Jump to content

Մտաբուժութիւն

Մտաբուժութիւն (հին հուն. ψυχή — «հոգի», «ոգի» + θεραπεία — «բուժում», «առողջացում», «դեղ»), բուժիչ ազդեցութիւն է մարդու հոգեկանի եւ ողջ կազմութեան վրայ՝ հոգեկանի միջոցով։ Մտաբուժութեան նպատակն է ազատել մարդը տարաբնոյթ անձնային, հուզական, վարքային, սոցիալական եւ այլ տեսակի խնդիրներէն եւ վտանգներէն։ Մտաբուժութիւնը կ'իրականացուի յատուկ եւ տարատեսակ մեթոտներու եւ ձեւերու միջոցով՝ կախուած վերջաւորութեան ուղղուածութենէն։

Մտաբուժութիւնը հարկաւոր է տարբերակել հոգեբուժութենէն եւ հոգեբանութենէն։

Այսօր աշխարհի մէջ գոյութիւն չունի «մտաբուժութեան» մէկ միասնական սահմանում։ Սակայն մտաբուժութեան եւրոպական համընկերակցութեան ջանքերով EAP եւրոպական երկիրներուն մէջ մեծ աշխատանքներ կը տարուին մտաբուժութեան մասին Եւրամիութեան օրէնքներու կանոնաւորման ուղղութեամբ՝ համաձայն մտաբուժութեան Սթրասպուրկեան հռչակագրին Strasbourg Declaration on Psychotherapy of 1990 Archived 2013-10-21 at the Wayback Machine. հասկացութեան։ Նշուած փաստաթուղթը հակիրճ եւ յստակ կը ներկայացնէ մտաբուժութեան ժամանակակից հասկացութիւնը.

Սթրասպուրկեան հռչակագիրը։
  1. Մտաբուժութիւնը յատուկ կրթութիւն է, որ զբաղուած ազատ եւ անկախ մասնագիտութիւն է;
  2. Հոգեբուժական կրթութիւնը կը պահանջէ բարձր մակարդակի տեսական եւ դարմանական պատրաստուածութիւն;
  3. Բուժական մեթոտներու բազմազանութիւնը երաշխաւորուած է;
  4. Կրթութիւնը հոգեբուժական մեթոտներէն որեւէ մէկուն ոլորտի մէջ կ'իրականացնէ ամբողջական ձեւով. ան իր մէջ կը ներառէ՝ տեսութիւնը, անձնային բուժական փորձը եւ անհատական փորձառութիւնը՝ վերահսկիչի գլխաւորութեամբ, միաժամանակ ձեռք կը բերեն գիտելիքներ այլ մեթոտներու մասին;
  5. Այդպիսի կրթութիւն ստանալու համար անհրաժեշտ է ունենալ նախնական կրթութիւն, մասնաւորապէս մարդկայնական եւ հասարակական գիտութիւններու ոլորտին մէջ։

Հոգեվերլուծութիւն եւ հոգեվերլուծական մտաբուժութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոգեվերլուծութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոգեվերլուծութիւն (գերմաներէն՝ Psychoanalyse), աւստրիացի ջղաբան Սիկմունդ Ֆրոյտի կողմէ 19-րդ դարու վերջը – 20-րդ դարու սկիզբը մշակուած հոգեբանական տեսութիւն, ինչպէս նաեւ այդ տեսութեան վրայ հիմնուած հոգեկան խանգարումներու բուժման ուժեղ մեթոտ[1]։ Յետագային հոգեվերլուծութիւնը ընդլայնուած է, քննադատուած եւ զարգացած տարբեր ուղղութիւններով գլխաւորաբար Ֆրոյտի նախկին անդամակիցներուն կողմէ, որոնց շարքին Ալֆրետ Ադլերը, Գարլ Գուստավ Յունգը, իսկ յետագային նեոֆրոյտիստներուն կողմէ՝ Էրիխ Ֆրոմմի, Կարեն Հորնիի, Հարի Սթեք Սալիվանի եւ Ժագ Լագանի։

Գոյացական մտաբուժութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գոյացական մտաբուժութեան նպատակն է օգնել մարդուն վերագտնել իր կեանքի իմաստը, բացայայտել անոր մէջ թաքնուած այն հնարաւորութիւնները, որոնք կ'օգնեն անոր յետագայի կեանքի աւելի ճիշտ կառուցման հարցերուն մէջ։ Գոյապաշտներու կարծիքով մարդ կրնայ հասկնալ իր կեանքի իմաստն ու նշանակութիւնը միայն այն պարագային, երբ դուրս գայ սեփական «Ես»ի սահմաններէն եւ սեփական անձի վրայ անընդհատ կեդրոնանալու փոխարէն համագործակցի այլ մարդկանց հետ՝ ձգտելով միշտ օգնել անոնց։ Եթէ մարդ կը ցանկայ ապրիլ աւելի լիարժէք կեանքով եւ ըլլալ հոգեպէս աւելի առողջ, ան պէտք է ձգտի քիչ կեդրոնանալ իր ներքին ապրումներուն վրայ եւ զբաղիլ գործունեայ ու օգտակար որեւէ գործունէութեամբ։ Աւելի պարզ՝ մարդու հիմնական ձգտումը կը կայանայ իր գոյութեան իմաստը գտնելու եւ հասկնալու մէջ։ Եթէ այս մէկը չյաջողի ընել, ապա մարդս կը յայտնուի պատրանքի մէջ (դատարկութեան եւ անիմաստ գոյութեան զգացում)։ Ֆրանքլը կը կարծէր, որ մարդը հարցեր չառաջադրէր կեանքի իմաստի վերաբերեալ, այլ կեանքն է որ զայն կ'առաջադրէ մարդուն, եւ վերջաւորութեան ստիպուած է պատասխանել անոր ո՛չ թէ խօսքերով, այլ գործերով։ Ան կը հաւաստիացնէր, որ ալքոհոլամոլներու 90%-ը եւ թմրամոլներու 100%-ը այդպիսին կը դառնան, իրենց կեանքին իմաստը չգտնելու կամ զայն կորսցնելու պատճառով։ Մարդիկ նման կախուածութիւններու մէջ կ'իյնան այդ գոյացական վաքիումը «բաւարարուածութեան պատրանքով» լեցնելու անհրաժեշտութենէն դրդուած։ Այսինքն, կեանքէն չստանալով իրական բաւարարուածութիւն՝ մարդը զայն կը փոխարինէ պատրանքային բաւարարուածութեամբ, որու արդիւնքով խնդիրները այդպէս ալ կը մնան չլուծուած, իսկ բաւարարուածութեան պատրանքները կը շարունակուին այնքան ժամանակ, որքան մարդ կը գտնուի ալքոհոլի կամ թմրանիւթերու ազդեցութեան տակ։ Եթէ նոյնիսկ իր կեանքի իմաստը չգտած կամ կորսնցուցած մարդը ալքոհոլական կամ թմրամոլ չդառնար, ապա, միեւնոյնն է, ան կ'ունենայ շարք մը հոգեբանական խնդիրներ, կը սկսի փնտռել կարճաժամկէտ հաճոյք պատճառող զբաղմունքներ՝ այդպէս փորձելով ազատիլ սեփական գոյութեան անիմաստութեան զգացումէն։ Ընդ որում, տեղի կ'ունենայ յարակարծական ընթացք՝ անդրադարձութիւն, ուշադրութեան կեդրոնացում սեփական անձի վրայ՝ երջանկութիւն գտնելու յոյսով, սակայն իրականութեան մէջ ան աւելի ու աւելի զինք կը հեռացնեն դէպի երջանկութիւն տանող ճանապարհէն։

Գոյացական մտաբուժութեան կողմնակիցները կը պնդեն, որ գոյութեան իմաստի ձեռքբերումը հասանելի է իւրաքանչիւր բնական մարդու՝ անկախ սեռէն, տարիքէն, միտքէն, բնաւորութենէն, ընկերային կարգավիճակէն, կրօնական եւ գաղափարախօսական համոզմունքներէն։ Ընդ որում, անոնք կը նշեն, որ ատիկա անհնար է մարդուն սորվեցնել, քանի որ գոյութեան իմաստը միշտ անհատական բնոյթ կը կրէ եւ իւրաքանչիւր մարդ ինքնուրոյն պէտք է գտնէ կամ հասկնայ զայն՝ չխուսափելով իր կեանքի իմաստաւորման համար պատասխանատուութեան ստանձնումէն։ Գոյացական մտաբուժութիւնը մարդոց կ'օգնէ հասկնալու իրենց կեանքի իմաստը, ձեռք բերել ներքին ազատութիւն, պատասխանատուութիւն կրել սեփական կեանքի համար, զգալ սեփական անձի անկրկնելիութիւնը, սորվիլ համագործակցիլ այլ մարդկանց հետ՝ չկորսնցնելով սեփական անկախութիւնը։ Անիկա նաեւ մարդոց կ'օգնէ պատասխաններ գտնել կեանքի եւ մահուան հետ կապուած հարցերու վերաբերեալ, ընդունիլ իրենց մնացեալ կեանքը, յաղթահարել մահուան վախը, վերագտնել սեփական գոյութեան իմաստը եւ հասկնալ, որ կեանքը իրականութեան մէջ չափազանց լաւն է զայն անիմաստ համարելու համար։

Ճանաչողական-վարքաբանական բուժում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճանաչողական-վարքաբանական բուժումը ընդհանուր, հաւաքական եզրոյթ է շարք մը հոգեբուժական ուղղութիւններու համար, որոնց հիմքը կը կազմէ այն գաղափարը, որ հոգեբանական խաթարումները կ'առաջանան անբանաւոր պատկերացումներու եւ դիրքորոշումներու արդիւնքով. այս մէկը հակիրճ կը սահմանէ, սակայն իրականութեան մէջ ճանաչողական եւ վարքային դասակարգող բուժական ուղղութիւններու միջեւ կրնան ըլլալ բաւական մեծ տարբերութիւններ։

Ճանաչողական բուժում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճանաչողական բուժումի հիմնադիրն է Աարոն Բեկը։

Ճանաչողական-յղացական վարքային բուժում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալպերթ Էլլիսը 1950-ականներէն ի վեր մշակած եւ զարգացուցած է Ճանաչողական-յղացական վարքային բուժումը։ Ան բազմաթիւ մրցանակներու արուեստագէտ, աւելի քան 600 գիտական յօդուածներու, գիրքերու եւ լուսաբանումներու հեղինակ, Ալպերթ Էլլիսը 1982 թ-ին ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի հոգեբաններու մասնագիտական միութեան կողմէ ճանչցուած է պատմութեան երեք ամէնէն ազդեցիկ հոգեբուժներէն մէկը (հարկ է նշել, որ եռեակի միւս անդամներն են Գարլ Ռոճըրզը եւ Սիկմունդ Ֆրոյտը[2]։

Տիալեքդիկական բուժում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճանաչողական-յղացական բուժում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճանաչողական-յղացական բուժումը (Cognitive Conceptual Therapy) իւրայատուկ հոգեբուժական մօտեցում է, որ կը զարգացնէ ճանաչողական եւ վարքային բուժումներու, մասնաւորապէս բանական-յուզումնային վարքային բուժումի, փիլիսոփայութեան, ճանաչողական լեզուաբանութեան եւ նեյրոգիտութեան կիզակէտին մէջ։ Ճանաչողական-յղացական բուժումի տեսամեթոտաբանական հիմքը կը կազմեն յունական եւ հռոմէական ստոյիկներու աշխատանքները, Պարմենիդես Էլեացիի գաղափարները գոյի ճանաչելիութեան վերաբերեալ, Բրոթագորասի գաղափարները առարկաներու հոսունութեան մասին, հին յունական կիրենայիկներու հայեացքները՝ ճանաչողութեան եւ ընկալման մասին, Ժ.Պ.Սարտրի "հիմնարար նախագիծը", Գ.Բաշլեարի նէոռէալիզմը, Կ.Փոփփերիի երեք աշխարհներու տեսութիւնը, Ռ.Աւենարիուսի էմպրիոքննադատութիւնը եւ Ջ.Վիկոյի գաղափարները, Վ.Սահակեանի փիլիսոփայական հոգեբուժական տեսութիւնը, Ջ.Քելլիի անձնային կառոյցներու տեսութիւնը, Ա.Ն.Լեոնտեւի անձնային իմաստներու տեսութիւնը, Ս.Մոսկովիչիի սոցիալական պատկերացումներու մասին տեսութիւնն ու Շ.Նադիրաշվիլիի սոցիալական դիրքորոշման տեսութիւնը[3][4][5]։ Պատրաստումը եւ վերապատրաստումը Ճանաչողական-յղացական բուժումի ոլորտին մէջ կ'իրականացնէ համապատասխան կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ մարզանքներու ծրագիրներու միջոցով[6][7]։

Կեշդալդ բուժում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեշդալդ բուժումը հոգեբանական փորձառութեան բաւական հետաքրքիր ու կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է։ Անիկա կոչուած է ընդլայնելու մարդու գիտակցութիւնն ու անոր միջոցով աւելցնելու ներանձնային ամբողջականութիւնը, կեանքի լեցունութիւնն ու արտաքին աշխարհի եւ մարդոց հետ հաղորդակցման կարողութիւնը։ «Կեշդալդ» կը նշանակէ ձեւ, պատկեր։ Հոգեբանութեան մէջ այդ բառով կը հասկնան մասերու մենայատուկ կազմաւորումը, որ հանդէս կու գայ մէկ ամբողջութեան տեսքով։ Կեշդալդ - հոգեբանութեան տեսական բացայայտումները գործնական դաշտ մտցուց Ֆրից Պերլզը։ Կեշդալդ՝ հոգեբանութիւնը կը համարէ բուժական համաշխարհային մեթոտ, որ կիրառելի է մարդկային խնդիրներու բաւական լայն լուսապատկերի համար։ Թուարկենք Կեշդալդ - բուժման կիրառման որոշ բնագաւառներ.

  1. դարմանական մտաբուժութիւն,
  2. ընտանեկան մտաբուժութիւն,
  3. անձնային աճի կամ հաղորդակցման բարելաւման ձգտող մարդոց համար նախատեսուած մարզանքներ (օրինակ՝ մանկավարժներու, տնօրէններու),
  4. Կեշդալդ - մանկավարժութիւն, կազմակերպութիւններու խորհրդատուութիւն եւ այլն։

Կեշդալդ–բուժումի գլխաւոր նպատակը սեփական միտքերու, ցանկութիւններու, նպատակներու, ինչպէս նաեւ արտաքին աշխարհին կարելի եղած չափով լաւ գիտակցումն է։ Փորձերը ցոյց կու տան, որ մարդ ենթագիտակցաբար կ'ընտրէ այն, ինչ իրեն հետաքրքիր է։ Հետաքրքրութեան առարկայ կրնայ հանդիսանալ որեւէ պատկեր կամ զգացողութիւն, իսկ մնացած ամէն ինչ ֆոնի կը վերածուի։ Կեշդալդ - բուժումը կ'օգնէ մարդկանց սեփական անձին մէջ անընդհատ նոր միջոցներ փնտռելու ու գտնելու, զգալու շրջապատող աշխարհի եւ սեփական ներաշխարհի նոր եզրերը։ Այդ պատճառով Կեշդալդը ո՛չ թէ ուղղակի հոգեբուժական մեթոտ է, այլ աստիճանաբար փոխակերպող կենսակերպ։

Անցք-վերլուծութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարային-շարժողական բուժում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարային-շարժողական բուժումը զբաղմունք է անոնց համար, որոնք ո՛չ միայն ուղղակի կը փափաքին պարել սորվիլ, այլեւ կ'ուզեն պարի միջոցով ճանչնալ իրենք զիրենք։ Այս մարզանք է, ուր կարելի է զգալ սեփական մարմինի ազատութիւնն ու ճկունութիւնը, սորվիլ զգալ եւ հասկանալ շարժումներու լեզուն։ Պարային-շարժողական բուժումի ձեւաչափով պարապմունքները կրնան ինքն իր վրայ տարուող աշխատանքներու այլ տեսակներու՝ եոգայի, ֆիթնեսի, մտավարժութեան (մետիդացիա) եւ այլնի այլընտրանք ըլլալ։ Պարապմունքները յարմար են անոնց համար, որոնք յոգնած են կրկնել որեւէ իմաստ չպարունակող վարժութիւններ՝ փքել մկանները, ինչ միշտ չէ որ կը նպաստէ կազմութեան առողջացման, որու համար բարդ կը կատարէ եոգայի ասանաները։ Վերջապէս, անոնց համար, որ ուղղակի կը ցանկայ հաճոյք ստանալ շարժումէն, զգալ սեփական մարմինի գեղեցկութիւնն ու կեանքի ուրախութիւնը։

  1. Ի՞նչ կրնան մեզի տալ պարային-շարժողական բուժումի պարապմունքները։
  2. Ի՞նչ կրնանք այնտեղ սորվիլ։
  3. Ի՞նչ հնարաւորութիւններ ու միջոցներ կրնանք գտնել

Ահա քանի մը հարց, որոնց կը փորձենք պատասխանել այս յօդուածին մէջ։

Կարեւոր հնարաւորութիւններէն մէկը մարմինի զգայունութեան զարգացումն է։ Ո՛չ միայն ինքն իր եւ իր զգացողութիւնները, այլեւ շրջակայքն ու մարդկանց զգալու ունակութիւն ձեռք բերելն է։ Ամէն մէկ պարապմունքէն մենք կը ստանանք այդ փորձը, որ ներդաշնակօրէն կ'իւրացնէ ու հեշտօրէն կ'օգտագործէ կեանքի մէջ։

  1. Պարի միջոցով մենք կրնանք աւելի լաւ ճանչնալ ո՛չ միայն մեր մարմինը, այլեւ մեր վարքագիծի առանձնայատկութիւնները։ Ի վերջոյ, մեր մօտ սովորութիւն դարձած շարժումները կ'արտացոլեն մեր վարուելակերպի առաւել յաճախ օգտագործող մեթոտները։ Արդեօ՞ք մենք միշտ ճիշտ կը գործենք։ Արդեօ՞ք մեր բոլոր սովորութիւնները մեզի համար օգտաւէտ են։ Պարապմունքներու ընթացքին կարելի է ոչ միայն գիտակցիլ զանոնք, այլեւ փոխել՝ նոր հետաքրքիր շարժումներ որոնելով։
  2. Պարի միջոցով մենք կրնանք դառնալ աւելի յաջողակ։ Ինչպէ՞ս։ Կարո՞ղ ենք մենք արդեօք վտանգի երթալ, սխալներ գործել, դրուած նպատակներուն հասնիլ։ Ինչպէ՞ս կը վերաբերինք մեր անյաջողութիւններուն հետ։ Պարելով՝ մենք կը ստանանք այդ անգին փորձը։ Մենք կը սորվինք նկատել մղումները, որոնք մեզի կը դրդեն սկսիլ շարժումը։ Մենք կրնանք իյնալ եւ հասկնալ, թէ ինչպէս բարձրանալ։ Մենք կը սորվինք սխալիլ եւ այդ սխալները վերածել օգտակար ու հաճելի իրավիճակներու։
  3. Պարի միջոցով կարելի է ծանօթանալ սեփական յոյզերու ու միտքերու հետ։ Արդեօ՞ք անոնք բոլորը կ'ենթարկեն մեզի։ Անոնք բոլո՞րն են հաճելի ու օգտակար։ Գուցէ անոնցմէ ոմանք այլեւս կարեւոր չեն եւ չարժէ՞ր անոնցմէ կառչիլ։ Մենք կրնանք սորվիլ հեշտօրէն հրաժարիլէն իրավիճակներէն ու մարդոցմէ, հասկնալ, թէ երբ պէտք է իրավիճակը զգալ, գտնուիլ անոր մէջ, իսկ երբ կարելի է զայն ուղղակի դիտել որպէս կինոնկար եւ ամէնակարեւորը՝ մենք կը կարողանանք իրագործել։ Պարի մէջ մենք հնարաւորութիւն ունինք հետազօտել շրջապատող մարդոց հետ մեր կապը։ Ինչպէ՞ս մարդոց հետ հաղորդակցինք այնպէս, որ հաճոյք պատճառենք մենք մեզի ու միւսներուն։ Որքանո՞վ մեզի օգտակար է մարդու հետ հաղորդակցիլը։ Հիմա մեզի պէ՞տք է արդեօք այդ շփումը։ Ի՞նչ կարելի է ընել մեր փոխգործակցութիւնը բարելաւելու համար։ Այս միայն հարցերու այն փոքր մասն է, որոնց պատասխանները կարելի է բացայայտել պարի մէջ։ Եւ վերջապէս, պարապմունքները կրնան ըլլալ առողջարար։ Երբ մենք կը շարժինք, կը բարելաւուի արեան շրջանառութիւնը։ Կը սկսինք աւելի լաւ զգալ մեր մարմինը, այն թէ ինչ տեղի կ'ունենայ վերջաւորութեան հետ եւ ինչո՞ւ։ Կը ծանօթանանք մեր տհաճ զգացողութիւններուն հետ։ Ինչի՞ համար մեզի պէտք են անոնք։ Ո՞րն է մեր ապառողջութեան պատճառը։ Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել մենք մեզի։ Ազատ մարմինի մէջ ազատ հոգի։ Ընդհանուր առմամբ, պարի միջոցով սեփական էութեան խորքերը տանող բացառիկ այս ճանապարհորդութիւնը մեզի թոյլ կու տայ դառնալ աւելի ամբողջական, ձեռք բերել շարժումներու ազատութիւն (ե՛ւ ֆիզիքական, ե՛ւ հոգեբանական), սորվիլ ըլլալ իրական ու իսկական, ժամանակի իւրաքանչիւր պահին դառնալ աւելի գիտակից, բանալ մանկութենէն ներդրուած ներքին միջոցներն ու իրականացնել զանոնք։ Մենք կրնանք պարել, քանի որ կ'ուզենք ըլլալ ազատ, վստահ մեր հնարաւորութիւններուն մէջ, կը ցանկանք պարի միջոցով բացայայտել մեր ստեղծագործական ներուժը։ Մենք բոլորս նկարիչներ ենք, որ կը նկարէ ԻՐ պարը եւ պարի միջոցով ուզած է փոխել ԻՐ կեանքը։

Զգայակեդրոն շարժողական բուժումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զգայակեդրոն շարժողական բուժումը իւրայատուկ հոգեբուժական մեթոտ է, որ կը զարգացնէ պարային-շարժողական բուժումի, արեւելեան մարտարուեստներու եւ մտախոհութեան կիզակէտին մէջ։ Զգայակեդրոն շարժողական բուժումը նախատեսուած է հիմնական սննդային, սննդառութեան վարքի եւ մարմնի պատկերի խանգարումներու (տիսմորֆոֆոպիա) բուժումի համար[8]։

Մտաբուժութիւնը որպէս հաղորդակից

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընդունուած է նաեւ մտաբուժութիւնը դիտարկել որպէս հաղորդակցման իւրայատուկ տեսակ[9][10]։

Իրականացման ձեւաչափերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մտաբուժութիւնը այսօր կ'իրականացնէ առկայ եւ առցանց (online) ձեւաչափերով։

Հետազօտական փաստեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շարք մը հետազօտութիւններու արդիւնքով պարզուած է, որ մտաբուժութիւնը կրնայ առաջացնել նաեւ կենսաբանական փոփոխութիւններ գլխուղեղին մէջ[11]։

Միջազգային մասնագիտական կառոյցները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մտաբուժութեան հեղինակաւոր միջազգային կառոյցներէն են Մտաբուժութեան համաշխարհային խորհուրդը[12] եւ Մտաբուժութեան եւրոպական միութիւնը։

  1. Harmonia.am/ www.harmonia.am
  2. Психотерапевтическая энциклопедия / Под ред. Б.Д. Карвасарского. 2-е издание. — СПб, 2000.
  3. Beck, A.T., Cognitive Therapy and the Emotional Disorders. Intl Universities Press, 1975.
  4. Craighead, W.E & Nemeroff C.B. (2004) (Eds.). The Concise Corsini Encyclopedia of Psychology and Behavioral Science. New Jersey։ Wiley.
  5. Ellis, A. & Dryden, W. (2007). The Practice of Rational Emotive Behavior Therapy. NY։ Springer.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Psychoanalysis, հոդուած Բրիտանիկա հանրագիտարանին մէջ։
  2. Ալպերթ Էլլիսի մասին
  3. Бегоян А.Н. Античнофилософские истоки концептуальной психотерапии // Философские вопросы естественных, технических и гуманитарных наук: сборник статей Международной научной конференции: в 5 т. / под ред. Е.В.Дегтярева, Д.А.Теплых. – Магнитогорск: МаГУ, 2009. – Вып. 4. – Т.3. – 155 с.; с. 141-145.
  4. Бегоян А.Н. Введение в концептуальную психотерапию // Психотерапия, №6 (90) 2010г.; стр. 50-54.
  5. Бегоян А.Н. Анатомия психотравмы: боль, болезнь и исцеление // Психотерапия, №5 (125) 2013г.; стр. 59-62.
  6. "Իրականութեան ճանաչողական կառուցումը. երեք արուեստի հմտութիւն Ճանաչողական-յղացական բուժումէն" կարճատեւ մարզանքային ծրագիր
  7. "Ճանաչողական-յղացական բուժում" երկարաժամկետ թրեյնինգային ծրագիր
  8. Бегоян А.Н. Двигательная сенсор-центрированная терапия: коррекция пищевого поведения и избавление от лишнего веса // «Психология телесности: теоретические и практические исследования» (24-28 января 2011 года): Сборник статей IV международной научно-практической конференции / Под ред. Буренковой Е.В. – Москва: МГППУ, 2011. – 101с.; с. 4-6.
  9. Walker, W.R. (2002) In Hersen, M. & Sledge, W.H. (2002). Encyclopedia of Psychotherapy. Vol. 2, Elsevier Science.
  10. Бегоян А.Н. Психотерапия как коммуникация: краткое описание участников и коммуникационные средства психотерапии // Роль профилактики и реабилитации в обеспечении качества жизни населения на современном этапе. Материалы Международной научно-практической конференции, 26 сентября 2013 г. Махачкала: ИП Овчинников (АЛЕФ), 2013. – 333 с.; сс. 170-173.
  11. Психотерапия может вызывать биологические изменения
  12. World Council for Psychotherapy