գրուածքներուն մէջ կը հանդիպի իր քոյր Իսիսի հետ Օսիրիսի տօնախմբութիւններուն եւ հոգեհանգիստներու բոլոր մոգական արարողութիւներուն մէջ: Նէ Իսիսի հետ միասին կ'ողբայ Օսիրիսը, կը մասնակցի անոր մարմինի որոնումներուն, կը պահպանէ անոր մումիան, կանգնած ըլլալով անոր մահիճին գլուխը:
Նեփթիսը ուղեկցած է Ռան ստորգետնեայ ջուրերուն մէջ անոր գիշերային լոգանքի ատենը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]