Եգիպտացի պաշտօնավարած է Փոքր ԱսիոյԿութինա (Քէօթահիա) քաղաքի Հռոմէական բանակի մէջ։ Սակայն տեսնելով շրջապատի ապականութիւնը, կռապաշտութիւն, աշխարհի մէջ տիրող անարդարութիւնն ու չարութիւնը՝ կ'որոշէ նուիրուիլ անապատական կեանքին։ Ատեն մը ճգնելէ եւ հոգեւոր կեանքի մէջ զարգանալէ ետք երբ կ'իմանայ, որ արդէն իսկ ելած է Դիոկղետիանոսի հալածանքի հրահանգը ևւ հարիւրներով քրիստոնեաներ կը նահատակուին, ինքն ալ մարտիրոսութեան պսակին արժանանալու համար քաղաք կ'իջնէ եւ կը յայտարարէ իր քրիստոնեայ ըլլալը։ Կը ձերբակալուի ու կ'ենթարկուի ծանրագոյն չարչարանքներու։ Ի վերջոյ կը գլխատուի 303-ին, իսկ մարմինը կ'այրուի։ Իր աճիւնները կը հաւաքուին ու կը դրուին յատուկ դամբարանի մը մէջ, որուն վրայ հետագային կը կանգնի փառաւոր եկեղեցի մը, ու կը դառնայ մեծ ուխտատեղի մը։