Jump to content

Յուլեան տոմար

Յուլիոս Կեսար

Յուլեան տոմարը կամ Յուլեան օրացոյցը անուանուած է ի պատիւ Յուլիոս Կեսարին, որ այդ գաղափարը Հին Հռոմ ներմուծած է Ք.Ա. 46-ին:

Պատմութեան որոշ ժամանակաշրջաններուն, Յուլեան օրացոյցը կը կոչուէր «հին ոճի» օրացոյց:

Յուլիոս Կեսար կ'որոշէ, որ եկած է ժամանակը զգալի փոփոխութիւններ ընելու հռոմէացիներու կողմէ ժամկէտերու որոշման մէջ։

Կեսար օգնութիւն կը ստանայ աստղագէտ Սոսիգենէս Ալեքսանդրացիէն, որ իրեն խորհուրդ կու տայ դադրեցնել լուսնային օրացոյցը եւ հետեւիլ արեւային օրացոյցին, ինչպէս ըրած էին եգիպտացիները։ Այսպիսով, ամսաթիւերը որոշելու համար, Լուսինին հետեւելու փոխարէն, Յուլեան օրացոյցը կը սկսի հետեւիլ Արեգակի դիրքին:

Յուլիոս Կեսար կը սրբագրէ եգիպտական օրացոյցին մէջի կարգ մը թերութիւններ, որմէ ետք անիկա կը կոչուի յուլիական կամ յուլեան։ Ամիսներէն մէկ քանին ունէին 31, միւսները՝ 30, իսկ Փետրուարը՝ 28 օր։

Չորս տարին մէկ՝ Փետրուարին վրայ կ'աւելնայ մէկ օր. 366 օր ունեցող տարին կը կոչուի նահանջ տարի։ Այսպիսով, տարուան տեւողութիւնը միջին հաշուով կը յարմարի 365,25 օրուան, որ մօտաւորապէս կը համապատասխանէ Արեւուն շուրջ Երկիրին դառնալուն[1]։

Ռուս ուղղափառ եկեղեցին, մինչեւ օրս կը շարունակէ եկեղեցական տօները նշել ըստ Յուլեան տոմարի[2]:

Յուլեան օրացոյցին տեւողութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հակառակ անոր, որ Յուլեան օրացոյցը մեծ բարելաւում էր հռոմէական օրացոյցին համեմատ, սակայն անիկա կատարեալ չէր: Յուլեան օրացոյցը օգտագործուած է աւելի քան 1600 տարի, սակայն դարերու ընթացքին սխալները նկատելի դարձած են։

1582-ին Գրիգորիս ԺԳ. պապին վերատեսութեամբ, կը ներմուծուի արեւմտեան կամ քրիստոնէական օրացոյցը (որ ծանօթ է Նոր կամ Գրիգորեան տոմար անունով), ըստ որուն՝ նահանջ տարիներուն թիւը կը կրճատուէր այնպէս մը, որ տարուան տեւողութիւնը դառնայ 365,2425 (յուլեան տարիէն 10,8 վյրկ. նուազ)[3]։

Հայոց շարժական եւ Յուլեան անշարժ տոմարներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայոց շարժական եւ Յուլեան անշարժ տոմարներու միջեւ, մինչեւ 532-ամեայ պարբերաշրջանին աւարտը, յառաջացած է մէկ տարուան շեղում, զոր Յովհաննէս Սարկաւագը առաջարկած է հանել 532-ամեայ պարբերաշրջանին հետ։ Հայոց մեծ թուականին եւ Քրիստոսի ծննդեան թուականին միջեւ զուգահեռ հաշիւներ կատարելու ատեն, նկատի առնուած է այն հանգամանքը, որ 1317-1320 թուականներուն 1 Նաւասարդը համընկնած է 1 Յունուարին։ Ուստի, հայոց տարեսկիզբին համար, հաշուարկներ կատարելու ատեն, Հայոց մեծ թուականը ստանալու համար, մինչեւ 1320 թուական պէտք է հանել 551, իսկ 1320-էն ետք՝ 550։

Յուլեան օրացոյցը եւրոպայի համար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք.Ա. 45-ին, Յուլիոս Կեսար իր Յուլեան օրացոյցին մէջ, Եւրոպայի համար 25 Դեկտեմբերը նշանակած է ձմեռնային արեւադարձի օր։

Սակայն Յուլեան օրացոյցին եւ «իսկական»`աստղագիտական օրացոյցին միջեւ շեղում կար, որ կը կազմէր երեք օր՝ իւրաքանչիւր 400 տարուան համար:

Այսպէս, ըստ Յուլեան օրացոյցին, ձմեռնային արեւադարձի օրը, ԺԶ. դարուն, հասած էր 12 Դեկտեմբերին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]