Յակոբոս Առաքեալ
Յակոբոս Առաքեալ կը կոչուի նաեւ Յակոբոս Ալփեան կամ Ալփէոսի որդի Յակոբոս (Մտ 10.3): Առաքեալին մայրը Աստուածամօր քոյրն է եւ այդ իսկ պատճառով կը ճանչցուի իբրեւ Տեառնեղբայր: Յակոբոս Տեառնեղբայր Երուսաղէմի առաջին եպիսկոպոսն է (Գղ 1.19): Իր բարեպաշտ կենցաղով նոյնիսկ հրեաներ զինք արդար կը համարէին: Երուսաղէմի մէջ քրիստոնէութեան թիւին աճը կը սպառնար հրեայ ղեկավարներուն. հալածանքներու ընթացքին նպատակ ունէին սպաննել քրիստոնեայ պատասխանատուները, որոնց շարքին առաջին կարգը կը գրաւէր Յակոբոս Տեառնեղբայրը: Ան 62 թուականին կը նահատակուի Երուսաղէմի մէջ: Առաքեալին անունը կրող ընդհանրական մէկ նամակ հասած է, ինչպէս նաեւ Ս. Պատարագի բնագիր մը:
Յակոբոս գալիլեացի ձկնորս մըն էր, որ իր եղբօր՝ Յովհաննէսին հետ կանչուած էր՝ տասներկու առաքեալներուն մաս կազմելու։ Պետրոսի հետ միասին, անոնք առաքեալներու կորիզը կազմած են, ականատես ըլլալով Յայրոսի աղջկան յարութեան, Այլակերպութեան եւ Գեթսեմանի պարտէզի մատնութեան։ Յակոբոսը առաքեալներէն առաջինն էր, որ նահատակուեցաւ՝ Հերովդես Ագրիպասի հրամանով (Գրծ 12:1-2)։ Սպանիոյ հովանաւոր սուրբն է եւ, ըստ աւանդութեան, անոր մարմինը Երուսաղէմէն տարուած է Սանթիակօ տէ Գոմփոստելա, որ մօտ հազարամեակէ մը ի վեր ուխտագնացներու ժողովրդական հասցէ մը եղած է։ «Աստուածային» մակդիրով ծանօթ՝ Յովհաննէս Առաքեալը հեղինակն է չորրորդ Աւետարանին, ինչպէս եւ Յայտնութեան գիրքին։ Անոր վստահուած է Աստուածամօր խնամքը խաչեալ Յիսուսի կողմէ (Յհ 19:27)[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Աստուածաշունչ Մատեան Հին և Նոր Կտակարաններու, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւՀայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութիւն, 2004։
- Մաղաքիա արք. Օրմանեան, «Համապատում», Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, 1997։
- Շնորհք արքեպիսկոպոս Գալուստեան, Աստուածաշնչական սուրբեր, Երեւան, 1997։
- Աւետարաններու գործող անձինք, Ս. Էջմիածին, 2010։