Մրջիւններ

Մրջիւնները, կը պատկանին միջատներու ընտանիքին:
Մրջիւնները աշխարհի վրայ յայտնուած են 120 միլիոն տարի առաջ:
Անոնք մարդոցմէ մէկ միլիոն անգամ աւելի փոքր են, ակայն անոնց թիւը մարդոց թիւէն շատ աւելի է:
Աշխարհի վրայ գոյութիւն ունի 1 միլիոն միլիառ մրջիւն: Անոնց հաւաքական ընդհանուր ծանրութիւնը շատ աւելին է, քան` ամբողջ մարդկութեան ծանրութիւնը:
Գոյութիւն ունին 14,095 մրջիւններու տարբեր տեսակներ: 10-ը մրջիւնէն 9-ը կը մնան բոյնին մէջ: Իսկ 10-էն 2-ը չեն աշխատիր:
Խումբեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Շատ փոքր, խաղաղասէր եւ ջերմասէր են, տեսակներուն թիւն ու քանակը արեւադարձային երկիրներուն մէջ աւելի շատ է, քան բարեխառն գօտիին մէջ։
Աշխատող մրջիւններէն իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ պաշտօնը ունի բոյնին մէջ:
Զինուորները կը հսկեն թրթուրներուն. իսկ «երեխայ» մրջիւններով կը զբաղին ստնտու մրջիւնները եւ թագուհին:
Հետախոյզ մրջիւնները ուտելիք կը փնտռեն. անոնք տերեւները կամ ծաղիկներուն թերթերը կը կտրտեն եւ սունկեր կը մշակեն:
Հնձողները այդ բոլոր ուտելիքները մրջնոց կը բերեն: Անոնք կրնան իրենց ծանրութենէն 50 անգամ աւելի ծանրութիւն շալկել[1]:
Թագուհին բոլոր մրջիւններուն մայրն է: Սակայն անոր պաշտօնը միայն հաւկիթները ածելն է: Մրջիւններուն մօտ պետ չկայ: Իւրաքանչիւրը գիտէ` ի՛նչ պէտք է ընէ իր քովի մրջիւնին նայելով:
Բոլոր մրջիւնները քոյր-եղբայր են եւ իրարու շատ կ'օգնեն:
Մրջիւնները գրեթէ իրենց գլխուն ետեւը կրնան տեսնել: Անոնց տեսողութեան անկիւնը կը հասնի մինչեւ 300 աստիճանի: Բայց, հակառակ ասոր, անոնց տեսողութիւնը տկար է: Անոնք իրարու հետ կը հաղորդակցին եւ կ'ուղղուին իրենց մարմինին մէջ արտադրուած նիւթի մը շնորհիւ: Միւս մրջիւնները կրնան այդ նիւթին հոտը առնել իրենց շօշափուկներով[2]:
Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]