Յարութիւն Քհնյ. Շէրպէթճեան
Յարութիւն Քհնյ. Շէրպէթճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1870 |
Ծննդավայր | Մուսալեռ |
Մահացած է | 1940 |
Քաղաքացիութիւն | Մուսալեռցի |
Ազգութիւն | հայ |
Կրօնք | Քրիստոնիա |
Մասնագիտութիւն | Քահանայ |
Յարութիւն Քհնյ. Շէրպէթճեան, ծնած է մուսալեռցի ծնողքէ, Խտրպէկ գիւղը, 1870, իՆ; Նախնական ուսումր ստացած է ծննդաւաայրի ծխական վար ժարանը, ուրրկէ Հայերէն լեզուն ու տարրական այլ գիտելիքներ սովոսրելէ ետք, հետեւած է արհեստի ու հողամչակութեան։
կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ան հետաքրքրուաղ է նաեւ գիւղի ազգային եւ եկեղեցական կեանքով։ կրօնագիտութիւնը զինք մղած է եկեղեցի, ուր դպրած դասին մաս կազմած է հարատեւութեամբ ու ինքնաշխատութեամբ սորված է շարականներ, պատարաքի երգեցողութիւն ու քիչ մըն ալ գրաբար։
Յդ օրերու պայմաններու ընտանիք մը ապրեցնելու կարելիութիւնները ապահովելէ ետք, պատրաստուած է ամուսնութեան ու հայրենակից օրիորդի մը հետ պսակուած Խտրպէկի մէջ։
ընտանիք կազմելէ եետք շարունակած է յաճախել եկեղեցի եւ օգտակար ծառայութիւններ մատուցած՝ եկեշեցւոյ եւ իր հայրենակիցներուն եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերելով հաւագական աշխատանքներուն։
Եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ու տեղւոյն ազգայինները զինք հրաւիրած են քահանայական կոչման։ Սիրով ընդարաջած է անոնց փափաքին եւ պատրսատուած՝ Սիս մեկնելու։
Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած են Սիսի մէջ,1905-ին։
Քաոասնօրեայ պատրաստութեան շրջանը լրանալէ ետք նշանակուած է հոգեււոր Հովիւ։ Խտրպէկի հայրեւնակիցնեւրուն։
Իր հօտին հոգետարութեան, մտայնութեան կենցաղին ծանօթ ըլլալով, ամենակարճ ժամանակամիջոցին թափանցած է ներքին կեանքին եւ յաճախակի իր այցելութիւններով օգտակար թելաթրութիւններ կատարած իրենց զաւակները եկեղեցւոյ ու հողին կապուած պահելու համար։
Իր հաղորդական բանաւորութեամբ կապած է ժողովուրդը իրեն։ Ասոնք վստահած են իրենց հոգեւոր հովիւին, որովհետեւ անոր անձին ու գործոնէութեան մէջ տեսած են քաջութիւն, պատաճանաչութիւն եւ ժողովուրդին նկատմամբ հայրական սէր ու հոգածութիւն։
երբ մուսա լերան գոյամարտի նախապատրաստական շխատանքները կը կատարուէին, ան ռողովուրդը կ՛արաջնորդէ դէպի լեռ ու կը մասնակցըի ինքնապաշպանութեան կռիւներուն եւ այդ կենաց ու մահու ճակատամարտներուն չի լքեր իր հայրենակիցները ու չի խուսափիր իր պատասխանատուութիւններէն, այլ մինչեւ մերջ կը մնայ պաատնէշի վրայ։
Հետագային, իբր բարոյական գնահատանք Տէր Յարութիւնի վարքագիծին, անգիր օրէնքին նման, հայրենակիցներ իրեն վերապահած են պատարագելու իրաւունքը մուսա լեռան վրայ հերոսամարտի տօնախմրութեան ընթացքինՍփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։։