Յովհաննէս Չիլինկիրեան
Յովհաննէս Չիլինկիրեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 24 Սեպտեմբեր 1924 |
Մահացած է | 5 Փետրուար 2021 (96 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Նիս |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Կարողութիւն | սփիւռքի նշանաւոր ազգային-քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս, պատմաբան |
Յովհաննէս Չիլինկիրեան (24 Սեպտեմբեր 1924), սփիւռքի նշանաւոր ազգային-քաղաքական գործիչ, հրապարակախօս, պատմաբան, բարերար։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովհաննէս Չիլինկիրեան ծնած է 24 Սեպտեմբերի 1924-ին Կ. Պոլսի մերձակայքը գտնուող Ֆլորիա գիւղին մէջ։ Կարճ ժամանակ անց իր ընտանիքը բնակութիւն կը հաստատէ Մաքրիգիւղին մէջ, ուր ան աւարտած է տեղւոյն Պեզազեան վարժարանը։ Այնուհետեւ Չիլինկիրեանը յաճախած է Կ.Պոլսի Աւստրիական քոլեճը, որ աւարտեր է 1944թ։
Հետեւելով հորեղբօր՝ Ռուբէն Սեւակի օրինակին, Յովհաննէս Չիլինկիրեանը կը փափաքի բժիշկ դառնալ եւ կ'ընդունուի Կ.Պոլսի բժշկական համալսարանը, սակայն կը հեռանայ բժշկական համալսարանէն եւ աշխատանքի կ'անցնի վաճառականներէն մէկի մօտ որպէս գրագիր։ 1946 թուականին բազմաթիւ պոլսահայեր ցանկութիւն կը յայտնեն ներգաղթել Հայաստան։ Յովհաննէս Չիլինկիրեանը նոյնպէս կ'երթայ սովետական հիւպատոսութիւն եւ կը ցուցակագրուի Հայաստան ներգաղթելու համար։ Սակայն թրքական ոստիկանութեան հետապնդումներու, յարուցած արգելքներու պատճառով պոլսահայերու հետ նաեւ Չիլինկիրեանին չի յաջողուիր ներգաղթել Հայաստան եւ հարկադրուած կը մնայ Կ.Պոլիս։
1955 թուականի Սեպտեմբերի 6-7-ին Յովհաննէս Չիլինկիրեանը ականատես կ'ըլլայ յոյներու եւ հայերու նկատմամբ Կ.Պոլսոյ մէջ թրքական ոստիկանութեան աջակցութեամբ զինուած խուժանի աւերիչ գործողութիւններուն։
1970-ական թուականներուն Յովհաննէս Չիլինկիրեանը կը հեռանայ Կ.Պոլսէն եւ բնակութիւն կը հաստատէ Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ, ամբողջովին կը նուիրուի սփիւռքի հայապահպանության գործին, իր պատմագիտական աշխատութիուններով կը մերկացնէ թուրք եւ եւրոպական կեղծարար հեղինակներու հակահայկական նկրտումները։
Անուրանալի հսկայական աշխատանք կատարած է Յովհաննէս Չիլինկիրեանը իր հօրեղբայր, նշանաւոր բանաստեղծ Ռուբեն Սեւակի գրական ժառանգութեան հաւաքման ու պահպանման համար։ Հսկայական ջանքերու գինով Չիլինկիրեանը կը ստեղծէ «Ռուբեն Սեւակ մշակութային հիմնարկը», որ իր կարեւոր գործը կը համարուի Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծի գրական-հասարակական ու յեղափոխական գործունէութեան լուսաբանումն ու անոր գաղափարներու տարածումը։ Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ ու իր միջոցներով, ստեղծման օրէն մինչեւ այժմ, հրատարակուած է երեք տասնեակէն աւելի արժէքաւոր աշխատութիւն, որոնք նուիրուած են հայագիտութեան, հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւոր հարցերուն։
Ռուբէն Սեւակի մրցանակային ֆոնտ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքերու հրատարակութիւնէն բացի, հիմնարկը ստեղծեր է մրցանակային ֆոնտ, որմով իւրաքանչիւր տարի կը պարգեւատրուին Ռուբէն Սեւակի գաղափարները ներկայացնող մտաւորականները եւ կազմակերպութիւնները։ Տարբեր տարիներու այդ մրցանակին արժանացեր են գրականագէտ, բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանը, Գէորգ Գապառաճեանը, գրականագէտ Ալեքսանդր Թոփչեանը, հանրաճանաչ դերասանուհի Անահիտ Թոփչեանը, Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթի խմբագիր Ժիրայր Նայիրին (Թոսունեան), Նիւ Ճըրզիի հայկական ռատիոկայանի հիմնադիր տնօրէն Վարդան Ապտօն եւ շարք մը մշակութային կազմակերպութիւններ։
Ռուբէն Սեւակի անուան յիշատակի տուն-թանգարան - Նիս, Ֆրանսա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1985 թուականին Յովհաննէս Չիլինկիրեանը իր միջոցներու հաշուին Նիսի մէջ կը ստեղծէ Ռուբէն Սեւակի անուան յիշատակի տուն-թանգարանը, ուր կ'ամփոփէ բանաստեղծի ձեռագիրները, նամակները, անձնական իրերը։ Թանգարանը ունեցեր է պատկերասրահ, ուր հաւաքուած էր տաղանդաւոր հայ նկարիչներու շուրջ 200 կտաւ։
Ռուբէն Սեւակի անուան յիշատակի տուն-թանգարան - Էջմիածին, Հայաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովհաննէս Չիլինկիրեանը մօտ 18 տարի հետեւողականօրէն աշխատանք տարած է, որպէսզի այդ հոգեւոր հարստութիւնը նուիրէ Հայաստանին։ Տարիներ շարունակ Հայաստանի տարբեր իշխանութիւններէն անհասկանալի բազմաթիւ մերժումներ ստանալէն ետք հարցը միայն լուծում կը ստանայ 2009 թուականին, երբ Յովհաննէս Չիլինկիրեանը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդի հրաւէրով Մայիսի 5-ին քանի մը օրով կ'այցելէ Հայաստան։ Շնորհիւ այդ այցելութեան 2013 թուականի Սեպտեմբերի 10-ին Էջմիածինի մէջ Նորին Սուրբ Օծութիւն Գարեգին երկրորդ կաթողիկոսի օրհնութեամբ բացուեցաւ Ռուբեն Սեւակի անուան թանգարան-պատկերասրահը, որմով իրականացաւ մեծ բարերարի տարիներով փայփայած երազանքը։
Ազգային-հասարակական գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովհաննէս Չիլինկիրեանի ազգային-հասարակական գործունէութիւնը կ'առնչուի նաեւ Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի (ASALA) այն մարտիկներուն, որոնք մատնութեան կամ ալ դաւաճանութեան հետեւանքով ձերբակալուեր ու դատապարտուեր էին եւրոպական տարբեր երկիրներուն մէջ։ Հայ բողոքական քահանայ Յարութիւն Հելվեճեանի, Զուիցերիոյ հայկական համայնքի նշանաւոր ազգային գործիչ, յայտնի հրապարակախօս Նազարէթ Սրմաքեշեանի հետ միասին, Յովհաննէս Չիլինկիրեանը դարձաւ հայ քաղաքական բանտարկեալներու օգնութեան կեդրոնական յանձնախումբի ստեղծողներէն մէկը։
Երեւան քաղաքի Ռուբեն Սեւակի անունը կրող թիւ 151 դպրոց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովհաննէս Չիլինկիրեանը իր ուշադրութեան կեդրոնին կը պահէ Երեւան քաղաքի Ռուբէն Սեւակի անունը կրող թիւ 151 դպրոցը՝ անոր ցոյց տալով զգալի նիւթական ու ֆինանսական օգնութիուն։ «Ռուբեն Սեւակ մշակութային հիմնարկ»-ը դպրոցին մէջ ստեղծեր է Ռուբէն Սեւակի թանգարան։
Ռուբէն Սեւակի անուան մրցանակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մանկավարժական համալսարանը կը սահմանէ Ռուբէն Սեւակի անուան ամենամեայ մրցանակ: Մրցանակը՝ 1100 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ է, որը կը բաշխուի հետեւեալ կերպ՝
1-ին մրցանակակրին կը շնորհուի 600 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ, իսկ 2-րդ մրցանակակրին՝ 500 ԱՄՆ տոլարին համարժէք ՀՀ դրամ:
Մրցանակը կը հովանաւորէ բանաստեղծի եղբօրորդին՝ բարերար Յովհաննէս Չիլինկիրեանը: