Նայքի (Nike)
Նայքի (Nike), Մարզական հագուստներ, տարբեր տեսակի կօշիկներ եւ այլ սարքեր արտադրող ամերիկեան ընկերութիւն [1]:
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընկերութեան վաճառանիշը կը գնահատուի 10.7 միլիառ տոլար եւ կը համարուի աշխարհի ամէնէն սուղ մարզական վաճառանիշը:[2][3]20 Սեպտեմբեր 2013-ին, կը ներառուի Տաու ճոնսի ցուցակին մէջ:
2007-ին ընկերութեան եկամուտը կը գերազանցէ 16 միլիառ տոլարը, իսկ 2012-ի[4] տուեալներով, «Նայքի»ն ամբողջ աշխարհի տարածքին կ'ունենայ աւելի քան 44 հազար աշխատող։
Պատմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընկերութիւնը հիմնադրուած է Մարքօ Փարքըրի եւ Ֆիլ Նայթի կողմէ՝ 25 Յունուար 1964-ին «Blue Ribbon Sports» անուան տակ եւ պաշտօնապէս վերանուանուած է «Nike» 30 Մայիս 1978-ին։
Գրասենեակը կը գտնուի Օրեկոն նահանգի Պիվերթըն քաղաքին մէջ։
1971-ին Պաուըրմեն կ'օգտագործէ իր կնոջ`Ուէյֆըլին արդուկը՝ ռետինի վրա փորձարկելու համար: Ան կը ստեղծէ նոր ներբան մը, վազքի կօշիկներու համար, որ թեթեւ է եւ կ'օգնէ, որ մարզիկը արագ վազէ: Օրեկոնի Հայուըրտ Ֆիլտին (Hayward Field) փոխարէն Պաուըրմենի ներբանը կրնար բռնել խոտին կամ փոշիին վրայ:
1980-ականներուն, «Նայքի»ն կ'ընդլայնէ իր արտադրանքին գիծը՝ ներառելով բազմաթիւ մարզաձեւեր եւ տարածաշրջաններ ամբողջ աշխարհի տարածքին:
1985 թուականը ընկերութեան համար կը դառնայ ճգնաժամային, ընկերութիւնը կը կրճատէ աշխատողներուն ու արտադրանքի քանակը՝ ամբողջ ջանքն ու նիւթական հնարաւորութիւնները օգտագործելով գովազդներու համար[5]:
Գնորդներուն ուշադրութիւնն ու մրցակիցներուն դէմ պայքարելու համար «Նայքի»ն կը ստեղծէ «AirMax» մարզական կօշիկները, որոնք մեծ յաջողութիւն կը բերեն ընկերութեան:
«Nike Vaporfly»ը առաջին անգամ կը յայտնուի 2017-ին, եւ հանրաճանաչ կը դառնայ իր կատարողականութեամբ: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ այս կօշիկները կրնան բարելաւել մարաթոնի մրցավազքի ժամանակը մինչեւ 4,2%[6]:
Այսօր «Նայքի»ն կ'արտադրէ հագուստ ու կօշիկներ, բաճկոններ, գլխարկներ եւ այլ օգտակար իրեր՝ դառնալով մարզական ապրանքներ արտադրող լաւագոյն ընկերութիւններէն մէկը:
Նշանակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քարոլին Տէյվիտսըն «Նայքի»ի նշանակը յղացած է 1971-ին, երբ ան տիզայնի դասերուն կը հետեւէր Փորթլանտի համալսարանին մէջ, Միացեալ Նահանգներ: Այդ օրերուն մարզական ապրանքներ շինող նշանաւոր այս ընկերութիւնը անոր վճարած է 35 տոլար:
Սակայն 1983-ին ընկերութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համար Տէյվիտսընին նուիրած է խորհրդանիշի ձեւով ադամանդէ եւ ոսկիէ մատանի մը եւ պահարան մը, որուն պարունակած գումարը չէ հրապարակած ընկերութիւնը[7]:
Հովանաւորութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Նայքի»ն կը հովանաւորէ բազմաթիւ մարզաձեւերու լաւագոյն մարզիկներուն զգեստաւորումը:
- 2015-ին, Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնը եւ ամերիկեան «Նայքի» հռչակաւոր ընկերութիւնը իրարու հետ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը կը ստորագրեն Մոսկուայի մէջ[8]:
- 2016-ին, քաթալոնական Պարսելոնա, նոր համաձայնագիր մը կը կնքէ «Նայքի» ընկերութեան հետ, ըստ որուն՝ «Նայքի» ընկերութիւնը Պարսելոնային կը վճարէ տարեկան 100 միլիոն եւրօ, ինչ որ մրցանիշ մըն է ակումբներու հետ հովանաւոր ընկերութիւններու կնքած պայմանագիրներուն առումով: Երկու կողմերուն միջեւ այս համաձայնագիրը առաջին անգամ սկսած է 1998-ին[9]:
- 2016-ին, «Նայքի»ն Ռէալ Մատրիտի փորթուկալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին հետ անժամկէտ համաձայնագիր մը կնքէ, ըստ որուն Ռէալ Մատրիտին հետ ան կը ստանայ իր ստացած աշխատավարձին չափ, այսինքն` 24 միլիոն եւրօ: Կը նշուի, որ վերջին անգամ «Նայքի» այսպիսի հսկայական պայմանագրութիւն մը կնքած էր 1984-ին` Մայքըլ Ճորտընի հետ[10]: Ռոնալտօ երրորդ մարզիկն է, որուն հետ Նայքի անժամկէտ պայմանագրութիւն մը կը ստորագրէ` Լեպրոն Ճէյմսէն եւ Մայքըլ Ճորտընէն ետք[11]:
- «Նայքի» ընկերութիւնը 26 Մարտ 2020-ին հրապարակ կ'իջեցնէ հանգուցեալ կողովագնդակ խաղացող Քոպի Պրայընթի պատիւին պատրաստած «Քոպի-5 Փրոնթօ» մարզակօշիկը: Մարզակօշիկը պատրաստուած է Պրայընթի ակումբին` Լոս Անճելըս Լէյքըրզի տարբերանշանին գոյներով: Պրայընթ «Քոպի 5-Փրոնթօ» մարզակօշիկներով խաղացած է 2010-ին: Ան իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտած է 2016-ին[12]:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաքին Յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ http://www.dailymail.co.uk/sport/article-2642681/Nike-pronounced-Nikey-chairman-brand-confirms-responding-letter.html - "Nike"-ը կ'արտասանուի "նայքի"
- ↑ Sage Alexandria (26 Յունիս, 2008)։ «Nike profit up but shares tumble on U.S. concerns»։ Reuters։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-10-07-ին։ արտագրուած է՝ 10 Յուլիս 2008(անգլերէն)
- ↑ Schwartz Peter (03 Փետրուար 2010)։ «The World's Top Sports Brands»։ Forbes։ արտագրուած է՝ 04 Յունիս 2012(անգլերէն)
- ↑ Sage Alexandria (June 26, 2008)։ «Nike profit up but shares tumble on U.S. concerns»։ Reuters։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ October 7, 2008-ին։ արտագրուած է՝ 10 Յուլիս 2008(անգլերէն)
- ↑ Ընկերութեան Ճգնաժամը
- ↑ «Նայքի»ի նոր վաճառանիշը
- ↑ Նշանակը
- ↑ Մոսկուայի համաձայնագիրը
- ↑ Պարսելոնային հետ համաձայնագիր
- ↑ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին հետ համաձայնագիր
- ↑ Անժամկէտ համաձայնագիրը
- ↑ «Քոպի 5-Փրոնթօ» մարզակօշիկը