Յովսէփ Իզմիրեանց
Արտաքին տեսք
Յովսէփ Իզմիրեանց (1817-1883),ծնած է Ղըզլար՝ Ղազախստան։
Մեծատուն, ազգային բարերար, հիմնադիր՝ համանուն մրցանակի։
Յետ մահու կտակակատարն է՝ բարեկամը, Կարապետ Եզեան։Ազգին թողած կտակին մաս կը կազմեն՝
- Օսմանեան հայերու մէջ գիտութիւն,արուեստներ եւ հայերէն լեզուի ուսում ծաւալել։
- Մրցանակաբաշխութիւն հայոց պատմութեան եվ հայերէն լեզուագիտութեան մասին լաւագոյն երկասիրութեանց համար։
- Իր ծննդավայրի Ղըզլարի Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կը յանձնուի գումար մը, որու տոկոսները կը գործածուին տեղւոյն աղջկանց ծխական վարժարանին համար։
1886-ին կտակի յանձնախումբը կ'ընտրուի Պոլսոյ Պատրիարքարանի մէջ,ատենապետն է՝ Գաբրիէլ Նորատունկեան,գանձապետը՝ Յովհանէս Էսաեան։Կարնոյ օրիորդաց ուսումնարանին մէջ կը բացուի ձեռագործի դասարան։
1887-ին կտակի յանձնաժողովը կը հրատարակէ մրցանակի առաջարկուող երկասիրութիւններու մասին պայմանները։Նոյն տարին Յուլիսին Ս.Թարգմանչաց տօնին որւ Պոլսոյ մէջ առաջին անգամ կը կատարուի Իզմիրեանցի Սահակ-Մեսրոպեան գրական մրցանակաբաշխութեան փառաւոր հանդէսը։
Զանազան հայ մտաւորականներ իրենց գործերով արժանացած են Իզմիրեանց մրցանակին։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Դպրոցը Անցեալէն Դէպի Այսօր,Հրատարակութիւն՝ Ազգային Կեդրոնական Վարժարան,2017,էջ73