Յարութիւն Եսայեան
Արտաքին տեսք
Յարութիւն Եսայեան |
---|
Յարութիւն Եսայեան քհ., ուսուցիչ եւ յեղափոխական, ծնած է Էֆքէրէ 1867-ին։ Թալաս եւ Մերսին ուսուցչութիւն ըրած. 1895-ին մտած է Արմաշի վանքը։ 1897-ին իբր յեղափոխական Էտիրնէ կ՚աքսորուի, 9 ամիս բանտարկութենէ ետք Տարսոն կ՚երթայ եւ քահանայ կը ձեռնադրուի եւ կարճ ատեն մը Պէյլանի մէջ պաշտօնավարելէ ետք Հալէպ կը փոխադրուի։ 1916-ին կը բանտարկուի ու մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ տեղահան ազգայնոց, որոնք Հալէպ կը թափին զինադադարէն ետք։ Պատուուած է լանջախաչով եւ ծաղկեայ փիլով եւ 1926-ին Աւագութիւն արժանացած է կաթողիկոսական կոնդակով։ Հմուտ եւ նախանձայզ եկեղացական մ՚եղած է, 1927-ին կրօնական պաշտամունք կատարած ատեն կը մահուան եւ կը թաղուի եկեղեցւոյ բակը (Ալպ.)։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան,Պուքրէշ, 1939, էջ 692